Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկէսի Դպրոցը

March 3, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նուվ Սրէյ Լին 11 տարեկան է: Ան կ՛ապրի իր մօր եւ 11 քոյրեր եւ եղբայրներուն հետ, Քամպոտիոյ երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքին` Պաթամպանկի մէջ եւ իւրայատուկ դպրոց մը կը յաճախէ:

***

Իր տունէն քանի մը փողոց անդին, բարձր դաշտի մը եզերքին կը գտնուի Ֆար Փոնլը Սելփաք դպրոցը: Այս վայրը նախակրթարանէն մինչեւ ԺԲ. դասարանները ընդգրկող դպրոց մըն է, եւ նոյն ատեն արուեստագիտական դասաւանդութեան կեդրոն մը:

Այս միութիւնը փողոցները մնացած մանուկներուն, որբերուն եւ դպրոց երթալու բաւականաչափ դրամ չունեցող պատանիներուն արուեստի տարբեր տեսակներ կը դասաւանդէ: Հոն աշակերտները կը սորվին գծագրութիւն, երաժշտութիւն, պար կամ կրկէսի յատուկ դասեր:

Սրէյ շատ բախտաւոր է: Քամպոտիան աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներէն մէկն է, եւ ժողովուրդին 45 առ հարիւրը անգրագէտ է: Մեծ թիւով մանուկներ ստիպուած են աշխատիլ` կարենալ ապրելու համար:

***

Նուվ Սրէյ առտուն կանուխ կ՛ելլէ տան գործերով զբաղելու եւ իր պզտիկ քրոջ հոգ տանելու համար: Ապա ան դպրոց կ՛երթայ, ետքն ալ` կրկէսի դասերուն հետեւելու համար:

Նուվ Սրէյի դպրոցը կը յաճախեն 6 – 18 տարեկան 1500 աշակերտներ: Հոն ուսումը ձրի է: Այս մանուկներուն համար այս դպրոցը, որ իրենց թէ՛ ուսում, թէ՛ ալ արհեստ մը կը սորվեցնէ, թշուառութենէն խուսափելու միջոցն է:

***

Կրկէսի դպրոցը օրական կ՛ընդունի եւ կը մարզէ աւելի քան 120 մանուկ եւ պատանի. անոնք կը հետեւին` լարախաղացութեան, ձեռնածութեան, ոլորումի, հաւասարակշռութեան դասերու:

Նուվ Սրէյի համար կրկէսը նոյն ատեն թէ՛ սիրուած ժամանց մըն է եւ թէ՛ ալ ապագայի արհեստ մը: Անոր մասնագիտութիւնը մարմնին ոլորումն է. սակայն ան կը սիրէ նաեւ պարը, եւ կախուած կերպասի միջոցով, գետնէն քանի մը մեթր բարձր, գեղարուեստական ձեւեր ընել: Նուվ Սրէյ կ՛երազէ աշխարհը պտտիլ այս դպրոցին խումբերէն մէկուն հետ:

Պատանի արուեստագէտները ամէն շաբաթ ելոյթ կ՛ունենան հանդիսատեսներու առջեւ: Եւ ամէն տարի դպրոցը ներկայացում մը կը պատրաստէ եւ կը շրջի Եւրոպա, հարաւարեւելեան Ասիան եւ Միացեալ Նահանգները:

 

Հարցարան

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

1) Քոալային մատներուն հետքերը շատ նման են մարդ արարածին մատներու հետքերուն:…… Ճ/Ս

2) Փեքինի կենդանաբանական պարտէզին մէջ գոյութիւն ունի տարօրինակ ընձուղտ մը, որ ունի հինգ ոտք:…………… Ճ/Ս

3) Ռնգեղջիւրին եղջիւրը կազմուած է խտացուած մազի թելերէ:…….. Ճ/Ս

4) Նոր Զելանտայի մէջ կ՛ապրի թութակի տեսակ մը, որ շատ կը սիրէ ինքնաշարժներուն ապակիներուն շուրջը գտնուող ձգախէժէ երիզները: Այս թռչունները կը կրծեն եւ կը յաջողին քաշել այս ձգախէժէ երիզները:…………. Ճ/Ս

5) Խաղողի ողկոյզները կը պայթին, երբ մենք զանոնք մանրալիք փուռին մէջ դնենք:…………… Ճ/Ս

6) Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին անգլիացի զինուորները իրենց պայուսակներուն մէջ ունէին խաղաթուղթեր, որպէսզի չձանձրանան, եթէ գերեվարուին:………….. Ճ/Ս

 

7) Հռոմէացի կայսր Կալիկուլա իր ձին ծերակոյտի անդամ նշանակած է:…………… Ճ/Ս

8) 1666 թուականին ահաւոր հրդեհ մը աւերած է Լոնտոնը: Քաղաքին կէսը մոխիրի վերածուած է, եւ աւելի քան մէկ միլիոն անձեր մահացած են:………….. Ճ/Ս

9) Հին եգիպտացիները պզտիկ բուրգեր կը շինէին իրենց կատուները թաղելու համար:…………… Ճ/Ս

10) Ստեպղինները 0 առ հարիւր բուսական իւղեր ունին:……………… Ճ/Ս

11) Աւստրալիոյ մէջ կատուազգիներու ընտանիքին պատկանող ոչ մէկ մեծ անասուն (առիւծ, վագր, փումա…) կրնանք գտնել:……. Ճ/Ս

12) Անաքոնտա վիշապը կրնայ երկու տարի առանց ուտելու ապրիլ:………… Ճ/Ս

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

Ազա՞տ Դպրոց Մը

Անգլիոյ մէջ բացուած են 24 նոր ազատ դպրոցներ: Սակայն ի՞նչ է ազատ դպրոցը… Այս դպրոցներուն մէջ ծնողներն են, որոնք կ՛ընտրեն իրենց զաւակներուն դասերը եւ ուսուցիչները: Նոյն ժամանակ ծնողները կը կազմեն իրենց զաւակներուն դասացուցակները: Օրինակի համար, ծնողքդ կը փափաքի, որ դուն աւելի երաժշտութիւն, մարզանք կամ գծագրութիւն ընես, կամ կը նախընտրէ, որ աւելի գիտական նիւթերու, լեզուներու կամ թուաբանութեան ուժ տաս…

Դուն ի՞նչ կը մտածես: Արդեօք ծնողները բաւարար տեղեկութիւններ ունի՞ն նման որոշումներ տալու բարձր դասարաններուն մէջ, թէ՞ կը մտածես, որ նախընտրելի է կրթութեան մասնագէտներուն ձգել դասերու կազմակերպումը եւ ուսուցիչներու ընտրութիւնը:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

Անգլիացի գիտնական մը հարցաքննած է նոյն տարիքի 17,200 չափահասներ 16 տարեկանին իրենց ժամանցներուն մասին:

Ան նշմարած է, թէ անոնք, որոնք յաճախ կը կարդային, ապագային իրենց ասպարէզներուն մէջ աւելի յաջող եղած են:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Աշխարհի ամէնէն կարճ տեւած պատերազմը տեղի ունեցած է Զանզիպարի եւ Անգլիոյ միջեւ, 1896-ին: Անիկա տեւած է 40 վայրկեան:
  • Չափահաս անձի մը կմախքը կը կշռէ 4 քիլօ:
  • Փայլածուն եւ Արուսեակը միակ երկու մոլորակներն են, որոնք լուսին չունին:
  • Վարդագոյնը իսկապէս գոյութիւն ունեցող գոյն մը չէ: Անիկա ճերմակ լոյսն է` առանց կանաչ գոյնին:
  • Նիւ Եորք եւ Լոնտոն ամէն տարի իրարմէ մօտաւորապէս երկու սանթիմեթր կը հեռանան:
  • Շան մը շնչառութիւնը մարդուն շնչառութենէն 1000 անգամ աւելի զօրաւոր է:
  • Առաջին արձանագրուած ձայնը, «Քլեր տը լիւն» երգող կնոջ մը ձայնն էր, 1860 թուականին:
  • Երեւակին, Հայփիրիւն լուսինը ծովու սպունգի մը կը նմանի:
  • Շուներու յատուկ ուտելիքի պատկերասփիւռի ծանուցումի մը մէջ արձանագրուած են ձայներ, զորս միայն շուները կրնան լսել:
  • Մեքենայի վրայ գրուած առաջին վէպը եղած է «Ատվենչըրզ օֆ Թոմ Սոյըր»-ը:

