Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 5 մայիս 1962 )

Ժիւնիի Եկեղեցւոյ Ուխտի Օրուայ Տօնակատարութիւնները (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիրակի, 29 ապրիլի օրը Ժիւնիի հայութիւնը տօնական վիճակի մէջ էր: Ժիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ուխտի օրն էր այդ օր եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուած էր փայլուն եւ արժանավայել կերպով ընդունելու վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ը, որ բարեհաճած էր հայրապետական իր երկրորդ այցելութիւնը շնորհել Ժիւնիի հայութեան: Հրաւէրներ ղրկուած էին հայ թէ օտար բազմաթիւ...

«Հպարտութեամբ Կ՛Ըսեմ, Որ ՀՄԸՄ-ի Եւ ՀՅԴ-ի Ընդմէջէն Ես Կրցած Եմ Բարձրանալ Այսօրուան Դիրքիս» Կ՛Ըսէ Յակոբ Խաչերեան (Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար)

ՀՄԸՄ-ի քարոզչական յանձնախումբը իր այս թիւով կը հրապարակէ յատուկ զրոյց մը Յ. Խաչերեանի հետ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով: Հարցազրոյցին ընթացքին կ՛անդրադառնանք Յ. Խաչերեանի կենսագրականին, անոր ստանձնած պաշտօններուն, ՀՄԸՄ-ի ընդմէջէն իր հասած հպարտալի դիրքին, ՀՄԸՄ-ի կարգախօսը բարձր պահելու եւ գործադրելու պատրաստակամութեան: Յակոբ Խաչերեան ծնած է 1954-ին, Հալէպ: 6 տարեկանին, ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ- Հալէպի գայլիկական վոհմակին, մինչեւ...

50 Տարի Առաջ ( 4 մայիս 1962 )

Ե՞րբ Սկսած Են Թրքական Ջարդերը 19-րդ Դարու Ջարդերը Հայկական Յեղափոխութիւնը Սկսաւ Այդ Ջարդերէն Թուրքիոյ հպատակ ժողովուրդները, մասնաւորաբար 19-րդ դարուն, ահռելի տառապանքներու եւ ջարդերու ենթարկուած են: Անոնք ոչ կեանքի, ոչ գոյքի եւ ոչ պատուի ապահովութիւն ունէին: Քրիստոնեայ հպատակը «կեաւուր», «Ֆըլայ» կամ «խընզըր» կը կոչուէր: Մահը, կոտորածը դամոկլեան սուրի պէս կախուած էր ամէն պահ անոնց գլխին: 1822 թուականէն մինչեւ 1922` մէկ դարու...

50 Տարի Առաջ ( 3 մայիս 1962 )

Ապրիլ 24-ը Զահլէի Մէջ Ճիշդ օրը, առաւօտ ժամը 10:00-ին, ապրիլեան նահատակներու յիշատակի հանդէսը տեղի ունեցաւ «Պաթանեան» սրահին մէջ: Ներկայ էր երկսեռ հոծ բազմութիւն մը, ՀՄԸՄ-ի գայլիկները` իրենց վարիչով եւ գեղեցիկ ծաղկեպսակով մը: Կենդանի պատկեր մը կը ներկայացնէր հայուն անցեալի տառապանքը եւ զարթօնքը: Նախագահ Յովսէփ վրդ. Պասմաճեան իր բացման խօսքով ծանրացաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգիին, կրօնասիրութեան, առաքինութիւններուն, ազգային գաղափարներուն, մաքուր հայրենասիրութեան...

50 Տարի Առաջ ( 1 մայիս 1962 )

Արտասանական Մրցման Հանդէս Ս. Քառասնից Մանկանց, Լուսինեան եւ Նուպարեան ազգային վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւններ միասնաբար կազմակերպած էին արտասանական մրցում մը 18 ապրիլի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Սինէ Սեւան»ի մէջ: Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր ներկայ գտնուելու մրցման հանդէսին: Մրցումին արտասանուելիք պարտադիր կտորն էր` Սարմէնի «Հայրենի տուն»ը: Անկէ դուրս, իւրաքանչիւր արտասանող պիտի արտասանէր ազատ նիւթ մը: ՍՔՄ Շրջանային միութեան ատենապետը կարճ խօսքով բացատրեց...

