Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Օրէնսդիր-Գործադիրի Նոյնացումն ու Պետական Մտածողութեան Բացակայութիւնը

Դեկտեմբեր 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հարցին էութիւնը նենգափոխող Ազրպէյճանի խորհրդարանի որդեգրած յայտարարութեան դիմաց անպայման ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը հրապարակէր պատասխան յայտարարութիւն, ուր  վերաամրագրուէին Արցախի Հանրապետութեան փաստը եւ  միջազգային իրաւաչափութեան հիման վրայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Այդպէս չեղաւ սակայն: Պարզ դարձաւ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայն չէ եղած «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ «ինքնորոշման իրաւունք» սկզբունքի բառակապակցութիւնները ներառելուն: Սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւններու եւ անոր իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը դատապարտելու կոչուած միաձայն յայտարարութիւնը եւս վիժեցաւ, որովհետեւ իշխանական խմբակցութիւնը առարկեց, որ հոն տեղ գտած է ներքաղաքական օրակարգ:

Այս պարագային որեւէ ներքաղաքական օրակարգ կամ արտաքին քաղաքականութեան բնութագիր պարունակող բաժին չկայ:

Խորհրդարանական ընդդիմութեան նախագիծին համաձայն, Ազգային ժողովը պէտք է յայտարարէր, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ` արցախահայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօն նկատելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը առանց սահմանափակումներու: Բացառելով Արցախի գոյութիւնը Ազրպէյճանի կազմին մէջ` ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութեան նախագիծին մէջ նաեւ կը շեշտէին, որ Ազրպէյճանը պէտք է իր զինուած ուժերը վերադարձնէ մինչեւ 12 մայիս 2021-ի իրենց զբաղեցուցած բնագիծերը, վերադարձնէ հայ ռազմագերիները եւ զոհուած զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձերու  մարմինները:

Շատ օրինաչափ եւ օրէնսդիր հաստատութեան կողմէ ակնկալուած յայտարարութիւն Ազրպէյճանի խորհրդարանի` հարցին էութիւնը նենգափոխող յայտարարութեան դիմաց:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները յայտնած են, որ խորհրդարանի արտակարգ նիստը չեն տապալեր, բայց չեն համաձայնիր այս նախագիծին, եթէ անոր մէջ փոփոխութիւններ չկատարուին: Պարզ է, որ փոփոխութիւնները կը վերաբերին «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ «ինքնորոշման իրաւունք» ձեւակերպումներուն: Կրնայ վերաբերիլ նաեւ «Արցախի չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանի կազմին» բառակապակցութիւններուն:

Իշխանութեան հիմնաւորումները յստակ չեն. չեն ալ շրջանառուիր յամենայն դէպս: Ենթադրաբար կրնայ ըլլալ այն, որ իշխանութիւն ներկայացնող խմբակցութիւնը չ՛ուզեր կատարել այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն այսօրուան բանակցութիւններու բովանդակութիւններուն:

Նման պատճառաբանութիւն հեռու է պետական մտածողութենէ եւ պետական գործունէութեան փորձառութիւն ամբարած մարդոց մօտեցումներէն:

Օրէնսդիրն ու գործադիրը բոլորովին անկախ հաստատութիւններ են. սկզբունքով եւ ներկայ Սահմանադրութեամբ նոյնիսկ զիրար հակակշռող: Այստեղ սակայն հակակշռումի տրամաբանութիւնը չէ, որ պիտի գործէ: Դերերու բաշխումի անհրաժեշտութիւնն է, որ նման համահայկական օրակարգերու պարագային աւելի ինքզինք զգալի կը դարձնէ:

Ֆրանսայի օրինակը, օրեր առաջ այնքան յստակ է այս առումով. թէ՛ Ծերակոյտին եւ թէ՛ Ազգային ժողովին մէջ իշխանութեան կուսակցութիւնը ներկայացնողները կը քուէարկէին այն բանաձեւերուն, որոնք կը պահանջէին ազրպէյճանական զօրքերու հայաստանեան տարածքներէն հեռացումը եւ կը նախանշէին պատժամիջոցային քաղաքականութեան դիմելու սպառնալիքը: Գործադիրի ներկայացուցիչը կ՛ընդգծէր, որ այդ բանաձեւերը մաս չեն կազմեր իրենց արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն: Ֆրանսան սակայն այս խաղաթուղթերը ցոյց կու տար Պաքուին, հակաֆրանսական որոշումներու կայացման պարագային օգտագործելու: Ըսել ուզուածը այն է, որ գործադիր-օրէնսդիր տարանջատումը եւ ի պահանջել հարկին դերերու բաշխումը  քաղաքականութեան մէջ օրինաչափ եւ երբեմն անհրաժեշտ յարաբերակցութիւններ են:

Պետական մտածողութիւնը, իշխանութեան մօտ այլ պատճառներով եւս կը բացակայի: «Արցախը չի  կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին» տողին տակ չստորագրելը հակասահմանադրական է: Որովհետեւ` գործող Սահմանադրութեան հիմը կազմող Անկախութեան հռչակագիրը ամրագրած է. «Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»…

Սահմանադրական հիմնադրոյթներ են թէ՛ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը եւ թէ՛ Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս նկատելը. որոնց տակ չ՛ուզեր ստորագրել խորհրդարանական մեծամասնութիւնը:

Բանակցողը գործադիրն է, որուն բանակցային դիրքերու ամրապնդման համար օրէնսդիրը կը ճշդէ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող օրէնքներ, յայտարարութիւններ: Այդ բոլորին մերժումը կամ շրջանցումը ինքնահարուած է արդէն իսկ թոյլ բանակցային դիրքերուն:

 

Նախորդը

Արցախի Անվտանգութեան Մասին Նախագիծը Չընդունուեցաւ. Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Յաջորդը

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?