Այլազան

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Եւ Հեքիաթները

Երեխան շատ կը սիրէ ոչ միայն նկարներ դիտել, այլեւ` պատմութիւններ, հեքիաթներ լսել: Գիրքերու շնորհիւ` երեխային խօսքը աւելի արագ կը զարգանայ, ան կը սորվի ճիշդ նախադասութիւններ կազմել, կը ճանչնայ գոյները, անծանօթ առարկաներու ձեւերն ու անունները: Փոքրիկը նկարներուն մէջ կը տեսնէ ինքզինք եւ կը փորձէ իր արարքները յարմարեցնել գիրքի հերոսներու արարքներուն: Ընթերցանութիւնը կը խթանէ երեխային կարդալ սորվելու ցանկութիւնը: Գիրքին կարեւորութիւնը հաշուի առնելով,...

50 Տարի Առաջ ( 17 մայիս 1962 )

Խմբագրական Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Դերը Եւ Արժէքը Անցած շաբաթ հրատարակեցինք ցանկը այն յատկացումներուն, որոնք Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ եղած են 1961-1962 տարեշրջանին: Այդ ցանկէն ի յայտ կու գայ, թէ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին կրթանպաստ այս հիմնարկութիւնը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ հայ կեանքին մէջ` ծառայելով իր առաջնահերթ նպատակին. օգնութեան հասնիլ արտասահմանի հայկական գաղութներուն մէջ գործող վարժարաններուն`...

50 Տարի Առաջ ( 16 մայիս 1962 )

«Նամուս»-ի Բեմադրութիւնը Հայ աւետարանական քոլեճի Շրջանաւարտից միութեան թատերախումբը 28 ապրիլ եւ 5 մայիս 1962 շաբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Քոլեժ տը լա Սալ»ի, սրահին մէջ ներկայացուց Շիրվանզադէի «Նամուս»-ը. ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ կը բաղկանայ նախերգանքէ եւ չորս արարներէ: Յաւելեալ ցերեկոյթ մըն ալ տրուեցաւ ուսանողներու, շաբաթ 28 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Մենք այս տողերով կ՛անդրադառնանք մայիս 5-ի բեմադրութեան, որ նախորդին կարգ...

50 Տարի Առաջ ( 15 մայիս 1962 )

Ազգային Բուժարանի Շնորհաւորական Գիրը Օգնութեան Խաչին 1962, ապրիլ 21 Սիրելի տիկիններ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, Կը փափաքիմ օգտուիլ այս առիթէն, յայտնելու համար ձեզի, մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները, Ազգային բուժարանի խնամակալութեան, պաշտօնէութեան եւ հիւանդներուն կողմէ, այն գեղեցիկ վերաբերումին համար, որ ձեր միութիւնը Աւագ Ուրբաթ օր ցոյց տուաւ մեզի: Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տիկինները, այնքան անձնուիրաբար զոհաբերած են իրենց ժամանակն...

50 Տարի Առաջ ( 14 մայիս 1962 )

«Մայրերու Օր»-ը Քարանթինայի Մէջ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Քարանթինայի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւնը` նուիրուած «Մայրերու օր»-ուան, տեղի ունեցաւ 3 մայիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Օգնութեան խաչի սրահին մէջ` ստուար բազմութեան մը ներկայութեամբ: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Մարգար Մարգարեան` շեշտելով կարեւորութիւնը «Մայրերու օր»-ուան, որ աշխարհի չորս ծագերուն կը տօնուի տարուան այս գեղեցկագոյն ամսուան մէջ: Ապա գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին մեներգեցին Ա. Մկրտիչեան...

Ինչո՞ւ Գիծեր Կան Վագերաձիին Մարմնին Վրայ

Գիտնականները կը մտածեն, թէ վագերաձիերուն մարմնին վրայ գիծերը կը ծառայեն անասունները պահպանելու յատուկ միջատի մը խայթոցներէն: Ինչո՞ւ վագերաձիերը գիծեր ունին իրենց մարմնին վրայ: Աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր բազմաթիւ գիտնականներ տարբեր պատասխաններ առաջարկած են: Սակայն ասիկա չ՛արգիլեր, որ ուրիշ մասնագէտներ նոր պատասխաններ փնտռեն բնութեան այս խորհրդաւոր հարցին: Այս ձեւով, հունգարացի եւ շուէտացի գիտնականներէ կազմուած խումբ մը նոր ուսումնասիրութիւն մը...

50 տարի առաջ ( 12 մայիս 1962 )

Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց Միութեան Ընտանեկան Խրախճանքը Աւանդական սովորութիւն է դարձած ընտանեկան այս խրախճանքը, միութեան տասնեակ մը տարիներու գոյութեան ընթացքին: Շաբաթներէ ի վեր միութեան վարչութիւնը լծուած էր տենդագին աշխատանքի` յաջողութեամբ գլուխ հանելու համար սոյն ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ, անդամներու եւ բարեկամներու կոկիկ հասարակութեան մասնակցութեամբ: Ժամը 9:00-ին սրահը լեցուած էր եւ բոլոր սեղանները` գրաւուած, խրախճանքը...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Խաչիկ Խաչերեանի ընդ Նանոր Գարակէօզեանի ամուսնութեան առիթով` Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո.   Կրազելա Չուխատարեանի մահուան առիթով` Գօգօ Ժամկոչեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ ( 11 մայիս 1962 )

Պոլսահայ «Մամիկոնեան» Երգչախումբին Համերգը Պէյրութի Մէջ Քանի մը օրէ ի վեր, բերնէ բերան թէ թերթերու մէջ, կը խօսուէր պոլսահայ մեծ (100 հոգի) երգչախումբի մը տալիք համերգին մասին: Պէյրութահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէր այդ օրուան: Շնորհիւ  տարուած աշխատանքին եւ հակառակ խճողուած շաբաթի մը, ուրբաթ գիշեր, Ամերիկեան համալսարանի «Անսամպլի հոլ»-ը բերնէ բերան լեցուն էր, եւ նոյնիսկ ոտքի մնացողներ կային: Ինչո՛ւ չէ,...

Փորձ-Հարցարան. Որոշում Տալ Գիտէ՞ք

Կեանքի մէջ որոշում տալ գիտէ՞ք, թէ՞ ընտրանք մը կատարելը մղձաւանջ է ձեզի համար: Արագ եզրակացութեան մը կու գա՞ք, թէ՞ յաճախ ուրիշին կը դիմէք որոշում մը տալու համար: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Երեկոյթի մը հրաւիրուած էք` ա.- Մինչեւ վերջին վայրկեանը չէք գիտեր` ի՛նչ պիտի հագնիք: բ.- Կը հրաժարիք երթալէ, քանի որ հագնելիքի որոշումը շատ...

50 Տարի Առաջ ( 10 մայիս 1962 )

Այնճար Թագաւորութեան Մը Մայրաքաղաքը Կ՛ըսուի, թէ հռոմէական շրջանին, եւ աւելի առաջ, Պեքաա առանձին թագաւորութիւն մըն էր` ճանչցուած զանազան անուններով, ինչպէս` Լիբանանեան Գալսիս, Գոլս, Սուրիա կամ Այնճար: Թէեւ շատ քիչ բան ըսուած է իր պատմութեան, տարածութեան եւ այդ թագաւորութեան բնոյթին մասին, սակայն յստակ գիտենք, որ անիկա եղած է արամէական նահանգ մը: Նոյնպէս, մութ է եղած թագաւորութեան մայրաքաղաքին վայրը, նախքան անոր փոխադրութիւնը...

50 Տարի Առաջ ( 9 մայիս 1962 )

6 Մայիս 1916-ի Օրը Ազգերու պատմութեան մէջ կան օրեր, որոնք զգայացունց եղելութիւններու թուական մը ըլլալով` դար մը կ՛արժեն, իսկ կան դարեր, որոնք տխուր ու աղէտաբեր դէպքերու իրերայաջորդ շղթայէ մը կազմուած ըլլալով` օր մը իսկ չեն արժեր: 6 մայիս 1916-ի օրը Լիբանանի քաղաքական կեանքին պանծալի մէկ թուականն է: Այդ օրը ազգային ազատագրական սրբազան պայքարի եւ դէպի անկախութիւն առաջնորդող արիւնալի ճամբուն վրայ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւն

Աւարտուեցին հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք նոր քաղաքական ու բարոյական փորձութիւնն էին մեր պետականութեան եւ ժողովրդի համար: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրութեանը ներկայացաւ ընտրական յստակ ծրագրով, որի կենսագործման դէպքում բոլորս կ'ապրէինք որակապես այլ երկրում: Մենք հրապարակային աշխոյժ քարոզարշաւ անցկացրեցինք,  մեր մօտեցումները հասցրեցինք ընտրողներին, արժանացանք համընդհանուր ընկալման: Շնորհակալ ենք բոլոր նրանց, ովքեր քուէարկեցին ՀՅ Դաշնակցութեան օգտին: Ցաւօք, ընտրութիւնները չարձանագրեցին ժողովրդի կամքը եւ քաղաքական ուժերի...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Լեւոն Պէրպէրեանի յիշատակին` Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լորիկ Թիթիզեան (Լոս Անճելըս) 1,000$ Կրազելա Չուխատարեանի մահուան առիթով` Պօղոսեան ըտանիք 100,000 լ. ո. Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո. Ռիթա Պոսնոյեանի մահուան առիթով` Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո. Սագօ Արմէնեան 50,000 լ. ո.    

50 Տարի Առաջ ( 8 մայիս 1962 )

Խմբագրական Վեհոգի Բարերարուհին Շաբաթ օր անհուն ուրախութեամբ աւետեցինք թանկարժէք նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնը պիտի օժտուի ազգային երկրորդական վարժարանով մը: Քալիֆորնիաբնակ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան, որուն անունը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի հայ մեծ բարերարներու պատուոյ ցանկին վրայ իր անսպառ առատաձեռնութենէն թանկագին բաժին մը հանած է մեր գաղութին` 50.000 տոլարի պատկառելի գումար մը յատկացնելով Պուրճ Համուտի մէջ շինուելիք...

Ռոքսի Ռնգեղջիւրը Կը Վերագտնէ Իր Տեսողութիւնը

Այս ռնգեղջիւրի ձագուկը վիրաւորուած էր որսորդներու կողմէ եւ` իր տեսողութիւնը կորսնցուցած: Սակայն վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք ան դարձեալ կրնայ տեսնել եւ շատ աւելի լաւ կը զգայ: Այս պատմութիւնը կը պատահի Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Սկիզբը, դժբախտաբար, ան կը նմանի բազմաթիւ ուրիշներու: Առանց արտօնութեան` որսորդներ կը սպաննեն էգ ռնգեղջիւր մը: Անոր ձագուկը կը վիրաւորուի եւ իր տեսողութիւնը կը կորսնցնէ: 3 ամսու պզտիկ ռնգեղջիւրը`...

Page 452 of 482 1 … 451 452 453 … 482