Ամերիկացի քոնկրեսական Պրետ Շերմըն առաջարկած է Ազրպէյճանէն պահանջել անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբին մէջ ան փոփոխութիւն առաջարկած Ներկայացուցիչներու տան Դիւանագիտական ծառայութեան մասին օրէնքին մէջ (H.R. 9086), որ «կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղաքական բանտարկեալները»:
Քաղաքական գործիչը յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումի եւ շուրջ 2 հազար տարի այնտեղ ապրող աւելի քան 100 հազար հայերու ցեղային զտումներուն մասին: Ան մատնանշած է նաեւ համացանցին մէջ տարածուած այն նկարները, որոնք կը փաստեն հայ գերիներու արտադատական մահապատիժի դէպքերը:
«Հաշուի առնելով այս բոլորը` չափազանց կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները Պաքուէն պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր գերեվարուած հայերը», յայտարարած է ան Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործերու յանձնախումբին մէջ:
Շերմըն նաեւ նշած է, որ պատանդներու ազատ արձակումը ուղղակիօրէն կապուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի գործադրած ջանքերուն հետ:
«Քանի որ նախագահ Թրամփը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ապահովման ուղղուած իր ջանքերը, հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ այդ ճանապարհին», յայտարարած է ան:
Առաջարկին կողմ արտայայտուած յանձնախումբի նախագահ, հանրապետական Պրայըն Մասթ:
Այժմ կը սպասուի այս փոփոխութեան վերաբերեալ անուանական քուէարկութիւն: Ընդունուելու պարագային նախագիծը կը փոխանցուի Ներկայացուցիչներու տան քննարկման:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է երկկուսակցական յանձնախումբի այս որոշումը:
«Ազրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու ապօրինի կալանաւորումը մարդու իրաւունքներու իսկական ճգնաժամ է, ինչ որ Քոնկրեսէն վճռական քայլեր կը պահանջէ: Մենք բարձր կը գնահատենք յանձնախումբի նախագահ Մասթի աջակցութիւնը Շերմընի նախաձեռնութեան եւ գերիները անյապաղ ու անվերապահօրէն ազատ արձակելու հարցին մէջ յանձնախումբի երկկուսակցական հաստատակամ դիրքորոշումը», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:


