50 Տարի Առաջ ( 2 ապրիլ 1962 )
Խմբագրական «Պնակ Մը Կերակուր» Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերն ու իրենց օժանդակ յանձնախումբերը վաղը պիտի շրջին տունէ տուն` «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան համար: Բազմիցս խօսուած է այս ձեռնարկին մասին, որ աւանդութիւն մըն է այլեւս: «Քիչ նուիրելով` շատ նպաստել», կամ` «կաթիլ»-ներով լիճ գոյացնել: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ` դիւրացնել անկարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին հաւաքական-հանրային մեր կեանքին մէջ, բազմահազար չքաւոր կամ...