Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ գրառում կատարած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած ազրպէյճանական սադրանքին մասին: Նշենք, որ 20 յունուարին, թշնամին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային հատուածին մէջ դիմած է հերթական սադրանքի` անօդաչու թռչող սարքէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ կիրարկելով ականանետի արկ:
«Քրաքովեան հանդիպումէն ետք Պաքուն կը կիրարկէ վստահութեան մեքանիզմները: Ազրպէյճանական անօդաչու սարքը ականանետ կիրարկած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, բարեբախտաբար, զոհեր չկան: Ինչպիսի՜ կառուցողական դրացի ունինք, ես արդէն «կը վստահիմ» Ազրպէյճանին», հեգնական գրառում կատարած է Արտակ Բեգլարեան: