Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 10, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱԼԽԱՍԻ

Երէկ` երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ թաղմանական կարգն ու յուղարկաւորութիւնը գրագէտ Մալխասի:

Շատ կանուխէն եկեղեցին եւ շրջակաները լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը:

Ժամը ճիշդ 2:00-ին Ամերիկեան հիւանդանոցէն դագաղը բերուեցաւ եկեղեցի:

Ժամը ճիշդ 3:00-ին սկսաւ արարողութիւնը:

Արարողութեանց կը նախագահէր Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան` շրջապատուած վարդապետներով եւ տասնեակ մը քահանայ հայրերով:

Յաւարտ արարողութեան, սրբազանը խօսեցաւ հոգեշունչ եւ իմաստալից դամբանական մը,` վեր հանելով հանգուցեալին արժանիքները` իբրեւ գրողի, մտաւորականի եւ յեղափոխականի:

Սրբազանը յանուն Ազգային իշխանութիւններուն` ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալին այրիին եւ անոր գաղափարի ընկերներուն:

Տեղատարափ անձրեւին պատճառով տեղւոյն վրայ յարմար նկատուեցաւ, որ դամբանականները խօսուին Քառասուն Մանկանց դպրոցի բակին մէջ, ուր փոխադրուեցաւ հանգուցալի դագաղը` եռագոյնով ծածկուած:

Համազգայինի եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի կողմէ խօսեցաւ Մ. Իշխան` դրուատանքով, եւ ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի այրիին ու պարագաներուն:

Ապա, ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինին կողմէ խօսք առաւ Կարօ Սասունի, որ Դաշնակցութեան բոլոր կեդր. կոմիտէներուն եւ մարմիններուն կողմէ ցաւակցութեան խօսք ուղղեց այրիին եւ ներկայ գտնուող հազարաւոր երիտասարդ ընկերներուն եւ բարեկամներուն:

Դամբանականները պիտի տանք մանրամասն մեր յաջորդ թիւերով:

Հակառակ տեղատարափ սաստիկ անձրեւին` թափօրը կազմուեցաւ:

Դագաղը եկեղեցւոյ դռնէն դուրս ելած ատեն Պուրճ Համուտի ոստիկաններու ջոկատ մը, իրենց պետերուն առաջնորդութեամբ, պատուի առին` բերելով յարգանքի իրենց բաժինը:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, արծուիկները են Անդր Նահրի բոլոր վարժարաններու աշակերտութիւնը կարգի շարուած` իրենց որդիական յարգանքը մատուցին մեծ անհետացողին: Անձրեւը արգելք եղաւ սակայն, որ հազարաւոր դպրոցականներ հետեւին դագաղին:

Ապա քաջարի երիտասարդ ընկերներ եւ սկաուտներ, անգոսնելով բուք ու բորանը, մինչեւ գերեզմանատուն ձեռամբարձ տարին դագաղը` անցնելով հայկական թաղերէն:

Ստուար բազմութիւն մը նախապէս արդէն հասած էր գերեզմանատուն, ուր եկեղեցական-թաղմանական կարգէն ետք ընդհանուր յուզումի մէջ հողին յանձնուեցաւ Մալխաս, իր այնքան սիրած հայ ժողովուրդի գերեզմանատան մէջ, հայ ժողովուրդի ընդերքին մէջ գտնելու համար իր վերջին հանգիստը:

Յուղարկաւորները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին տիկին Մալխասին եւ կուսակցական Գերագոյն մարմինին:

Ծաղկեպսակներ ղրկած էին`

ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ Հրուանդանի Կ. Կոմիտէն, տիկին Աննիկ Մալխաս, իր զաւակը եւ թոռնիկը, ՀՅԴ Պէյրութի եւ Անդր Նահրի բոլոր կոմիտէները, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, Պէյրութի  վարչութիւնը, Ճեմարանի Շրջ. միութիւնը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը, Լիբ. օգն. խաչի Կեդր. վարչութիւնը, «Ազդակ», «Ազատ Օր» (Յունաստան), ՀՄԸՄ-ի շրջանային եւ քաղաքի ու Անդր Նահրի բոլոր վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` Օգն. խաչի քաղաքի եւ Անդր Նահրի բոլոր մասնաճիւղերը, Քառասուն Մանկանց, Նոր Սիսի եւ Ատանայի թաղական խորհուրդները եւ անոնց յարակից բոլոր վարժարանները, Աբգարեան եւ Էհրամճեան վարժարանները, Հայ աւետարանական քոլեճը (Պէյրութ), Գէորգ Երեւանեան, Դադարեան ընտանիք, Վարուժան Աղասարգիսեան, Համավասպուրական հայրենակցական միութեան Կեդր. վարչութիւնը եւ Պէյրութի վարչութիւնը:

Թափօրի անցած բոլոր թաղերուն մէջ հայերու եւ արաբներու պատկանող բոլոր խանութները գոցուած էին` ի յարգանս ննջեցեալին:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (10 յունուար 2012)

Յաջորդը

ՊՈԼՍԱԿԱՆ ՕՐԵՐԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։