Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մշուշ, Ժամկէտ Եւ Մինչ Այդ

May 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարածաշրջանին վրայ այնքան քաղաքական մշուշ պատած է, որ իրադարձութիւններու ընթացքին տեսանելիութիւնը փակուած է: Միեւնոյն օրուան մէջ Ուաշինկթընէն կը հնչեն ոչ թէ իրարմէ անջատ ուղղութիւններ պարփակող, այլ ուղղակի զիրար հակասող յայտարարութիւններ: Քանի մը անգամ միջազգային հանրութիւնը իմացաւ, որ պատերազմը աւարտած է: Յետոյ կողմերը մօտ են հիմնարար լուծումի, աւելի ուշ, վերադարձան Իրանը քարտէսէն ջնջելու սպառնալիքները, մինչ շարունակուեցան բանակցային գործընթացի հիմնական կէտերու Թեհրան-Իսլամապատ-Ուաշինկթըն եւ փոխադարձաբար նոյն ուղիով ուղեւորութիւնները: Հիմա, Ուաշինկթըն իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ իրանեան վերջին տարբերակին:

Նոյնը կը պատահի ռազմական հարթութեան վրայ: Նաւագնացութիւնը կ՛արտօնուի, կ՛արգելակուի, ռազմանաւերու ուղղութեամբ յարձակում կ՛ըլլայ. Հորմուզը մասնակի կը բացուի, կը վերափակուի, մինչ ծովային ընդհանուր պաշարումը վերցնելու համար նոր առաջարկներու մասին ակնարկներ կ՛ըլլան, մերթ կը խօսուի Հորմուզի կառավարման միջազգային ձեւաչափի մասին, մերթ ալ Իրան-Միացեալ Նահանգներ գործարքով նոր կանոններու ճշդումի մասին:

Ձգձգումով, լաւատեսութիւն-յոռետեսութիւն փոխանցելով մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ առնելով՝ այս վարքագիծը իրավիճակի մը  ձեւաւորման մասին կը յուշէ: Կիսապատերազմական կամ կիսազինադուլային: Պատճառը` հաւանաբար գործարքի կամ ընդհանուր համաձայնութեան նախապատրաստութիւնն է, իւրաքանչիւր կողմ առաւելներ ձեռք ձգելու համար կէտեր ապահովելու քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի: Մինչ այդ, սակայն, պարզ է, որ մեծ ցնցումներ կը բացառուին, լայնածաւալ պատերազմի վերաձեռնարկելու մասին սպառնալիքներ կը հնչեն, սակայն գործողութիւնները կը մնան սահմանափակ:

Ծովային բախումներուն մասնակիութիւնը եւ չտարածուիլը մտածել կու տան, որ կողմերը ընդհանուր զինադուլը մեծ հաշուով չխախտելու ուղղութեամբ կը շարժին: Անկախ հրապարակուած տարակարծութիւններէն, մէկ կողմէ Իրանի համար կը թուի, որ հրամայական դարձած է իր նաւթարդիւնաբերութեան շարունակումը: Ծովային պաշարումը ծանրագոյն հարուած հասցուցած է իրանեան տնտեսութեան, եւ այս առումով ապաշրջափակումը կենսական է: Մինչ, Ուաշինկթընի համար ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ վառելանիւթի գիներու կտրուկ նուազումը անհրաժեշտ է: Ժամկէտի առումով աննկատ պէտք չէ ձգել նախագահ Թրամփի Չինաստան տալիք պաշտօնական այցելութիւնը: Համաձայնելէ ետք Իրանի հետ, հորմուզեան որոշ խաղաթուղթերով Փեքին մեկնիլը յայտնաբար կարեւոր է:

Հիմա, հայեացքները ուղղենք դէպի Լիբանան: Զինադուլը չի յարգուիր լիբանանեան ուղղութեամբ: Իսրայէլ իր առաջադրած գօտին կը համահարթեցնէ եւ հարաւէն մերթ ընդ մերթ դուրս կու գայ հարուածելու համար արտահարաւեան թիրախներ:

Իսրայէլ գիտակից է, որ ի վերջոյ կնքուելիք է գործարքը: Մինչ այդ կ՛աճապարէ իր առաջադրանքները իրականացնելու եւ առօրեայ, անընդմէջ  կը հրթիռակոծէ: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը  յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առաջարկուած համաձայնութիւնը իրանեան վարչակարգին համար «փրկութեան լաստ» մը պիտի ըլլայ եւ իրանեան հրթիռային զինանոցը անվնաս կրնայ ձգել:

Իսրայէլացի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ առաջարկուող համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի աշխատանքի ազատութիւնը պիտի սահմանափակէ: Իսրայէլեան անհանգստութիւնը ակներեւ է: Այստեղ եւս աճապարանք կայ մինչեւ համաձայնութիւն հարցերը լուծելու: Զուգահեռ, Պէյրութ-Թել Աւիւ ուղիղ բանակցութիւններու օրակարգը, նոյնքան մշուշոտ, կը շարունակէ լարել լիբանանեան քաղաքական դաշտն ու հասարակութիւնը:

Մշուշի մէջ երեւցող ձգձգումները, առկախումները, սահմանափակ գործողութիւններն ու մեծ հաշուով զինադուլը պահպանելը ընթացք մըն է, որ ունի որոշակի ժամկէտ: Այս առումով Պէյրութը նախքան բանակցութիւններու մեկնիլը ազգային, պետական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ իրաւունքը ունի Ուաշինկթըն բանագնաց ուղարկելէ առաջ պահանջելու Իսրայէլի կողմէ զինուորական բոլոր յարձակումները դադրեցնել եւ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւն կատարած իր թափանցումներէն ետ քաշուիլ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Բանակէն Աղբիւրի Մը. Իսրայէլեան Բանակը Կը Պատրաստուի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային Գործողութիւնները Ընդլայնելու

Յաջորդը

Քեսապցի Տարագիր Հայերուն Սալթէն Խուճապահար Փախուստը Դէպի Յորդանան Գետի Հովիտը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.