 

Ուիլիըմ Շէյքսփիրի Գաղտնի՞քը

Ինչո՞ւ մարդիկը կը մտածեն, որ 16-րդ դարու անգլիացի նշանաւոր թատերագիր Ուիլիըմ Շէյքսփիրը չէ իր գրութիւններուն հեղինակը: Դարերու ընթացքին մարդիկ վիճաբանած են գիտնալու համար, թէ ան իսկապէս գրա՞ծ է իրեն վերագրուող բոլոր թատրերգութիւնները եւ բանաստեղծութիւնները: Շատեր հարց տուած են. ինչպէ՞ս Շէյքսփիրի նման համեստ ծագումով անձ մը կրցած է նման հանճարեղ գործեր արտադրել: Ուրիշներ կը մտածեն, որ միայն հարուստ եւ ուսեալ անձ մը կրնայ նման մեծ գործեր գրել: Իսկ ուրիշներ ալ կը հաւատան, որ ուրիշ անձեր գրած են Շէյքսփիրին անունը կրող շատ մը գործեր:

Սակայն ո՛չ մէկ փաստ կայ, թէ ուրիշներ գրած են Շէյքսփիրի թատրերգութիւններն ու բանաստեղծութիւնները:

Քանի՞ թատրերգութիւն գրած է Շէյքսփիր
1589 թուականէն սկսեալ` Ուիլիըմ Շէյքսփիր գրած է ընդամէնը 37 թատրերգութիւն: Սակայն Շէյքսփիր իր այս գրութիւններէն ո՛չ մէկը հրատարակած է: Անոնք տպուած են իր մահէն ետք, երկու դերասաններու կողմէ, որոնք ուզած են ցոյց տալ իրենց հիացումը անոր հանդէպ:

Ինչո՞ւ այր մարդիկ կիներու դերերը կը խաղային Շէյքսփիրի թատրերգութիւններուն մէջ
Արդեօ՞ք Ժիւլիէթի դերը այր մարդ մը խաղացած է «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ի առաջին ներկայացումին մէջ, 1500-ական թուականներուն: Այո՛. այդ ժամանակաշրջանին բեմ կը բարձրանային միայն այր մարդիկ: Կիներուն արգիլուած էր: Այս վիճակը փոխուեցաւ 1660 թուականին, երբ Անգլիոյ մէջ կին դերասանուհի մը` Մարկարեթ Հիուզ անունով, Շէյքսփիրի «Օթելլօ» թատրերգութեան գլխաւոր իգական դերը խաղցաւ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս վրան հասնիլ միշտ դրօշակներու շարքը հետեւելով` սեւ, ճերմակ, մոխրագոյն:

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այս կօշիկը, որ իր զոյգը չունի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

Ո՞վ հնարած է արեւի ակնոցները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխան

Չինացիները: 15-րդ դարու չինացի դատաւորները մութ ապակիներով ակնոցներ կը գործածէին, որպէսզի շուրջինները չկռահեն իրենց մտածածը: Արեւի լոյսէն պաշտպանուելու համար ակնոցներ գործածելը տարածուեցաւ 1930-ական թուականներուն, երբ օդաչուները սկսան զանոնք գործածել զօրաւոր արեւուն դէմ թռչելու ընթացքին:

Պատասխաններ

1 – Ճ, 2 – Ս, 3 – Ճ, 4 – Ճ, 5 – Ճ, 6 – Ս, 7 – Ճ, 8 – Ս, 9 – Ճ, 10 – Ճ, 11 – Ճ, 12 – Ճ:

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 մարտ 1962)

Յաջորդը

Սպառողներու, Ջուրի Եւ Օդերեւութաբանութեան Օրերը

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.