Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Խորհրդարանի Անդամներ Կ՛արծարծեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

February 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտական խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի տեղակալ զօր. Եահիա Քիտուանի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարեք Խուլի անցեալ շաբաթ վերստին արծարծած են 1915-ի հայոց կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը:

Երկու երեսփոխաններն ալ վկայակոչած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրինակը եւ եգիպտական խորհրդարանէն պահանջած նմանօրինակ որոշում տալ:

Ըստ Քիտուանիի, անհրաժեշտ է նման քայլ առնել` հակադարձելու համար Թուրքիոյ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, պարզելով, որ Թուրքիոյ շարունակուող սպառնալիքներուն եւ Քաթարի հետ գործակցաբար ահաբեկչութեան աջակցութեան պատասխանելու բոլոր կարելիութիւնները առկայ են:

Խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի տեղակալը աւելցուցած է, որ հայոց կոտորածները պատմական իրողութիւն են, եւ բոլորն ալ պարտաւոր են կեցուածք ճշդել անոր նկատմամբ:

Իր կարգին, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարեք Խուլի «Վեթօ» շաբաթաթերթին յայտարարած է, թէ Եգիպտոս մաս կազմած է այդ իրադարձութիւններուն եւ պատմութեան ականատես է` տրուած ըլլալով, որ հայեր Եգիպտոս ապաստանած են: «Ջարդերէն ճողոպրածներու թոռները կ՛ապրին մեզի հետ, հետեւաբար Օսմանեան պետութիւնը վերակենդանացնելու ծրագիրները պէտք է բացայայտել եւ փշրել Թուրքիոյ հետապնդած ծաւալապաշտական երազները», ըսած է ան:

Ան դիտել տուած է, որ այդ կոտորածը դատապարտելու համար խորհրդարանի երկրորդ գումարումէն մնացած երեսփոխաններէն հաւաքուած ստորագրութիւնները կան, սակայն հոլովոյթը խորհրդարանին մէջ տակաւին չէ ամբողջացած` ընդգծելով յատկապէս հոլանտական խորհրդարանի ճանաչման քայլէն ետք զայն ամբողջացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի միջազգային լայն կեցուածք ձեւաւորուի այս առնչութեամբ:

 

 

Նախորդը

Մինասեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Շուէտի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Մարթինա Քուիկի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Հարցը Քաղաքական Առումով Եւ Մնացած Բոլոր Գործընթացներով Աւարտած Է»

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։