Միացեալ Նահանգներ խորապէս ներգրաւուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման դիւանագիտական հոլովոյթին մէջ եւ կը շարունակեն ուղիներ փնտռել երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ու ղեկավարներու միջեւ նոր հանդիպում կազմակերպելու համար:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր` պատասխանելով թուրք լրագրողի հարցումին, թէ, Ֆրանսայի նախագահի մասնակցութեամբ բանակցութիւններէն Պաքուի հրաժարելու պայմաններուն մէջ արդեօք Ուաշինկթըն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպելու ծրագիրներ ունի՞:
«Գաղտնիք չէ, որ մենք շատ սերտօրէն կ՛աշխատինք Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերներուն հետ եւ նաեւ կը կիրարկենք ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմը, որ Հայաստանի դիմումով հայ-ազրպէյճանական սահմանի հայկական կողմին մէջ տեղակայեց կարիքներու գնահատման խումբ, սակայն նաեւ շատ շատ կ՛աջակցինք սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն», շեշտած է Քարփենթըր:
«Մեր նպատակը յստակ է` մենք պիտի ուզէինք սահմանը տեսնել որքան կարելի է շուտ սահմանազատուած, մենք պիտի ուզէինք որքան կարելի է շուտ տեսնել խաղաղութեան համաձայնագիրը երկու կողմերուն միջեւ, որպէսզի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերադառնան շրջան, յարգուին մարդու իրաւունքները եւ այս շրջանին մէջ ապրող բոլոր անհատներու անվտանգութիւնը, եւ մենք կարենանք նոր էջ բանալ Հարաւային Կովկասի պատմութեան մէջ», ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:
«Ակնյայտ է, որ այդ վերջնական վիճակին հասնելու համար որոշ ժամանակ պիտի պահանջուի, սակայն մենք կը պարտաւորուինք ըսել ամէն ինչ` հասնելու այդ արդիւնքին», վստահեցուցած է Մայքըլ Քարփենթըր: