Հայկական կողմը կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբրեւ թէ 26 օգոստոսին` ժամը 13:30-ի սահմաններուն մէջ, Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ փորձած են դիրքային յառաջխաղացում եւ բարելաւում իրականացնել:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը նշեն, որ ատիկա բացարձակ սուտ է:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մասնաւորապէս յայտարարած էր, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են «շահեկան դիրքեր զբաղեցնել» Նախիջեւանի ուղղութեամբ, բայց ազրպէյճանական կողմը կանխած է այդ փորձերը:
Դարձեալ 26 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը պնդած էր, թէ Նախիջեւանի ուղղութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն վրայով թռիչք իրականացնող Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու անօդաչու թռչող սարք մը յայտնաբերուած է եւ ոչնչացուած հրազէնէ արձակուած կրակոցով:
Այս մեղադրանքին հայկական կողմէն արձագանգ չէ եղած:


