Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 20 ապրիլ 1962 )

April 20, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
Մկրտարանի
Աւազանին Շինութիւնը

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծուխերէն, Յովհաննէս Գազազեան, աստուածահաճոյ եւ ուրախառիթ գաղափարը ունեցած է հիմնովին եւ ամբողջական կերպով բարեփոխութեան ենթարկելու եկեղեցւոյս մկրտարանը: Շուրջ չորս հազար լիբ. ոսկիի ծախքով մը, Յովհաննէս Գազազեան իր անմիջական հսկողութեամբ եւ աշխատանքներուն ուղղակի մասնակցութեամբ կարողացած է շինել տալ ակնահաճոյ եւ նրբակառոյց մկրտութեան աւազան մը եւ նրբաճաշակ կերպով զարդարել անոր շուրջ բոլորը: Ամբողջութեամբ ճերմակ մարմար Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան նկարին նուրբ փորագրութեամբ, ջահերու եւ ելեկտրական լոյսերու ճաշակաւոր սարքաւորումով, ինչպէս նաեւ տաք ջուրի ինքնաշխատ սարոյքով օժտուած` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մկրտարանը ազնուահոգի եւ խորապէս հաւատացեալ հայու մը բարի հոգիին արգասիքն է:

1894-ին Մարաշ ծնած, նահապետական ընտանիքի մը զաւակ Յովհաննէս Գազազեան, ապրիլեան եղեռնէն հրաշքով մը փրկուելով կ՛ուխտէ իր կեանքին մնացեալ օրերուն մէջ, իր ուժերուն ներած չափով օգտակար հանդիսանալ  իր ազգին եւ կրօնին: Ու այնուհետեւ Մարաշի, Ղազիրի եւ Պէյրութի մէջ ան հոգեպէս կը փարի ազգային գործին` իր օգտաշատ ծառայութիւնը բերելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին, տասներկու տարի անընդմէջ համանուն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Նոր Մարաշ թաղի հողային վարչութեան եւ Ժտէյտէի քաղաքապետութեան իբրեւ հայ լուսաւորչական համայնքի ներկայացուցիչ:

Իր յառաջացեալ տարիքին մէջ, ի յիշատակ իր գերդաստանի համայն ննջեցեալներուն, այս գեղեցիկ եւ սուրբ մկրտութեան աւազանը շինելով Յովհաննէս Գազազեան կը մաղթէ, որ հայ ազգը խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ վայելէ զայն, որպէսզի` «Վայելողքդ ասասջիք ողորմի Աստուած իւրոյ ննջեցելոց»:

Գ.

Զուարթ Նոթեր

Մանրավէպ մը` Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն:

Էջմիածնի մէջ, Ընծայարանի տարեվերջի քննութեանց ժամանակ, քննիչներուն առջեւ է ուսանող մը, զոր շատ կը սիրէր Կոմիտաս` երգի եւ ձայնագրութեան մէջ ցոյց տուած ընդունակութեան եւ բնատուր շնորհքներուն համար: Քննութեան նիւթը` ազգ. պատմութիւն, որուն մէջ շատ տկար էր ուսանողը:

Կոմիտաս վարդապետ ներկայ է քննութեան:

Քննիչը կը հարցնէ, թէ ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին, հին պատմական յիշատակարան մը, որ կը համարուի Կոմիտաս կաթողիկոսին ձեռակերտը:

Ուսանողը չի գիտեր:

Հարցումը կը կրկնուի.

– Ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին ու վանքը:

Պապանձումն Զաքարիայի:

Կոմիտաս վարդապետ կ՛ուտէ ինքզինք: Շատ կը փափաքի, որ յաջողի իր սիրելի աշակերտը: Քննիչին ետեւը կանգնած` շրթները կը բանայ կը գոցէ, բան մը կ՛ըսէ: Աշակերտը կը նայի, բայց չի հասկնար: Կոմիտաս վարդապետ ձեռքը սիրտին վրայ կը դնէ քանի մը անգամ ու կը շարժէ շրթները: Աշակերտը տխրօրէն կը նայի ուսուցիչին շարժումներուն եւ յանկարծ կը գոչէ յաղթական:

– Ս. Հռիփսիմեանց վանքը շինողն է Կոմիտաս վարդապետը:

***

Երուանդ Օտեան թերթ մը կը հրատարակէր Գահիրէի մէջ, սահմանադրութենէն առաջ, «Ազատ Բեմ», ուր լոյս տեսած են հետեւեալ բառախաղերը. Պոլսոյ մտաւորականները գրական սալոններ կը կազմակերպէին ժամանակին` զուարճանալու համար բառերու խաղերով, երբ ուրիշներ լծուած էին գաղափարներու պայքարի: Սալոնական այդ սովորութիւնները ժամանակ մըն ալ փոխադրուեցան Գահիրէ: Այդ կարգի զբօսանքներէ կը մնան հետեւեալ բառախաղերը, զուարթ եւ սրամիտ, որոնք կը պատկանին մռայլ եւ անժպիտ Թէքէեանին:

– Ի՞նչ է բնաբանդ:
Գնա բանդ…

– Ի՞նչ է հոգեկան վիճակդ:
Անտարբեր ամէն բանի համար, բացի խաժ աչուըներուդ մէկ նայուածքէն,- ան` տարբեր:

– Ո՞րն է տկար կողմդ:
Ֆիզիքապէս` գլուխս եւ կուրծքս, յաճախ ենթակայ` հարբուխի: Բարոյապէս` դարձեալ գլուխս եւ կուրծքս, աւաղ…

– Ի՞նչ կը մտածես կնոջ վրայ:
Գետնին տակը անցնի… ինծի հետ, կահաւորուած նկուղի մը մէջ, մանաւանդ ամառը: Գահիրէ:

– Մինչեւ ո՞ր աստիճան ներողամիտ ես:
Ծայր աստիճան` գեղեցիկ սեռին համար, իսկ ձեզի համար` ոչ մէկ աստիճան պարոն:

– Ինչպէ՞ս յաջողած ես սիրոյ աշխարհին մէջ:
Աշխարհագրութեան շնորհիւ, բայց ասիկա բաւական չէ, պէտք է շատ ճամբորդել, այցելել ամէն գլուխ, ամէն հրուանդան, ամէն ծոց…

– Ի՞նչ ծնած ըլլալ պիտի ուզէիր:
Հիճազցի բանաստեղծ:

– Ի՞նչ յատկութիւններ պիտի փնտռէիր կնոջ մօտ:
Բոլոր իմ չունեցածներս, աւելցնելով վրան իմ ունեցածներս:

 

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 980 19/04/2012-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Ներհայեցողութեան Դարը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.