50 տարի առաջ ( 30 ապրիլ 1962 )

Զատկական Պատարագը Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ Կիրակի, Ս. Զատիկին, կարտինալ Աղաճանեան` կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, հայրապետական Ս. պատարագ մատոյց Ս. Գրիգոր եւ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցին նեղ կու գար բազմահազար երկսեռ հայ հաւատացեալներուն առջեւ: Ներկաներուն մէջ քիչ չէր թիւը ֆրերներու, փերերու, սէօրերու, ինչպէս նաեւ մայր եկեղեցւոյ զաւակներուս, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու օրուան վսեմ խորհուրդին եւ հաղորդուելու օրուան...

Ժամանակն Է Քնանալու…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 75 տարեկանին մենք 25 տարին անցուցած պիտի ըլլանք քնանալով: Սակայն այս ժամանակը պարապի չ՛երթար. անիկա անհրաժեշտ է մեր կեանքին: Մենք մեր կեանքին մէկ երրորդը քնանալով կ՛անցընենք: Սակայն մի՛ կարծէք, թէ այս ձեւով մենք ժամանակ կորսնցուցած կ՛ըլլանք: Երբ մենք կը քնանանք, մեր մարմինը կը հանգչի, կը նորոգուի եւ կը մեծնայ: Օրուան ընթացքին մեր սորված գիտելիքները կ՛ամրապնդուին մեր...

50 Տարի Առաջ ( 28 ապրիլ 1962 )

Ս. Զատիկի Տօնը Լիբանանի Մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքները կիրակի, ապրիլի 22-ին, ջերմեռանդ խանդավառութեամբ տօնեցին Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը: Հանրապետութեան նախագահը զօրավար Ֆուատ Շեհապ կիրակի օր Պէյրութի մարոնիներու Ս. Գէորգ մայր տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ հանդիսաւոր պատարագի` իր կողքին ունենալով վարչապետը, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Հայ համայնքը եւս անմասն չմնաց այս ընդհանուր խանդավառութենէն: Լիբանանի թեմի Հայաստանեայց եկեղեցիները լեցուած...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին ստեղծուած միասնական մթնոլորտին առիթով` Տէր եւ տիկին Կարպիս Մարգարեան 100,000 լ. ո. Երկրաչափ Վարուժան Թորոսեանի մահուան առիթով` Թիւթէլեան ընտանիք 50,000 լ. ո.

50 տարի առաջ ( 27 ապրիլ 1962 )

Խմբագրական Սփիւռքը Տէրն Է Իր Ճակատագրին Հայ կեանքը, երկրէ երկիր, ներկայիս կը պարզէ դրական երեւոյթներու շարք մը, որ եթէ հակադրենք մեր իրականութեան հետ առնչութիւն ունեցող կարգ մը տխուր երեւոյթներու, լաւատես ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ կը գտնենք: Անկախ հայրենիքի վերելքէն, որ առաւելաբար արդիւնքն է հայ ժողովուրդի շինարար եւ ստեղծագործ տաղանդին եւ բարեմասնութիւններուն, այդ վերելքին զուգահեռ, անոր նպաստող, զայն ամբողջացնող երեւոյթ է վերջին...

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Ազգային մը (Նիւ Ճըրզիէն) 250 $ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ 50,000 լ. ո.

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Մարի Աբրահամեանի մահուան քառասունքին առիթով` Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարալ Լատոյեան 50,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Զապէլ Ֆերմանեան 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ ( 23 ապրիլ 1962 )

ՀՅԴ Պատանեկան Կեանք «Չարշըլը Արթին Աղայի» Ներկայացումը Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան, Հայաշէնի Համազգայինի «Նաւասարդ» թատերախումբը, ղեկավարութեամբ Արամ Միրաքեանի, շաբաթ, 7 եւ կիրակի 8 ապրիլ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին ներկայացուց Երուանդ Օտեանի եւ Միքայէլ Կիւրճեանի «Չարշըլը Արթին աղա» երեք արար կատակերգութիւնը, Քարանթինայի Օգնութեան խաչի սրահին մէջ, որ յատկապէս նեղ կու գար կիրակի երեկոյեան խճողուած հասարակութեան: «Դանիէլ Վարուժան»ի ժրաջան պատանիները...

