Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին

August 11, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0810hmem10 օրեր Արագածի լանջերուն` Բիւրականի մէջ բանակելէ ետք, 9 օգոստոսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը հասաւ իր աւարտին: Աւելի քան 750 բանակողներ 10 անմոռանալի օրեր անցուցին հայրենիքի մէջ` հաղորդակից դառնալով հայրենի օդին եւ ջուրին հետ եւ իրենց կառչածութիւնն ու հարազատութիւնը ամրապնդելով հայրենիքին նկատմամբ:

Բանակումի վերջին օրը ընթացք առաւ շրջաններուն միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով: Յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք, Երեւան գտնուող ծնողներ եւ բարեկամներ այցելեցին բանակավայր, ուր ներկայ գտնուեցան փակման պաշտօնական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:30¬ին: Բանակումին մասնակիցները տողանցքով մուտք գործեցին նորակառոյց բանակավայր: Փակման հանդիսութեան ներկայ էին Արագածոտնի փոխմարզպետ Մուշեղ Աբգարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամները:

Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան արժեւորելէ ետք Արարատեան կարգի աշխատանքները, այդ կարգի դասընթացքին մասնակիցները հրաւիրեց ստանալու իրենց կարգերը` Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ձեռամբ:

0810hmem1Ապա կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` շրջաններու պատուիրակութիւնները գլխաւորողներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան բանակումի խմբապետական կազմի անդամներուն:

Կարպիս Գապասագալեան յիշատակեց Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ եւ բազմամեայ անդամ Միհրան Շիմշիրեանի կորուստը, եւ իր անուան մրցանակը յանձնուեցաւ բանակումի քայլերգի հեղինակ Կարինէ Սիսեռեանին:

Ելոյթներ ունեցան Արագածոտնի մարզի փոխմարզպետը, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Օշին Փիրումեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որոնք շեշտեցին Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն միջոցով հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ եկած երիտասարդներուն միջեւ կապուածութեան ամրապնդման իրողութիւնը:

Աւարտին դրօշները վար առնուեցան` «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ, չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով: Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան բանակումի դրօշը փոխանցեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ Վաչէ Նաճարեանին, որ պաշտօնապէս յայտարարեց բանակումին փակումը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Յաջորդը

Զրոյց` Ասպետ Գոչիկեանի Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։