Ակնարկ. 10-րդ Կէտի Հարցականը
Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ժամանակաւոր զինադուլ հաստատուած է: Ուաշինկթընի ճշդած պայմանաժամէն առաջ Թեհրան ներկայացուցած է 10 կէտնոց առաջարկներ, որոնք ըստ էութեան կարելի է նկատել պայմաններ պատերազմը դադրեցնելու: Այս հրադադարը սկզբունքով պէտք է առաջնորդէ համաձայնութեան համար բանակցութիւններու: Մինչեւ 10 կէտերու հրապարակումը հռետորաբանական սպառնալիքները մէկ կողմէ եւ անոնց չենթարկուելու ու պատերազմը շարունակելու պատրաստակամութիւնը միւս կողմէ, այն համոզումը կը փոխանցէին հանրային կարծիքին,...




















