Ֆրանսան կը պատրաստուի Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման եւ Արցախի 120 հազար հայ բնակչութեան փրկութեան հարցով բանաձեւ ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին: Այս մասին գրած է ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Ֆիկարօ» պարբերաթերթի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն:
Ան իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ, որ բանաձեւը ուղղուած է օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչներուն, որոնք սովամահութեան եզրին կը գտնուին Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով: Բացի ատկէ, ան նաեւ կը նշէ, որ Փարիզը եւ Ֆրանսայի մեծ շրջանները յաջորդ շաբաթ մեքենաներու մարդասիրական շարասիւն պիտի ուղարկեն Հայաստան:
Պուիսոնի համաձայն, 120 հազար տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու կեանքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ձեռքն է: Ան յիշեցուցած է, որ 12 դեկտեմբեր 2022-էն Արցախը արտաքին աշխարհին, իսկ այս պարագային` Հայաստանին կապող միակ ճամբու փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, որ բացառապէս հայկական է, լուրջ փորձութեան կ՛ենթարկուի:
«Լը Ֆիկարօ»-ի փոխտնօրէնը նաեւ նշած է, որ քաղաքացիները զրկուած են տարրական կենսագործունէութեան միջոցներէն, դեղորայքէն, վառելանիւթէն, սնունդէն, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութենէն, ջուրէն եւ համացանցէն, որուն հասանելիութիւնը պարբերաբար կը խափանեն զանոնք շրջապատող ազրպէյճանցիները:
Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ գիւղացիներու եւ սահմանապահներու ուղղութեամբ ամէն օր արձակուող կրակոցներէն բացի, որեւէ բեռ կամ անհատ, բացառութեամբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ տեղափոխուող հիւանդներէն, չեն կրնար մուտք գործել կամ դուրս գալ այս 3000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն, որուն նկատմամբ Պաքուն յաւակնութիւններ ունի, որովհետեւ, ինչպէս Պուիսոն կը մանրամասնէ, 1923 թուականին աւելի քան 2500 տարուան պատմութիւն ունեցող այս հայկական հողը դարձաւ Ազրպէյճանի խորհրդային ընկերվարական Հանրապետութեան մաս:


