Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 11, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՄՍԵՐ

«ՄԻՀՐԱՆԱԿԱՆ» ԿՈՉ ՄԸ

Ո՞վ չի գիտեր ստախօս հովիւ Միհրանին պատմութիւնը: Այն, որ քանի՜ քանի՛ անգամ խաբած էր գիւղացիները` «գայլ կա՛յ» պոռալով: Եւ օր մըն ալ, երբ իրապէս եկած էին գայլերը, ոչ ոք հաւատացած էր անոր, ու գազանները յօշոտած էին զայն` իր հօտին հետ միասին:

Այս օրերուն, ռամկավար եւ միւս «հայաստանասէր» խմբագիրները «միհրանական» այդ կացութեան մէջ կը գտնուին` պատմութեան հակառակ ձեւով: Տարիներ շարունակ, երբ «գայլ» կար մեր հայրենիքը, եւ յաճախ կ՛առնէր ու կը տանէր բնակչութեան մէկ մասը` անծանօթ վայրեր յօշոտելու համար, սփիւռքի «հայաստանասէր» խմբագիրները կը յայտարարէին, թէ ո՛չ միայն «գայլ» չկար, այլեւ երկիրը դրախտ էր, ու «հօտը» կ՛ապրէր ամենայն երջանկութեամբ, լաւ կ՛ուտէր եւ կը խմէր:

Այս ոճրային հեքիաթը շարունակուեցաւ երկար տարիներ, մինչեւ վերջերս, երբ Մոսկուայի մեծ հովուապետը ընդունեց, թէ իրօք մարդակերպ գայլեր եղած են ու յօշոտած` նաեւ մեր հայրենիքի բնակչութիւնը:

Այս ոճրապատումին հետ գրեթէ միաժամանակ յայտարարուեցաւ, թէ կրկին ներգաղթ պիտի կատարուի դէպի Խորհրդային Հայաստան: Այսինքն «հովիւ Միհրան»-ները նոր հօտի պէտք ունին, եւ անհրաժեշտ է «ապահովութիւն» ներշնչել բանաւոր հօտին:

Պիտի գտնուի՞ն սակայն բանաւոր յիմարացողներ:

Հովիւ Միհրանի պատմագիրները կը յիշեն, թէ այդ ստախօսը հազիւ քանի մը անգամ առիթ ունեցած էր խաբելու գիւղացիները: Եւ ժամանակ մը ետք վճարած էր իր սուտին փոխարժէքը` իր ու իր հօտին կեանքով:

Իսկ մեր «հայրենասէր» հովիւները աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր կը ստեն երկրի հօտին կեանքի պայմաններուն մասին:

Իրենց քառասուն տարիներու խաբէութիւնը դեռ նոր ընդունեցին, այն ալ` «կարգ մը սխալներ» եղած են ըսելով, եւ հեռաւոր գազաններու վերագրելով կատարուած նախճիրները:

«Փորձեալը փորձել յիմարութիւն է», կ՛ըսէ աւետարանական ճշմարտութիւնը»:

Իսկ քառասուն տարի փորձուածը կրկին փորձողներուն ի՞նչ պէտք է ըսել…

Իրապէս, մեր ժողովուրդին իմացականութեան համբաւը լուրջ փորձաքարի մը առջեւ դրուած է ներգաղթի «միհրանական» կոչով…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

ՃԵՄԱՐԱՆԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Շաբաթ, 6 յունուար, ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած Ս. ծննդեան աւանդական հանդիպումը:

Բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ե. Փամպուքեան, որ խօսքը տուաւ Ճեմարանի տնօրէն Ս. Վրացեանին, որ մօտ կէս ժամ խօսեցաւ աշխարի եւ մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մասին եւ լաւագոյն ապագային համար բարեմաղթութիւններ ըրաւ:

Իր խօսքին մէջ Ս. Վրացեան յայտնեց, թէ Համազգայինի կեդր. վարչութիւնը որոշած է ճեմարանի թիւ 1 սրահը կոչել «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ առ ի երախտագիտութիւն բարոյական եւ նիւթական այն բոլորանուէր աջակցութեան, որ ճեմարանի հիմնադրութենէն ի վեր Յ. Տէր Մելքոնեան ընծայած է հայ մշակոյթի այս տան: Այս յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով:

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք Կեդր. վարչութեան այս որոշումը, որ արդարօրէն կու գայ գնահատելու մեր վաստակաւոր ընկերոջ բազմամեայ գործունէութիւնը` ի սպաս Համազգայինին: Արդարեւ, Յ. Տէր Մելքոնեան գործնապէս մղիչ ուժը հանդիսացաւ ճեմարանի բարգաւաճման եւ վերելքին ու մասնաւորաբար եղաւ ճեմարանի ներկայ շէնքին գնման գլխաւոր դերակատարը` նիւթական եւ բարոյական լայն զոհողութիւններով:

Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ իր գեղարուեստական բաժինը: Երգեց երգչուհի Ա. Փեհլիվանեան, արտասանեց Միսաք Ապաճեան, իսկ «Բագին»-ի մէջ լոյս տեսած Համաստեղի «Հայ ոգին» կարդաց Բ. Փափազեան:

Ներկաները այնուհետեւ առաջնորդուեցան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը, ուր շնորհաւորեցին Յ. Տէր Մելքոնեանը եւ իր կինը:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (11 յունուար 2012)

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.