Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պանք Օթոման Եւ Խոստումներ (130-Ամեակ)

August 14, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պանք Օթոմանի գործողութեան  130-ամեակին այժմէական հնչեղութիւն հաղորդելու որեւէ փորձ այսօր ոչ այնքան գործողութեան նախորդած ժամանակահատուածի պայմաններուն, գործողութեան հետապնդած գաղափարական նպատակներուն կամ ընդհանրապէս հետեւանքներուն մասին մտածել կու տայ, որքան դրամատունը գրաւած ազատատենչներուն հետ ռուս եւ եւրոպացի ներկայացուցիչներու վարած բանակցութիւններուն:

Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները իրենց շահերէն մեկնած փորձած են դիրքորոշուիլ, բանակցիլ, տարհամոզել եւ ելքեր առաջարկել` խոստումներու տեսքով:

Ա՛յս հանգամանքներէն ամէնէն շատ այսօր լուսարձակի տակ կու գան պատմութեան տարբեր փուլերուն Հայկական հարցին նկատմամբ գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան շարժառիթները, միջամտութիւնները, բանակցութիւնները կամ ընդհանրապէս հարցի շահարկման միտումները:

Ֆրանսացի  քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ Վիքթոր Պեռարի համաձայն, «վեց ամիս տեւող շարունակական ջարդերէ ետք, երբ Եւրոպան հաւատալ կը ձեւացնէր, թէ հարցը փակուած է, հայերը ուզեցին ցոյց տալ Եւրոպային, որ Հայաստան մը գոյութիւն ունէր, եւ այլեւս թուրք կառավարութիւն գոյութիւն չունէր»: Հաւատալ ձեւացնելը բնորոշիչ է այս ժամանակահատուածի քաղաքականութեան:

Պատմութիւնը կ՛արձանագրէ, որ պետութիւններու դեսպանները եւ դրամատան տնօրէնը` Սըր Էտկար Վենսան ի վերջոյ յաջողեցան շէնքին պարպումը ձեռք բերել, միջամտութիւն մը խոստանալով Հայկական հարցին եւ երաշխաւորելով հայ յեղափոխականներու ազատ մեկնումը: Այստեղ «խոստանալով»-ը եւս կը տեղադրուի նոյն քաղաքականութեան մէջ:

Պատմութեան արձանագրութիւնը կը շարունակուի. Պանք Օթոմանի գրաւման ամէնէն կարեւոր հետեւանքները Ռուսիոյ զինուորական պատրաստութիւնները եղան: Այս դէպքէն ետք Ռուսիա անհրաժեշտ նկատեց զինուորական պատրաստութիւններ տեսնել:

Այս պայմաններուն տակ, իրենց ազգակիցները եւ անոնց շահերը պաշտպանելու համար արեւմտեան պետութեանց միջամտութիւն մը անխուսափելի էր Ռուսիոյ դեսպանի աչքին. միջամտութիւն մը, որ պիտի ստանար միջերկրականեան նաւատորմի թափանցումի ձեւը նեղուցներէն ներս եւ որ Օսմանեան կայսրութեան հաշուեյարդարին ազդանշանը կը սպառնար ըլլալ: Ըստ իրեն, Ռուսիա պէտք չէ ուշանար իր բաժինը վերցնելու եւ պէտք չէ օտար ձեռքերու մէջ ձգէր իր տան բանալին, այսինքն` Վոսփորը:

Դեսպան Նելիտով համոզած էր իր կառավարութիւնը, որպէսզի  Սեւ ծովու նաւատորմը զինէ եւ Խրիմի մէջ սկսի համախմբել ցամաքահանման զօրամաս մը, իր շահերը պաշտպանելու համար այն պարագային, երբ պետութիւնները միջամտէին:

Հարցի աշխարհաքաղաքական սահմաններու հատումին մասին են այս բոլոր վկայութիւնները:

Գործողութիւնը իրականացնողներուն հետ կայացած  բանակցութիւններուն ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմովը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ` մէկ կողմէ Սուլթանի կատաղութիւնը սանձելով, իսկ միւս կողմէ բերանացի խոստումներ տալով դրամատունը գրաւած խումբին, որ եւրոպական պետութիւնները հետամուտ պիտի ըլլան բարեկարգումներու ծրագիրի գործադրութեան: Այս ալ ռուս դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին բերանացի խոստումը:

Ձեւացնելը, խոստանալը, բնորոշած են թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ ռուսական կեդրոնները, որոնք հայկական հարցին մօտեցած են  իրե՛նց քաղաքականութենէն մեկնելով: Պատմութիւնը նոյնքան ծանօթ է բոլորին, թէ ի՛նչ եղան այդ խոստումները: Յաջորդող ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ նոր ջարդերով` ռուսական եւ եւրոպական հայեացքներուն ներքոյ:

Պայմանագիրներ, հաղորդուղիներ, անվտանգութեան երաշխիքներ, խաղաղապահ առաքելութիւնները կը յիշեցնեն Պանք Օթոմանի յեղափոխականներուն խոստացուած լուծումները, ձեւացումներն ու բանակցութիւնները:

Մաքսիմովէն Նելիտով, անցնելով Վանսէն հասնելով Պրիւքսելի, Ուաշինկթընի թէ Մոսկուայի ներկայացուցիչներ նոյն քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի այսօր: Անվտանգութեան երաշխաւորումները թէ գրաւիչ ներդրումային խոստումները երէկ բանաւոր, այսօր պայմանագրային, ըստ էութեան չեն փոխած միեւնոյն գերտէրութիւններու քաղաքականութիւնը մեր հարցերուն եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին նկատմամբ:

Պանք Օթոմանի բանակցութիւնները 130 տարի ետք, այս հանգամանքներուն մասին կը յուշեն եւ կը թելադրեն աւելի ողջմիտ մօտենալ երաշխիքներուն, առաջարկուող ծրագիրներուն եւ թէկուզ ստորագրուած խոստումներուն:

 

Նախորդը

Հաքըպի Քասրայի Մէջ Պաղեստինեան Տուն Մը Պաշարած Բնակեցուածները «Ահաբեկիչներ» Եւ Անոնց Արարքը «Ահաբեկչութիւն» Կ՛որակէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 14 Օգոստոս 2026)

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.