Արցախի Նախագահը Աշխատանքային Այցելութեամբ Հասած Է Ֆրանսա
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ֆրանսա: Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է Ֆրանսայի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած հեռախօսամարաթոնի կեդրոն, հանդիպած հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներուն եւ գործին մէջ ընդգրկուած երիտասարդ կամաւորներուն հետ: Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնած...



















