Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարական Տուաւ

October 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն: Այս մասին վարչապետը յայտարարեց Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով:

«Ինչպէս ես ըսած էի, այսօր հրաժարական կու տամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն», նշեց վարչապետ Փաշինեան` աւելցնելով. «Այս հրաժարականի նպատակը սակայն վարչապետի պաշտօնէն հեռանալը, այսինքն` ձեր առջեւ ստանձնած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակն` մեր միասին իրականացուցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդային յեղափոխութիւնը  աւարտին հասցնելը` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցով»:

Անդրադառնալէ ետք ապագային տեղի ունենալիք հաւանական իրադարձութիւններուն` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իմաստով, վարչապետ Փաշինեան աւելցուց. «Խորհրդարանական ուժերը ցոյց տուած են, որ անկախ բոլոր հակասութիւններէն մեր պետութիւնը, անոր կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կարմիր գիծ են նաեւ խորհրդարանական միւս ուժերուն համար, եւ կը հաւատամ, որ անոնք երբեք այդ գիծերը պիտի  չանցնին: Մանաւանդ որ թէ՛ ՀՀԿ, թէ՛ Ծառուկեան դաշինք, թէ՛ ՀՅԴ խմբակցութիւնները հրապարակային յայտարարած են, թէ՛ վարչապետի թեկնածու առաջադրել կամ վարչապետ ընտրելու մտադրութիւն չունին»:

«Նաեւ կ՛ուզեմ Ազգային ժողովի նախկին մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն ըսել, որ մենք, այո՛, քննադատած ենք եւ  կը քննադատենք ձեզ, բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստանի մէջ  թշնամիներ կը փնտռենք կամ պիտի փնտռենք», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Յայտնենք, որ երէկ աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որով կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը` հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

Յաջորդը

Ընդունելով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները` «Բարձր Կը Գնահատեմ ՀՅԴ-ի Գործունէութիւնն Ու Դերը» Շեշտեց Վարչապետ Փաշինեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.