Շրջող Թանգարան Մը

Երեւակայեցէք թանգարան մը, որ շինուած է միայն մանուկներու համար, եւ որ կը շրջի աշխարհին տարածքին` անոնց հմայուած աչքերուն առջեւ ցուցադրելու համար արուեստի գործեր... Այս թանգարանը գոյութիւն ունի: Ան մումոն է: Մումօ կը նշանակէ միւզէ մոպիլ (շարժուն թանգարան): Այս թանգարանը ուրիշ թանգարաններու նման չէ. ան կը գտնուի հսկայ փոխադրակառքի մը մէջ: Ֆրանսայի տարբեր շրջանները այցելելէ ետք ան հասած է Ափրիկէ եւ...

50 Տարի Առաջ ( 21 ապրիլ 1962 )

Խմբագրական Երկու Խաչեր Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը այս տարի քրիստոնէութեան մեծագոյն տօնը` Քրիստոսի յարութիւնը եւ հայութեան մեծ Եղեռնի տարեդարձը գրեթէ նոյն թուականներուն կը տօնուին: Առանց այս զուգադիպութեան ալ, Քրիստոսի խաչելութեան խորհուրդը դարերով խառնուած է խորհուրդին հետ ժողովուրդի մը գողգոթային, որ նոյնքան տաժանելի ու տառապալի եղած է, որքան` Մեծ Վարդապետինը: Քրիստոսի խաչը որեւէ ազգի վրայ այնքան ծանր չէ կշռած, որքան` հայութեան, որ...

50 Տարի Առաջ ( 20 ապրիլ 1962 )

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մկրտարանի Աւազանին Շինութիւնը Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծուխերէն, Յովհաննէս Գազազեան, աստուածահաճոյ եւ ուրախառիթ գաղափարը ունեցած է հիմնովին եւ ամբողջական կերպով բարեփոխութեան ենթարկելու եկեղեցւոյս մկրտարանը: Շուրջ չորս հազար լիբ. ոսկիի ծախքով մը, Յովհաննէս Գազազեան իր անմիջական հսկողութեամբ եւ աշխատանքներուն ուղղակի մասնակցութեամբ կարողացած է շինել տալ ակնահաճոյ եւ նրբակառոյց մկրտութեան աւազան մը եւ նրբաճաշակ կերպով զարդարել...

Փորձ-Հարցարան. «Մութ» Անձերը Որքանո՞վ Կը Հմայեն Ձեզ

Յաճախ «մութ» անձերը խորհրդաւոր կ՛ըլլան եւ երբեմն ալ` կասկածելի: Որքանո՞վ կը հմայուիք այսպիսի անձերով. կրնա՞յ ըլլալ, որ կեանքի ընկեր ընտրէ «մութ» ու խորհրդաւոր անձ մը, թէ՞ կը փնտռէք թափանցիկն ու ուղղամիտը: Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Ձեր բարեկամը շատ քիչ կը պատմէ իր անցեալին մասին, ա.- Անսովոր ոչինչ կը տենէք: բ.- Հետաքրքրուած էք իր ներկայով եւ ապագայով:...

50 Տարի Առաջ ( 19 ապրիլ 1962 )

Ծաղկազարդը Նոր Մարաշի Մէջ Նոր Մարաշի մէջ Ծաղկազարդը այս տարի տօնուեցաւ բացառիկ հանդիսութեամբ: Խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին` կատարելու համար իր կրօնական պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյս նորակառոյց մկրտարանի բացման արարողութեան: Մահտեսի Յովհաննէս Գազազեան ազնիւ գաղափարն ունեցած էր հիմնապէս բարեփոխելու եկեղեցւոյս Ս. մկրտարանը: Թեմիս բարեջան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ տուաւ յաւուր...

Page 453 of 482 1 … 452 453 454 … 482