«Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ հակամարտող կո՞ղմ, թէ՞ Արցախին զօրակցող կողմ` ըսուածին մէջ սխալ բան չկայ, որովհետեւ, եթէ Ազրպէյճան Արցախի վրայ յարձակում կատարէ, ապա Հայաստանն է, որ պիտի ներքաշուի այդ կռիւին մէջ, իսկ եթէ Տենիըլ Քոցը այլ բան ըսած ըլլար, ապա կը նշանակէ, որ ան պէտք է ճանչցած ըլլար Արցախը իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր, ըստ այնմ ալ կը կարծեմ, որ անմիջական հասցէատէր դարձուցած է Հայաստանը. ընդհանուր առմամբ` խնդիրը, վստահաբար, մտահոգիչ է եւ այն, որ շրջանը կրնայ ապակայունանալ` այդ ալ փաստ է», «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տենիըլ Քոցի հրապարակած զեկուցումին այն հատուածը, ուր Հայաստանը կը դիտարկուի ոչ թէ իբրեւ Արցախին զօրակցող, այլ Ազրպէյճանի հետ հակամարտող կողմ:
«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող լարուածութիւնը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու, որոնց մէջ կրնայ ներգրաւուիլ Ռուսիան իր շրջանային դաշնակիցին աջակցելու համար», նշուած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան զեկուցումին մէջ:
Այս ծիրին մէջ Կիրօ Մանոյեան մեծ բացթողում նկատեց այն, որ զեկուցումին մէջ չի խօսուիր այն մասին, որ շրջանի իրավիճակը ապակայունացնողը Ազրպէյճանն է:
«Վտանգի գլխաւոր աղբիւրը Ազրպէյճանն է` անկախ այն հանգամանքէն, թէ զեկուցումին մէջ կը գրե՞ն այդ մասին, թէ՞ ոչ, եւ անոր կը գիտակցին Միացեալ Նահանգները եւ եթէ այս առումով նաեւ քայլեր ձեռնարկուին, ապա ատիկա կը նպաստէ շրջանին մէջ կայունութիւն պահպանելու, այլապէս իսկապէս անհակակշռելի իրավիճակներ կրնան ստեղծուիլ», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:



