Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոչարեան. «Նոյնիսկ Մասնակի Իշխանափոխութիւնը Տեղի Կ՛ունենայ Միայն Մեծ Հանրային Ճնշումի Պարագային»

September 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իմ գնահատականով մասնակի իշխանափոխութեան տարբերակը աւելի թեթեւ տարբերակ է, եւ ընդդիմութեան խորհրդարան երթալ-չերթալը ատոր հետ կապ չունի: Նոյնիսկ այդ տարբերակը կը գործէ միայն մեծ հանրային ճնշումի պարագային», այս մասին 28 սեպտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի մասնակի իշխանափոխութեան խորհրդարանական ճանապարհով, երբ ընդդիմութիւնը չի մասնակցիր նիստերուն:

«Ես չեմ հաւատար, որ խորհրդարան երթալ-չերթալով ազդեցութիւն կ՛ունենանք նման կարգի իշխանափոխութեան վրայ, ի հարկէ ոչ: Միայն հանրային մեծ ճնշում պէտք է երկու տարբերակներով իշխանափոխութեան համար: Հարց կ՛առաջանայ` երբեմն մարդիկ ինչո՞ւ այս կամ այն իրավիճակը այսպէս կը գնահատեն: Մինչեւ համացանցը ընդունուած էր, որ տգիտութեան  աստիճանը կապուած է տեղեկութեան պակասի հետ, հիմա տեղեկութեան աւելցուկը աւելի վատ  ազդեցութիւն կը ձգէ այդ ընկալումներուն վրայ: Ինչ ըսես չեն գրեր, մարդիկ կը շփոթին ֆէյքերու եւ այդ անհեթեթութիւններու դաշտին մէջ», ըսաւ ան:

«Պէտք է լրջօրէն զբաղիլ բանակով: Երկու տարի է կը լսենք բարեկարգումներու մասին, վերջաւորութեան ծնաւ 24 միլիոն դրամով բանակէն ազատելու գաղափարը, ինչ որ ուղղակի քայքայիչ է բանակին համար», ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Ան նշեց, որ այստեղ կան յստակ քայլեր, որոնք պէտք է առնուին:

Ինչ կը վերաբերի սահմանային վերջին իրադարձութիւններուն, ան ըսաւ. «Ինծի համար հասկնալի չէ այն կորուստներու յարաբերակցութիւնը, որ մենք ունեցանք: Այդպիսի յարաբերակցութիւն պետք չէ ունենայինք, եթէ զինուորը պաշտպանուած ըլլար: Ինծի համար հասկնալի չէ, թէ ինչու մենք երկու տարուան մէջ Հայաստանի սահմաններուն մէջ չենք կառուցած լուրջ բնագիծ, միայն 2-3 յենակէտեր բնական կերպով կահաւորուած են` նկարելու, ցոյց տալու համար, մնացեալները անմխիթար վիճակի մէջ են:

Ռ. Քոչարեանի համաձայն, ինք 10 տարի նախագահ եղած է, զէնք ձեռք բերելու խնդիր չէ ունեցած, լաւ չի պատկերացներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է այսօր նման խնդիրներ յառաջանան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւն. «Այսօր Հայերուն Հետ Կը Սգանք 27 Սեպտեմբեր 2020-ի Եւ Ատկէ Ետք Զոհուածներու Յիշատակը»

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Սադրանքի Պատճառով Հայկական Կողմը 3 Զոհ Տուաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.