Գլխաւոր լուրեր

Աունի Հետ Իր Հեռաձայնային Զրոյցէն Ետք.  Թրամփ. «Լիբանան Եւ Իսրայէլ Տասը Օր  Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման  Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Աունի Հետ Իր Հեռաձայնային Զրոյցէն Ետք. Թրամփ. «Լիբանան Եւ Իսրայէլ Տասը Օր Տեւողութեամբ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի իրագործման ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման եւ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար Թրամփի թափած ջանքերուն համար: Աուն նաեւ մաղթեց, որ այս ջանքերը շարունակուին` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելու...

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Ղեկավարներու  Իրարու Հետ Խօսելէն Երկար Ժամանակ Անցած Է.  Ատիկա Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ»

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Ղեկավարներու Իրարու Հետ Խօսելէն Երկար Ժամանակ Անցած Է. Ատիկա Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Կը փորձենք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շունչ առնելու փոքր տարածք ստեղծել: Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարներու իրարու հետ խօսելէն երկար ժամանակ` շուրջ 34 տարի անցած է: Ատիկա վաղը տեղի պիտի ունենայ»: «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ իր գրառումը կատարեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի եւ արտաքին գործոց նախարար...

Սպիտակ Տունը Վրաստանի Խորհրդարանին.  «Քաջութիւն Ցուցաբերեցէ՛ք  Եւ Մի՛ Շրջանցէք Ձեր Նախագահի Վեթոն»

Ուաշինկթըն Իրանի Վերաբերեալ Բոլոր Ընտրանքները Կը Պահէ Սեղանի Վրայ

Սպիտակ տան խորհրդատու Սթիւըն Միլլըր ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի նկատմամբ բոլոր ընտրանքները կը պահէ սեղանի վրայ: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեծապէս կը մասնակցի Թեհրանի հետ ընթացող բանակցութիւններու ուրուագծման: Միլլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման կը ձգտի, սակայն Իրանի հիւլէական զէնք ունենալը պիտի չընդունի: Սպիտակ տան խորհրդատուն նշեց, որ...

Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի  Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

Մինչ երէկ յետմիջօրէէն ետք սկսան լուրեր շրջիլ զինադադար յայտարարելու հաւանականութեան իսրայէլեան բանակը Նաքուրայի մէջ տուն մը պայթեցուց: Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Մայֆատունի վրայ, ապա հարուածեց յարձակումի վայր հասած շտապ օգնութեան խումբը: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Լեռնալիբանանի մէջ Ժիէի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Այդ յարձակումէն քանի մը վայրկեան առաջ Սաատիեթի ճամբուն վրայ եւս ինքնաշարժ մը յարձակումի ենթարկեց: Հըզպալլա հրթիռակոծեց...

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը  Իսրայէլի Հետ Ժողովը «Դրական» Կ՛որակէ

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Իսրայէլի Հետ Ժողովը «Դրական» Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ - Մուաուատ երեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ «նախապատրաստական լաւ ժողով»-ի ընթացքին կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու: Դեսպանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախապատրաստական այս ժողովը լաւ էր: Զինադադարի հաստատման եւ տեղահանուածներու տունդարձի կոչ ուղղեցի»: Ան աւելցուց, որ ժողովի ընթացքին շեշտած է «մեր հողերուն ամբողջականութեան եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն նկտամամբ պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան վրայ»:...

Էրտողան. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Շարունակումը Կը Վնասէ  Շրջանային Խաղաղութեան Յոյսերուն»

Էրտողան. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներու Շարունակումը Կը Վնասէ Շրջանային Խաղաղութեան Յոյսերուն»

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան նկատմամբ յոյսերուն: Ան նշեց, որ Թուրքիան աշխատանք կը տանի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարը երկարաձգելու, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու:

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Աւարտին Կը Մօտենայ»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտին Կը Մօտենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»: «Պէտք էր միջամտէի, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէի, Իրան այս պահուս հիւլէական զէնք ունեցած կ՛ըլլար», ըսաւ ան: «Մեր զինուորական վերջին աշխատանքը մետասաներորդ պահուն արգելք հանդիսացաւ, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», յայտնեց Թրամփ: «Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնը աւարտելու շատ մօտ...

Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան  Փոփոխութիւնը «Խաղաղութեան Համար  Անդառնալի Գրաւական» Կը Նկատէ

Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնը «Խաղաղութեան Համար Անդառնալի Գրաւական» Կը Նկատէ

Չեխական «Սի.Էն.Էն. Փրիմա Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով յատուկ բանագնաց Էլչին Ամիրպեքով դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը «երկարաժամկէտ եւ անդառնալի խաղաղութեան գրաւական է»: Ան պատասխանեց նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցումին եւ խօսեցաւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար ձեռնարկուող քայլերուն մասին: «Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ յառաջիկայ...

Ակնարկ.  Բանակցային Խաղաթուղթերը  Վերստանձնելու Համար

Ակնարկ. Բանակցային Խաղաթուղթերը Վերստանձնելու Համար

Իսլամապատի բանակցութիւններու չարդիւնաւորումը յայտնաբար չէ խախտած հրադադարը: Կայ միտում հրադադարը պահպանելու եւ վերաբանակցելու: Ռազմական այլ գործողութիւն տեղի կ՛ունենար. այս պարագային, ամերիկեան ուժերը կը շրջափակէին Հորմուզի նեղուցը, արգելակելով Իրանի թոյլտուութեամբ մինչ այդ ընթացող նաւագնացութիւնը: Ամբողջական կասեցումը Հորմուզի նեղուցով արտահանուող կամ տարանցիկ ուղիներով սպառման այլ ուղղութիւններ մեկնող վառելանիւթին կտրուկ անդրադարձ պիտի ունենար սկզբունքով սղաճի մագլցումին առումով: Կան հակակշիռ քայլեր տարբեր պետութիւններու կողմէ...

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ  Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն  Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան-լիբանանեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ պատմական առիթ մը ունինք»: «Բոլոր բարդութիւնները յառաջիկայ վեց ժամուան մէջ պիտի չլուծուին, եւ կրնանք յառաջ ընթանալ ընդհանուր շրջագիծի մը մշակման ուղղութեամբ», նշեց ան: «Խնդիրը կը վերաբերի Հըզպալլայի քսան կամ երեսուն տարուան ազդեցութեան», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ  Դիւանագիտութեան Դուռը Փակուած Չէ

Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Դիւանագիտութեան Դուռը Փակուած Չէ

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը գրեց, թէ փաքիստանցի, եգիպտացի եւ թուրք միջնորդները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ աշխատանքը` փորձելով կամրջել գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները եւ վերջ տալ պատերազմին: Հակառակ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու լարուած ընթացքին, բոլոր կողմերը տակաւին կը հաւատան, որ գործարքը կարելի է, եւ յոյս ունին մինչեւ 21 ապրիլ` զինադադարի ժամկէտի աւարտը կազմակերպել բանակցութիւններու նոր փուլը:...

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչները  Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, հայ երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը` շեշտելով զայն աւելի խորացնելու ու...

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի  Խորհրդաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

11-12- ապրիլին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն հիմնական նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները, զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքը` ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք ի նպաստ Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն ու Հայ դատին: Խորհդաժողովին ներկայ գտնուեցան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` համայնքային ղեկավարներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական...

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով`  Նուիրուած Ազգային Ներկայ Մարտահրաւէրներուն

Կոչ-Յայտարարութիւն Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի

Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կայացաւ Ապրիլի 11-12, 2026-ին, Փարիզի մէջ, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 հեղինակաւոր մտաւորական, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ։ Խորհրդաժողովը հանգամանօրէն քննեց համազգային մարտահրաւէրներու եւ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ պարզած պատկերը եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը։ Խորհրդաժողովի բացման նիստին իրենց ողջոյնի խօսքերը յղեցին Գարեգին Բ. եւ...

Սփիւռքի Զօրաշարժի Նուիրուած Խորհրդաժողովը Մեկնարկեցաւ Փարիզի Մէջ

Սփիւռքի Զօրաշարժի Նուիրուած Խորհրդաժողովը Մեկնարկեցաւ Փարիզի Մէջ

Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է դիմակայել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախընթաց տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Այս կարեւոր հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 25 երկիրներէ ժամանած շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին են հոգեւոր առաջնորդներ, համայնքային ղեկավարներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարարներ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Խորհրդաժողովի օրակարգը պիտի քննէ Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Զօրակցի Թրամփի  Որոշումին, Սակայն Զինադադարը  Լիբանանը Չի Ներառեր»

Նեթանիահու. «Ցուցմունք Տուի Կարելի Եղածին Չափ Մօտիկ Ժամանակին Լիբանանի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Սկսելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ցուցմունք տուի կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու: Բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Հըզպալլայի զինաթափման եւ Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ»: «Իսրայէլ կը գնահատէ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` Պէյրութը զէնքէ զուրկ դարձնելու կոչը», նշեց Նեթանիահու: Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները կրակոցի տակ պիտի ըլլան`...

Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման  Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Զինադադարին Մէջ Լիբանանի Ներառման Նկատմամբ Միջազգային Զօրակցութիւն

Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Շիահ շրջանին վրայ` աւերելով Ապտելքարիմ Խալիլ թաղին մէջ երեք շէնքեր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ նաեւ յարձակումներու շարք մը գործեց Քաֆրա, Ժումժումիէ, Սաֆատել Պաթթիխ, Մաժտալ Սըլմ, Տէյր Անթար գիւղերուն եւ Քասիմիէ կամուրջին մերձակայքին վրայ, մինչ հրետանին ռմբակոծեց Հարիս գիւղը: Ապպասիէ գիւղին վրայ օդային յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 4...

Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն  Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան  Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ  Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Սալամ. «Բանակէն Եւ Ապահովական Մարմիններէն Պահանջեցինք Պէյրութի Նահանգի Մէջ Պետութեան Իշխանութիւնը Ամրապնդել Եւ Այնտեղ Զէնքի Մենաշնորհում Կատարել»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը, որուն սկիզբը ժողովի մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին չորեքշաբթի օր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք գերիշխան ու գոյութիւն ունեցող պետութիւն ենք, պետութիւնն է, որ բանակցութիւններ կը վարէ, եւ չենք ընդունիր, որ մեզմէ բացի ոեւէ մէկը բանակցի»: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ժողովէն ետք...

Բագրատունի. «Տակաւին Կանուխ Է  Խաղաղութեան Մասին Խօսիլ»

Բագրատունի. «Տակաւին Կանուխ Է Խաղաղութեան Մասին Խօսիլ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի կարծիք յայտնեց, որ հաւանական զինադադարի պայմաններուն մէջ մեծագոյն դժգոհութիւնը պիտի հնչէ Իսրայէլի կողմէ: «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ թէեւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական մօտեցումները խորքային առումով կը համընկնին, սակայն գործնական եւ ժամանակային հարթութիւններուն մէջ անոնք տարբեր են: «Նեթանիահուի համար յստակ է, որ ինք...

Այսօր Իսլամապատի Մէջ  Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Այսօր Իսլամապատի Մէջ Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Այսօր Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ: Փաքիստանեան իշխանութիւնները բանակցութիւններուն նախօրեակին երկօրեայ արձակուրդ յայտարարեցին: Փաքիստանցի դիւանագէտ մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Բանակցութիւններու առաջին փուլը բանակցութեան նիւթերու ճշդման եւ դասաւորման համար պիտի ըլլայ»: Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Ամիրի երէկ յայտարարեց. «Իրանեան պատուիրակութեան անդամները այս գիշեր Իսլամապատ կը հասնին 10 կէտերուն վրայ հիմնուած...

Page 33 of 795 1 … 32 33 34 … 795

Արխիւներ