Փորձառուներու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պտուղ Եւ Բանջարեղէն Ընտրել
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբ շուկայ կ՛երթանք` պտուղ կամ բանջարեղէն գնելու, յաճախ կը տարուինք վաճառողին խօսքերով, մինչեւ անգամ կը վստահինք, որ ան ընտրէ մեր փոխարէն ու տեղաւորէ տոպրակին մէջ: Բայց դժբախտաբար երբեմն մեր անտեղի վստահութիւնը կը դաւաճանէ մեզ... Այսուհետեւ նման անհաճոյ կացութիւններու չմատնուելու համար հետեւինք յօդուածին մատնանշումներուն եւ օգտակար թելադրանքներուն: Սմբուկ Առողջ սմբուկը պէտք է ունենայ սահուն, փայլուն եւ սրճագոյն բիծերէ...




















