Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

November 19, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԵՐԸ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ

300 ՀԱՅԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, անցած կիրակի օր, նոյեմբեր 12, տեղի ունեցած է Հոլանտայի հայութեան ընդհանուր ժողովը:

Հակառակ աննպաստ օդին` մօտ 30 հայրենակիցներ պատասխանած են կոչին: Ժողովին նախագահած է մեթր Էտկար Զոհրապեան: Քննութեան նիւթ դարձած է հոգեւոր հովիւի մը այցելութեան անհրաժեշտութիւնը յառաջիկայ տօնական օրերուն առիթով: Տեղւոյն վրայ հանգանակութիւն մը կատարուած է այդ առթիւ, որմէ գոյացած է մօտ 4000 կոլտըն: Որոշուած է հանգանակութիւնը շարունակել` լիովին գոհացնելու համար տրամադրուած հոգեւոր հովիւը:

Ժողովը զբաղած է նաեւ գաղութի այլ կարեւոր հարցերով:

Հոլանտայի հայութիւնը կը բաղկանայ 145 ընտանիքէ, մօտ 300 հոգի:

ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԳՈՐԾԵՐԸ
ՊԻՏԻ ՆՈՒԱԳՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.-

Իստման Ֆիլարմոնիա նուագախումբը, որ կազմուած է Իստման Սքուլ աֆ միւզիք Ռոչեսթըր համալսարանէն 85 ուսանողներէ, երեք ամսուան 25-ին ու 12 երկիրներ պիտի այցելէ` մէջն ըլլալով խորհրդային երկիրներ, Լիբանան, Թուրքիա եւ Մ. Արաբական հանրապետութիւն: Նուագախումբը պիտի նուագէ ամերիկացի հեղինակներու գործերը` մէջն ըլլալով Ալան Յովհաննէսի  գործերը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԾԵՐԱՆՈՑ-ԱՅՐԻԱՆՈՑԻ
1960-Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյրութի ծերանոց-այրիանոցի տնօրէնուհին` Հ. Վեցեման հետեւեալ հակիրճ տեղեկութիւնները գրի առած է ծերանոց-այրիանոցի 1960 տարուան գործունէութեան շուրջ: Անոնք, որոնք չեն ստացած յիշեալ հաստատութեան 1960-ի տեղեկագիրը, կրնան գաղափար մը կազմել հաստատութեան գործունէութեան մասին, ընդհանուր գործերով.

1960-ի վերջաւորութեան մեր հաստատութիւնը կը պարփակէր 96 անձեր: Հաստատութենէս նպաստ կը ստանան նաեւ 22 ծերեր, կոյրեր եւ կարօտեալներ: Յիշեալներուն ամէն ամիս, նիւթական նպաստէ զատ, կը հայթայթենք նաեւ պարէն, հագուստ եւ դեղորայք:

Հաստատութեանս ներքին կարգապահութիւնը յանձնուած է վերատեսուչի մը: Ունինք նաեւ հիւանդապահուհի մը, որ կանոնաւորաբար  կ՛այցելէ մեր հիւանդներուն եւ կը խնամէ զանոնք բժիշկներու թելադրութեանց համաձայն: Կարգ մը բժիշկներ եւ դեղագործներ մեծ սիրով եւ ազնուութեամբ բերին իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւնը` դարմանելով հիւանդներ ու հայթաթելով դեղեր ու զօրացուցիչներ:

Շնորհակալութեամբ ստացանք ՀԲԸ Միութենէն` փոշի կաթ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օգնութեան խաչէն` ամէն ամիս պարկ մը ալիւր, բաժնելու համար ծերերուն:

Մեր շրջանի եւ քաղաքի բարեկամներէն զանազան առիթներով ստացանք նիւթական օժանդակութիւն (դրամ, մատաղ եւ այլն): Բաղդատմամբ նախանցեալ տարիներուն` այս տարի նուէրներու քանակը զգալիօրէն աւելցած է:

Անցեալ տարիներու նման, այս տարի եւս օգնեցինք չքաւոր եւ թշուառ ընտանիքներու մանուկներուն եւ 85 սաներուն կրթաթոշակին կրցանք օգնել:

Ծերունիներուն հանգիստին համար անցեալ տարիներու ընթացքին անհրաժեշտ եղած նորոգութիւններու կարելի եղաւ սկսիլ այս տարի` շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» բարեսէր հիմնարկութեան մեզի ընձեռած նիւթական օժանդակութեան:

Կ՛արժէ նեցուկ ըլլալ այս անբախտ մայրերուն եւ որբեւայրիներուն եւ որեւէ ջանք չխնայել զանոնք երջանկացնելու համար:

Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ հայ եւ օտար բարեկամներու, բարեգործական եւ հայրենակցական միութիւններու, մասնաւորաբար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Բոլորին կ՛ուզենք ըսել` «Բարիք գործելէ չձանձրացաք, օգնեցէք ձեր մամիկներուն:

Նախորդը

ՃԱՏՐԱԿ.ՄԻՀԱՅԻԼ ԹԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ – ՔՐԱՄՆԻՔ` 0,5-0,5

Յաջորդը

ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։