Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ֆրանսան Ու Միացեալ Նահանգները Թաղած Են Մինսքի Խմբակը, Իսկ Հիմա Կը Փորձեն Միջամտել Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Ռուսիոյ Միջնորդական Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տրամադրելու այն իրաւունքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս «աւելի շատ կը խօսին Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներուն, քան կարգավիճակին մասին»:

«Ազրպէյճան պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալու իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները», ըսած է ան:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այժմ չի գործեր, եւ արդեօք անոր աշխատանքի վերականգնման հեռանկար կայ:

Ըստ Լաւրովի, պատասխանը շատ պարզ է. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ժամանակին ստեղծուած էր` միաւորելու այն երկիրները, որոնք կրնային ազդեցութիւն ունենալ շրջանին մէջ եւ կրնային ազդակներ ուղարկել թէ՛ Երեւանին, թէ՛ Պաքուին:

Անոր համաձայն, 44-օրեայ պատերազմէն եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կրակոցի դադրեցման մասին համաձայնութեան ձեռքբերումէն ետք, երբ Մոսկուան սկսած է կողմերուն աջակցիլ սահմանազատման, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման աշխատանքներուն մէջ, նկատուած են միւս խաղացողներու` այդ հոլովոյթներուն միջամտելու փորձերը:

«Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան սկիզբէն ետք Արեւմուտքը Ուաշինկթընի եւ Փարիզի շրթներով պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ ձեւաչափով պիտի աշխատի Ռուսիոյ հետ: Ատով անոնք յայտարարեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան աւարտին մասին: Այդ պատճառով, երբ մեր հայ գործընկերները երբեմն կը յիշեն Մինսքի խմբակին մասին, մենք անոնց կ՛ըսենք, որ այդ հարցումը պէտք է ուղղել ոչ թէ մեզի, այլ Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, որոնք ըսած են, որ այդ խմբակը այլեւս կարելի չէ հաւաքել, եւ, ի հարկէ, Ազրպէյճանին, որովհետեւ առանց անոր մասնակցութեան որեւէ միջնորդական ջանք անիմաստ է:

«Հիմա թէ՛ ֆրանսացիները, թէ՛ ամերիկացիները, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձեն, միջնորդական ջանքերու միջամտելու միջոցով, փոխհատուցել իրենց իսկ կողմէ Մինսքի խմբակի թաղումը` սեփականաշնորհելով այն համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են ռուսական կողմին մասնակցութեամբ: Օրինակ` Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՛ունենայ սահմանազատման հարցով յանձնախումբի նիստ», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Փաշինեան Եւ Ռիքըր Խօսած Են Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի Միջեւ Քննարկումներու Միջազգային Մեքանիզմի Մասին

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Բնիկ Հայ Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքների Ոտնահարման Հարցը

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք  Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ  Ապաշրջափակելու Համար»
Հայկական

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In