Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Ուղիղ Առեւտուրի Մեկնարկի Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են

May 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2022 թուականէն շարունակուող յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի դիւանակալական նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի:

«Հայաստանի հետ 2022 թուականէն ի վեր շարունակուող մեր կարգաւորման հոլովոյթին ծիրին մէջ, իբրեւ ձեռնարկուած վստահութեան ամրապնդման քայլերու մաս, մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի վերաբերեալ դիւանակալական նախապատրաստական աշխատանքները 11 մայիս 2026-ի դրութեամբ աւարտած են:

«Երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանուր սահմանի բացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ թեքնիք եւ դիւանակալական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

«Ուժի մէջ մտած նոր կարգաւորման շնորհիւ կարելի դարձած է, որ Թուրքիայէն երրորդ երկիր, ապա Հայաստան տեղափոխուող կամ նոյն ճամբով ժամանող ապրանքներուն համար իբրեւ վերջնական նշանակման կէտ կամ ելքի կէտ նշուի «Հայաստան/Թուրքիա»:

«Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման համար ընձեռուած պատմական կարելիութեան լոյսին տակ` Թուրքիան պիտի շարունակէ նպաստել շրջանին մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան հետագայ յառաջդիման` ի շահ շրջանի բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն», գրած է Քեչելի:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ

Կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երկկողմանի առեւտուր կատարելու արգելքները վերցնելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի հերթական արդիւնքն է: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բանբերի յայտարարութեան մէջ:

«Այս որոշումը էական է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի եւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ընդլայնման, շրջանին մէջ տնտեսական կապակցուածութիւնը խթանելու եւ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման տեսանկիւնէն:

«Ընդգծենք, որ ասիկա կարեւոր քայլ է երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք եւ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ինչ որ կրնայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը ստանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Քըլըչ. «Շրջանին Մէջ Տեւական Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Կարեւոր Քայլ Մը Եւս Կատարուած Է»

Շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը եւս կատարուած է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի առեւտուրի սահմանափակումներու վերացման մասին:

«Մեր յարգարժան նախագահին հրահանգներով, մեր կողմէ իրականացուող Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ, շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ քայլ մը եւս կատարուած է: Կը մաղթեմ, որ ասիկա բարեյաջող ըլլայ նախ եւ առաջ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ մեր շրջանի բոլոր գործարարներուն եւ ժողովուրդներուն համար», գրած է Քըլըչ:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Հրապարակեց Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Գործողութիւններու Ծրագիրի Իրականացման Վերաբերեալ Հայաստանի Յառաջնթացի Առաջին Զեկուցումը

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան ԵԽԽՎ Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.