Այլազան

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ինչպէ՞ս կ՛ապրին աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող մանուկները: - Ամազոնեան անտառին մէջ Եթէ դուն Պրազիլի մէջ պզտիկ հնդիկ մը ըլլայիր, Փարանայի պէս պիտի ապրէիր Ամազոն գետի ափին, տնկացիցերու վրայ շինուած տան մը մէջ: Գիշերները ան կը քնանայ կախմահիճի մը մէջ, գետնէն բարձր: Այս ձեւով ան չի վախնար թունաւոր մանր անասուններու այցելութենէն: Փարանա դպրոց կ՛երթայ. սակայն միւս բոլոր մանչերուն նման, ան...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՀԱՆԴԷՍԸ (ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի) Գաղութիս հայութիւնը, քառասուն երկար տարիներ, հարկադրաբար իր աղօթքը կատարեց քրիստոնեայ այլ համայնքներու աղօթավայրերուն մէջ` ենթարկուելով զանազան նուաստացումներու: Յաճախ ըմբոստացաւ ինքն իր դէմ, բայց գիտակցելով իր անզօրութեան` համակերպեցաւ եւ լռեց: Հայո՛ւ բախտ: Սակայն, հաւատարիմ ժառանգորդ իր պապերու հոգեկան աւանդին, չնստաւ ձեռնածալ, չմնաց անտարբեր իր հաւատքի տան հանդէպ, որուն...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Տէր եւ տիկին Ժաք Մանտալեան զոյգ թոռնիկներով` Արմէն Աբրահամեան եւ Թամար Վարդանեան բախտաւորուելնուն առիթով   100,000 լ. ո.:

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ Կիրակի, 4 յունիս 1961, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, տեղի ունեցաւ Հազմիէի Վիեննական մխիթարեան երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի տարեկան հանդէսը: Հոծ բազմութիւն մը` ծնողներու, բարեկամներու եւ ազգականներու, լեցուցած էր վարժարանին հանդիսասրահը: Հանդէսին կը նախագահէր Մխիթարեան վարժարանի նախկին բազմավաստակ տնօրէն եւ մեծաւոր Համազասպ վրդ. Ոսկեան: Յայտագիրը ճոխ էր եւ բաղկացած` երկու մասերէ: Կը մասնակցէին Ծաղիկ, Ծիլ եւ Կոկոն...

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ` ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Անթիլիասի մէջ առաջին անգամ 1930-ական թուականներուն սկիզբն էր, որ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կայք հաստատեց, եւ ապա փոքրաթիւ հայ ընտանիքներ եկան հաստատուելու վանքին շուրջ: 1960-ականներու սկիզբը Անթիլիաս հաստատուեցան մեծաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք կու գային Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն: Անոնք կը գնէին եւ կը վարձէին նորակառոյց եւ արդիական յարկաբաժիններ եւ կը բնակէին հոն: Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն բացի, մեծ թիւով սուրիահայեր Հալէպէն ժամանած...

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԾԱԾԿԱՄԻ՞Տ, ԹԷ՞ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԱՆՁ ԷՔ

1 Ձեր բարեկամուհիները գիտե՞ն, թէ որքա՛ն աշխատավարձ կը ստանաք: ա.- Ինձմէ աւելի լաւ: բ.- Մասամբ տեղեակ են: գ.- Երբեք: 2 Երբ ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութիւններէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»: ա.- Ամէն ոք: բ.- Միայն մտերիմները: գ.- Ոչ ոք: 3 Անծանօթ մը կրնա՞յ գաղափար կազմել ձեր մասին` ուսումնասիրելով ձեր աշխատավայրը: ա.- Քիչ թէ շատ: բ.- Անշուշտ ոչ: գ.- Շատ հաւանաբար:...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՓԱՌԱՏՕՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐԻ Բոլոր անոնք, որոնք անցեալ եւ նախանցեալ տարիներուն առիթը ունեցան ներկայ գտնուելու Էշրեֆիէի Համազգայինի «Քնար» հայ երգ ու պարի խումբի ելոյթներուն զանազան սրահներու մէջ, վստահաբար ուրախացան` իմանալով մամուլին տրուած ծանուցումը, որ կը յայտնէ, թէ խումբը իր տարեկան ձեռնարկը պիտի տայ մօտ ատենէն: Թէեւ տարուան ընթացքին խումբը քանիցս զանազան ձեռնարկներու իր պատուաբեր մասնակցութիւնը բերաւ մեծապէս գնահատուելով,...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՅՈՒՆԻՍ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՎԱՂԸ ՆՈՐԻՑ ԱՐԵՒ ԿԸ ԾԱԳԻ» (ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ) Սփիւռքի ամբողջ տարածքին վրայ մեր ժողովուրդի ազատատենչ զանգուածները անցնող քանի մը օրերու ընթացքին շքեղ հանդիսութիւններով տօնեցին Հայաստանի անկախութեան 43-րդ տարեդարձը: Լայնարձակ սրահներէն մինչեւ համեստ ակումբները` հաւատաւոր բազմութիւններ եկան հաղորդուելու այն ոգիով, որ մեր անզուգական ժողովուրդինն ու անոր ղեկավարութեանը եղած էր մայիս 28-ին` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ: Գրեթէ բոլոր...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 7 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԲԱԼՈՒԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ Մայիս 21-ին Բալուի հայրենակցական միութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը` դէպի Անթիլիասի գեղատեսիլ «Քազինօ Ճեզիրէ»: Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ Հոգեգալստեան սուրբ պատարագը ունկնդրելէ եւ օրուան մեծ հիւրին` մեր սիրելի նախագահին այցը ծափողջունելէ ետք, համակիրներու եւ հայրենակիցներու ընտանիքները սկսան խումբ առ խումբ գալ եւ տեղ գրաւել իրենց սեղաններուն շուրջ` վայելելու, զուարճանալու համար ամբողջ օրը, իրենց սիրելիներով, միութեանս...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

Ն. ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ Ճիշդ քառորդ դար առաջ Համազգայինի Ն. Փալանճեան Ճեմարանը տուաւ իր անդրանիկ հունձքը: Շանթերու եւ աղբալեաններու շունչով թրծուած այդ սերունդին առաջին մտահոգութիւնը եղաւ հիմքը դնել շրջանաւարտից միութեան մը` հանրային եւ մշակութային գետնի վրայ գործօն ուժ մը ստեղծելու ծրագրով: Եւ քսանհինգ տարի անընդմէջ պահեց իր ներկայութիւնը զոյգ ասպարէզներուն մէջ` մասնակից դառնալով գաղութիս հոգեկան ու իմացական...

Ի՞ՆՉ Է «ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Խոստովանինք, թէ երբեմն մենք կ՛ուզէինք ըլլալ համակարգիչ մը, որուն կը ներարկեն քիլոն հինգ տոլար արժող երեք հարիւր կրամ արուեստական խելացութիւն: Ասիկա շատ գործնական կրնայ ըլլալ քննութիւններուն համար: Սակայն դժբախտաբար ասիկա անկարելի բան մըն է, որովհետեւ մենք ոչինչ կրնանք աւելցնել մեր ուղեղին վրայ: Միայն մեքենաները օժտուած են արուեստական խելացութեամբ: Երբ դուք ճատրակ կը խաղաք համակարգիչի մը դէմ, դուք քար մը կը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՃԻԳԵՐ Կարելի չէ առանց արդար հպարտութեան հանդիսատես ըլլալ շինարարական այն ճիգին, որ հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր ենթակայ թեմերը ցոյց կու տան զանազան գաղութներու մէջ: Չենք խօսիր ամերիկահայ թեմին` եկեղեցաշինական մարզին մէջ իրագործած նուաճումներուն մասին, որոնց կ՛արժէ առանձին անդրադառնալ իբրեւ արտայայտութիւնը սքանչելի գաղութի մը հայապահպանման ճիգերուն: Մեր խօսքը մասնաւորելով միայն Լիբանանի, քանի մը...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 3 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅ ԵՐԳԱՀԱՆ ՄԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ «ՔՈՄՊԱ» ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԱՍԱՆԵԱՆԸ Այս միջոցիս Փարիզ կը գտնուին խորհրդային երեք երգահաններ` Եուրի Շափորին, Ժորժ Սվիրիտով եւ Սարգիս Պալասանեան: Իրենց ի պատիւ սարքուած է երաժշտական ընդունելութիւն մը, եւ ներկայացուած են երեք երգահաններուն կարգ մը գործերը: Փարիզի «Քոմպա» օրաթերթի երաժշտական քննադատը` Ժան Համոն, ամէնէն աւելի խանդավառուած է հայ երգահանով,...

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող  հինգշաբթին: «Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ'եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը: Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ. 19-20, Ղուկ....

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՇՏՈՑԻ ԱՐՁԱՆԸ Երեւանի մատենադարանի շէնքին առջեւ, մօտերս, պատկառելի հասակով պիտի կանգնի Մեսրոպ Մաշտոցի քարակերտ արձանը, գործ` քանդակագործ Ղ. Չուբարեանի: Արձանին հաստատումը կը զուգադիպի Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին: Ս. ՍԱՀԱԿԵԱՆ Հայաստանի մէջ մեռած է Սիմակ Սահակեան` ծանօթ մտաւորական եւ ուսուցչապետ: Ծնած էր Ագարակ, 1870-ին, հողագործ ընտանիքէ: Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ապա ուսուցչական պաշտօններ վարած` Ներսիսեան եւ այլ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 յունիս 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾ» Շատ արդար եւ իմաստուն կարգադրութեամբ մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱԼՈՒԱԾ կոչեց այն շէնքը, որ վերջերս գնուեցաւ Էշրեֆիէի մէջ ի նպաստ Անթիլիասի ամերիկահայ գաղութին մէջ կատարուած հանգանակութեանց եւ նուիրատուութիւններու գումարներով: Արդար եւ իմաստուն կարգադրութիւն` արդարեւ, որ կու գայ նուիրագործելու երախտագիտական այն զգացումները, որ մեր գաղութը, ընդհանրապէս, իր այլազան հաստատութիւններով, ունի հանդէպ գաղութի մը, որ նուիրաբերումի եւ...

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ Սին Էլ Ֆիլի Ազգային Արամեան երկսեռ վարժարանը մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կատարեց բացումը նոր յարկաբաժինին, որ ամբողջութեամբ տրամադրուած է նախակրթարանի կարգերուն: Օրուան նախագահն էր Քերովբէ Պոլեան, մինչ հովանաւորութիւնը կը վարէր Լիբանանի թեմին առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան: Կիրակի, 21 մայիս 1961, կէսօրէն ետք ժամը 4:00-ին, կոկիկ բազմութիւն մը կը լեցնէր վարժարանիս բակը, ուր կը գտնուէին...

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Պետրոս Գունտաքճեանի մահուան առիթով՝ Տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ տոքթ. Անժել Չեմպերճեան                 ------500$ Գունտաքճեան ընտանիք   ---------------------------------------------500$ Տիկին Այտա Մահսէրէճեան եւ զաւակը` Արա Մահսէրէճեան           500$

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 30 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ Բ. ՄԱՐԶԱՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 20,000 ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ ՓԱՌԱՀԵՂ ՏՈՂԱՆՑՔԻՆ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԵՑԱՆ 12 ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ 1500 ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՎ Սարսուռ մը անցաւ աւելի քան քսան հազար բազմութեան հոգիէն, երբ բարձրախօսէն բանաստեղծին պատգամը, շքեղ տեսիլքի մը հանգոյն, պայծառ ապագային պատկերը կը տեսնէր այն պատանեկան կուռ շարքերուն մէջ, որոնց տողանցքով սկսաւ միջվարժարանային երկրորդ մարզահանդէսը, Մարզական աւանին...

Page 475 of 482 1 … 474 475 476 … 482