Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրին 94-Ամեակին Առիթով. «Սեւրի Պարտամուրհակը Պէտք Է Տեղափոխել Իրաւական Դաշտ» Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան

August 9, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0808_sevre

Լենա Պալեան
Լենա Պալեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 8 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեւրի դաշնագիրին 94-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց Լենա Պալեան: Սեւրի դաշնագիրին հակիրճ պատմականը ներկայացնելով` Պալեան շեշտեց այս դաշնագիրին պատմական կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ, մանաւանդ իւրաքանչիւր դաշնակցական մեծ գործ ունի կատարելիք այս գծով, սրբազան աշխատանք` ամբողջական Հայաստանի իրականացման համար: Ապա ան թուեց օրուան յայտագիրին գլխաւոր կէտերը:

Օրուան բանախօսն էր Մելիք Գարագաւորեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Սեւրի դաշնագիրին կնքումը կանխած պատմական պայմանները, որոնց շնորհիւ 10 օգոստոս 1920-ին Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ կնքուեցաւ հայկական հարցի միջազգային ճանաչման կարեւորագոյն դաշնագիրը: Սեւրի դաշնագիրը իրաւական կարեւորագոյն յուշագիրն է, նշեց ան, շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Սեւրի պարտամուրհակը տեղափոխել իրաւական դաշտ:

Մելիք Գարագաւորեան
Մելիք Գարագաւորեան

Գարագաւորեան թուեց Սեւրի դաշնագիրի ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք կնքուած միջազգային գլխաւոր վեց դաշնագիրները` Պրեսթ-Լիթովսքի, Սեւրի, Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի, Կարսի եւ Լոզանի դաշնագիրները, որոնցմէ միայն Սեւրի դաշնագիրը իրաւականօրէն միջազգային ճանաչում եւ վաւերականութիւն ունի: Ապա ան թուեց Սեւրի դաշնագիրին Հայաստանի վերաբերող յօդուածները: «Սեւրի դաշնագիրին պատմական մեծագոյն ծառայութիւնը Հայկական հարցին համար այն էր, որ աշխարհ պաշտօնապէս ճանչցաւ իր հայրենիքին, Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի իրաւաքաղաքական իրաւունքները», հաստատեց Մելիք Գարագաւորեան:

0808_sevre30808_sevre6Մէջբերում մը կատարելով Սեւրի դաշնագիրին մօտ անկախ Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանէն` ան նշեց, որ Հայաստանի պատուիրակութեան խնդրանքով, Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ստանձնեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու վճռումը: «Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ազգովին պէտք է պահանջենք Սեւրի գործադրումը եւ մերժենք Հայաստան – Թուրքիա համաձայնութեան ծրարը», ըսաւ Գարագաւորեան` յիշեցնելով, որ 24 յուլիս 1923-ին կնքուած Լոզանի դաշնագիրը ոչ միայն կը հակասէ Սեւրի պայմաններուն, այլ` ոչ մէկ ձեւով կ՛անդրադառնայ Սեւրով ճշդուած Հայաստանի հողատարածքին վրայ Թուրքիոյ տիրապետութեան:

0808_sevre40808_sevre50808_sevre7Գարագաւորեան շեշտեց, որ Թուրքիա դէպի խորտակում եւ մինչեւ իսկ անդամահատում պիտի ընթանայ, եթէ չհրաժարի իր համաթրքական եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութենէն, եթէ չսրբագրէ իր անցեալի սխալը, եթէ վերատեսութեան չենթարկէ իր քաղաքականութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի «զերօ հարց» ուղեգիծը կ՛իրականանայ` սկսելով Սեւրի դաշնագիրի թիւ 88-էն 93 յօդուածներուն գործադրումով», ընդգծեց Գարագաւորեան (Մելիք Գարագաւորեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, ուր Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի վրայ նուագեց «Ծիծեռնակ»-ը եւ Սարին Փոլատեան ասմունքեց: Նմանապէս` Մանուկ Մինասեան, Աւօ Ասլանեան եւ Գառնիկ Սարգիսեան անջատաբար ելոյթ ունեցան ազգային-յեղափոխական երգերով` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ հայկական թագաւորութեանց եւ Սեւրի դաշնագիրին ակնարկող տեսերիզ մը:

Ներկաներուն բաժնուեցաւ օրուան խորհուրդը փոխանցող յատուկ թռուցիկ մը եւ խտասալիկ մը:

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Նախավերջին Օրը

Յաջորդը

Սլաք. Անմտութիւն Բուրող Հնարք Մը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.