Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը, որուն աւարտէն ետք ՀՀԿ մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: Ան նախ նշեց, որ նիստին ընթացքին ՀՀԿ-ն քննարկած է Հայաստանի չորրորդ նախագահի թեկնածութեան հարցը:
«Մենք քննարկած ենք մէկ թեկնածուի հարցը, եւ կը կարծենք, որ այդ թեկնածուն լաւագոյնս կրնայ ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ատեաններուն մէջ, ունի երկար աշխատանքային փորձ, լայն կապեր, մտաւոր բարձր կարողութիւններ, լեզուներու իմացութիւն, դրական հեղինակութիւն թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Ասիկա այն թեկնածուն է, որուն շուրջ հաւանական է հասնիլ որոշակի լայն համաձայնութեան Հայաստանի քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան հետ», ըսաւ Շարմազանով: Ան նշեց, որ այդ թեկնածուն առաջադրուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
«Վաղը Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի առաջադրէ մեր թեկնածուն Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի պաշտօնին: Անոր անունը վաղը կը գիտնաք, գործող նախագահը հրապարակային ձեւով պիտի առաջարկէ այդ թեկնածութիւնը», ըսաւ Շարմազանով: Ան աւելցուց, որ ան անսպասելի թեկնածու չէ, անոր մասին արդէն խօսուած է մամուլով:



