Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Նախագահ Բակօ Սահակեանին Հետ Քննարկեցինք Հարցերու Լայն Շրջանակ»

October 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չէի ուզեր Արցախ իմ այցելութիւնս առանձնացնել իբրեւ հերթական պաշտօնական այցելութիւն». այս մասին  Շուշիի կերպարուեստի թանգարան կատարած այցելութեան «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Արցախ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ քննարկած են հարցերու լայն շրջանակ: «Խօսեցանք Արցախի ներքաղաքական կեանքի, սահմանին տիրող իրավիճակի, ինչպէս նաեւ գործնական բազմաթիւ խնդիրներու մասին: Անդրադարձանք նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան: Ոեւէ մէկը չի կրնար թերագնահատել այդ կառոյցի տարիներու աշխատանքը: Կ՛ակնկալենք, որ հիմնադրամը շարունակէ ո՛չ միայն լաւ գործել, այլեւ ապահովէ նոր որակ: Իբրեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ` ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ կարճ ժամանակի մէջ նոր գործադիր տնօրէնին գլխաւորութեամբ կառոյցը մշակէ ծրագիր, որուն  շնորհիւ հիմնադրամի աշխատանքները հասցնենք աւելի բարձր մակարդակի, որ պիտի նպաստէ քանի մը ամիսներու խափանուած գործունէութիւնը վերականգնելուն», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

«Ամէն անգամ Արցախ գալով` ես զայն կը բացայայտեմ նորովի: Ինչ որ իմաստով ես տուն կու գամ: Այս անգամ այցելած եմ կնոջս հետ եւ մասնակցած Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Բերքի տօն»-ին: Ես այստեղ ո՛չ միայն տեսայ աշխատաւոր մարդու վաստկածը, այլեւ համտեսեցի արցախեան բերք ու բարիքը», նշած է նախագահ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պետական Նախարար Մարտիրոսեան Ընդունած Է «ԱՌԻ» Ընկերութեան Բաժնետէրերը

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Այսօր. Վարչապետ Փաշինեան Հրաժարական Պիտի Տայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.