Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ Է ԼՈՅՍԻ-ՏԱՐԻ ՄԸ

June 25, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ան անջրպետին մէջ լոյսին կտրած հեռաւորութիւնն է, մէկ տարուան ընթացքին: Սակայն ուշադրութիւն. շատ ճշգրիտ պէտք է ըլլալ հաշիւներուն մէջ:

Մէկ երկվայրկեանի մէջ լոյսը կը կտրէ 299,792,458 քմ (երկու հարիւր իննսունինը հազար եօթը հարիւր իննսուներկու քմ եւ չորս հարիւր յիսունութ մեթր):

Մէկ տարին 365,25 օր է. այսինքն` 31,557,600 երկվայրկեան (երեսունմէկ միլիոն հինգ հարիւր յիսունեօթը հազար վեց հարիւր երկվայրկեան): Հետեւաբար, մէկ տարուան ընթացքին լոյսին կտրած հեռաւորութիւնը 299,792,458 բազմապատկուած 31,557,600=9,460,730,472,580,800 քմ (ինը հազար չորս հարիւր վաթսուն միլիառ եօթը հարիւր երեսուն միլիոն չորս հարիւր եօթանասուներկու հազար հինգ հարիւր ութսուն քմ եւ ութը հարիւր մեթր):

Այս թիւերը այնքան երկար են, որ աստղագէտներուն համար աւելի դիւրին է լոյսի-տարիով խօսիլ, քան քիլոմեթրերով: Լոյսի-տարիով կ՛ըսեն, թէ երկրագունդը արեւէն 8,32 լոյսի-վայրկեան հեռու կը գտնուի (14,965,639,503 քմ), մինչ լուսինը երկրագունդէն մօտաւորապէս 1,28 լոյսի-երկվայրկեան հեռու կը գտնուի (384,402 քմ):

Դուք ալ փորձեցէք մարզուիլ լոյսի-ժամանակով հաշուել: «Տեղէ մը 10 քմ հեռու կը բնակիմ» ըսելու փոխարէն, 10 բաժնեցէք 299,792,458-ով եւ ըսէք «ես կ՛ապրիմ 0,000,033,356,409,5 լոյսի-երկվայրկեան հեռու»: Անշուշտ ասիկա շատ աւելի երկար է արտասանելու համար, սակայն շատ աւելի արդի:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ՇՈԳԵԿԱՌՔՈ՞Վ, ԹԷ՞ ՆԱՒՈՎ

Ահա երկու հանելուկներ, որոնք պէտք է լուծէք շոգեկառքի կամ նաւու մը մէջ ճամբորդութեան ընթացքին…

– Համակիրներուն վերադարձը

Ֆութպոլի մը խաղի վերջաւորութեան համակիրներու խումբ մը շոգեկառք կ՛ելլէ տուն վերադառնալու համար: Շոգեկառքի առաջին կայանին մէջ համակիրներուն 1/6-ը կ՛իջնէ, երկրորդ կայանը կ՛իջնէ մնացած համակիրներուն 1/5-ը, երրորդ կայանը կ՛իջնէ մնացած համակիրներուն 1/4-ը, չորրորդ կայանը կ՛իջնէ մնացած համակիրներուն 1/3-ը, հինգերորդ կայանը մնացած համակիրներուն 1/2-ը կ՛իջնէ: Վերջապէս, երբ շոգեկառքը կը հասնի վերջին կայանը, բոլոր ճամբորդները կ՛իջնեն: Նուազագոյն հաշիւով, քանի՞ համակիրներ կային շոգեկառքին մէջ, երբ անիկա ճամբորդութեան սկսաւ:

– Նաւերու մրցում

Կրնա՞ս գտնել, թէ նաւերը ի՞նչ կարգով հասան նաւահանգիստ` գիտնալով, թէ նաւապետերէն մէկը սուտ կը խօսի:

Ֆրանսացին.– Իմ նաւս կը գտնուի սպանացիին նաւուն առջեւ:

Սպանացին.– Իմ նաւս անգլիացիին նաւուն առջեւ չի գտնուիր:

Անգլիացին.- Իմ նաւս կը գտնուի սպանացիին եւ ֆրանսացիին նաւերուն միջեւ:

Գերմանացին.– Իմ նաւս կը գտնուի անգլիացիին նաւուն ետեւը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ՝  ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

– Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի դլփինի տեսակ մը, որուն ուղեղը մարդկային ուղեղէն աւելի մեծ է:

– Անգլիացի գոհարագործ մը շինած է 280 ադամանդներով զարդարուած թէյի պզտիկ տոպրակ մը, որ կ՛արժէ 7,500 փաունտ (մօտաւորապէս 12 հազար տոլար):

– Երազ մը մօտաւոր հաշիւով կը տեւէ 20 վայրկեան:

– Մարդկային ոսկոր մը հինգ անգամ աւելի զօրաւոր է, քան նոյն ծանրութիւնը ունեցող պողպատի կտոր մը:

– Եթէ ամէնէն մեծ կապոյտ կէտը կարենար իր պոչին վրայ կանգնիլ, անոր հասակը հաւասար պիտի ըլլար 10 յարկանի շէնքի մը:

– Չղջիկները բթամատեր ունին:

– Լոյսը աւելի արագ կ՛ընթանայ, քան ձայնը:

– Փոփ քորն շինելու ընթացքին եգիպտացորենի հատիկները կրնան մինչեւ 0,9 մեթր ցատկել:

– Ամերիկացի մը 427 ձուածեղ շինեց 30 վայրկեանի մէջ:

– Կարգ մը թիթեռնիկներու ականջները անոնց թեւերուն մէջ կը գտնուին:

– Մեր ձեռքի մատներու եղունգները շատ աւելի արագ կը բուսնին, քան ոտքի մատներուն եղունգները:

– Հարաւային Ափրիկէի մէջ սուփըրմարքէթ մը շինեց 37,4 մեթր տրամագիծ ունեցող եւ ափրիկեան երկու փիղերու չափ կշռող փիծծա մը:

– Ուղտ մը կրնայ 500 գաւաթ (118 լիթր) ջուր խմել 10 վայրկեանէն:

– Եթէ դուն լոյսի-տարիի արագութեամբ ճամբորդէիր արեւէն ամէնէն հեռու գտնուող, նախկին մոլորակ Պղատոն պիտի հասնէիր միայն չորս ժամէն:

– «Ճիֆֆին» մէկ հարիւրերորդ երկվայրկեան է։

 

Ո՞Ր ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԱՐԴ
ԱՐԱՐԱԾԸ ՍԿՍԱԾ Է ՀՈՂԸ ՄՇԱԿԵԼ

Ք. Ա. մօտաւորապէս 8000 թուականին:

Ք. Ա. մօտաւորապէս 8000 թուականին Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող «Բերրի կիսալուսին» կոչուած շրջանի մը մէջ մարդիկ սկսան մշակել հացահատիկներ եւ հատիկներով բոյսեր: Ապա անոնք ընտելացուցին վայրի անասուններ:

Բոյսեր եւ պտուղներ քաղելու եւ որսորդութեան վրայ հիմնուած կեանքէ մը մշակոյթի եւ անասնաբուծութեան վրայ հիմնուած կեանքի մը փոխելը կը կոչուի «Նէօլիթիք յեղաշրջումը»: Ասիկա դիւրացուց կեանքը մարդոց, որոնց թիւը աւելցաւ եւ անոնք իրարու միացան միասին ապրելով նոյն վայրին մէջ:

 

ՔԱՆԻ՞ ՄԻԼԻՈՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՄԱՐԴ
ԱՐԱՐԱԾ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ
ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ՎՐԱՅ

Մօտաւորապէս 3 միլիոն տարիներէ ի վեր:

Կեանքը աշխարհի վրայ երեւցած է, յատկապէս ջուրին մէջ, հաւանաբար մօտաւորապէս 3,5 միլիառ տարիներ առաջ: Առաջին ձուկերը եւ առաջին բոյսերը յառաջացած են 450 եւ 400 միլիոն տարիներ առաջ: Մարդուն եւ մեծ կապիկներուն հասարակաց նախահայրը երեւցած է մօտաւորապէս 35 միլիոն տարիներ առաջ եւ մարդ արարածը աշխարհի վրայ կը բնակի մօտաւորապէս 3 միլիոն տարիներէ ի վեր: Մինչ մեզի նմանող «հօմօ սափիէնը, մտածող մարդը» երեւցած է մօտաւորապէս 200 հազար տարիներ առաջ:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԸ ԿԸ ՏԱՐԲԵՐԻ
ԵՐԿԻՐԷ ԵՐԿԻՐ

Ժամը կը ճշդուի հիմնուելով արեւին դիմաց երկրագունդին գտնուած դիրքին վրայ: Երկրագունդը կը դառնայ, եւ երկիրները կարգով կ՛անցնին արեւուն դիմացէն:

Երբ արեւը կը ծագի Լիբանանի մէջ, արդէն ան շատոնց ծագած է Ռուսիոյ մէջ, մինչ ամերիկացիները տակաւին խորունկ քունի մէջ կը գտնուին: Որովհետեւ օրը բաղկացած է 24 ժամէ, երկրագունդը բաժնուած է 24 շերտերու: Իւրաքանչիւր «շերտի» մէջ նոյն ժամն է ամէն տեղ: Կէսօրին, արեւը ամէնէն բարձրը կը գտնուի երկնքին մէջ. ան կը գտնուի երեւակայական մեծ գիծի մը վրայ, միջօրէականը:

 

Ո՞Ր ԵՐԿՐԷՆ ԵԿԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ
ԱՄԷՆԷՆ ՀԻՆ ԳԻՐՔԸ

Չինաստանէն

Աշխարհի մէջ գտնուած ամէնէն հին գիրքը «Ադամանդի Սութրան» է, որ տպուած է Չինաստանի մէջ Ք.Ե. 868 թուականին: Ան պուտտիսթ փիլիսոփայական գրութիւն մըն է: Այս գործը բաղկացած է գրութիւններէ եւ գծագրութիւններէ: Արդէն 8-րդ դարէն սկսեալ չինացիները հնարած էին գրութիւններ տպելու միջոցներ: Այս գիւտը հետագային ճանչցուեցաւ Եւրոպայի մէջ, եւ գերմանացի Կիւթէնպէրկ զայն կատարելագործեց 15-րդ դարուն: Անոր առաջին տպած գործը Աւետարանն էր:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս օգնել հտպիտին գտնելու ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երեք օձերը:

 


 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերէն պակսող մանրամասնութիւնը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` քառակուսիներուն հետեւելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԷՋԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Համակիրներու վերադարձը
Ընդամէնը 6 համակիրներ կը գտնուէին շոգեկառքին մէջ, եւ ամէն կայան միայն մէկ համակիր իջած է շոգեկառքէն:

Նաւերու մրցում
Աջէն ձախ նաւերը կը պատկանին անգլիացիին, գերմանացիին, ֆրանսացիին եւ սպանացիին: Անգլիացի նաւապետին ըսածը չի համապատասխաներ սպանացիին եւ գերմանացիին ըսածներուն. հետեւաբար ա՛ն է ստախօսը:

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

Օդերեւոյթ ( 25 յունիս 2011 )

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։