Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 18 ապրիլ 1962 )

Հայերը Թուրքիոյ Մէջ Թուրքիոյ Հայերուն Ընդհ. Թիւը 200,000 Կը Հաշուըւի Պոլսահայ Կ. Մուրատեան, վերջերս շրջապտոյտ մը կատարած է հայկական Անատոլուի մէջ եւ իր տպաւորութիւնները հրատարակած «Ժամանակ»-ի մէջ: Կը քաղենք շահեկան մասերը: Ըստ Կ. Մուրատեանի, Թուրքիոյ հայերուն ընդհ. թիւը այսօր պէտք է հաշուել 200,000, թէեւ մարդահամար կատարուած չէ: Ներկայիս Սեբաստիա քաղաքին մէջ կ՛ապրին 200-250 հայեր եւ առաւելաբար կը զբաղին ոսկերչութեամբ, սափրիչութեամբ...

50 Տարի Առաջ ( 14 ապրիլ 1962 )

Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Հայ Բեմարուեստի Ջահակիրները Համազգային մշակութային ընկերակցութեան հայ մշակոյթի բոցավառ ջահը, նման` այն ողիմպիական ջահերուն, որոնք անձնուէր մարզիկներու ձեռամբ Յունաստանի Ողիմպոս լերան գագաթէն ճամբայ ելլելով` անսահման տարածութիւններ կը կտրեն յաճախ անցնելով ցամաքամասէ ցամաքամաս, իբրեւ մարզական մշակոյթի խորհրդանիշ, փոխանցուելով ձեռքէ ձեռք եւ սահմանագլուխէ սահմանագլուխ, հանդիսանալով  բոլորը նոյն նպատակին շուրջ միացնող ազդակ: Հայկական արտասահմանի ազգային մշակոյթի ջերմութեան ու լոյսին կարօտը...

Անգլիոյ Թագուհիները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս տարի անգլիացիները կը տօնեն իրենց թագուհիին` Էլիզապէթ Բ.ի թագադրութեան 60-րդ տարեդարձը: Էլիզապէթ Բ. գահ բարձրացած է փետրուար 1952-ին: Սակայն ան Անգլիոյ գահին վրայ նստած միակ թագուհին չէ եղած: Էլիզապէթ Բ. Ան թագուհի կը դառնայ 1952 թուականին, երբ իր հայրը` Ճորճ Զ. թագաւորը կը մահանայ: Ան ամէնէն շատ ճամբորդած անգլիացի թագուհին է: Ան ականատես եղած է...

50 Տարի Առաջ ( 14 ապրիլ 1962 )

Հայկական Կեանք Ամերիկայի Մէջ Նոր Ուխտեալներ Կը Միանան ՀՅԴ Շարքերուն «Հայրենիք»-ի 8 ապրիլի թիւին մէջ կը կարդանք.- Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, 30-է աւելի նոր ընկերներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, եկած են միանալու ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շարքերուն: ՀՅԴ Ինտիըն Օրչըրտի կոմիտէին միացած են` Սարգիս Ղարիպեան, Տիգրան Ղարիպեան, Գուրգէն Մելիքեան եւ Յարութիւն Սեթեան: ՀՅԴ Մայամիի կոմիտէի միացան փետրուարի մէջ, Յովսէփ Փափազեան եւ...

«Եթէ ՀՄԸՄ-ը Պէտք Ունի Ինծի, Այսօր Իսկ Պատրաստ Եմ Դաշտ Իջնելու» Կ՛Ըսէ Եղբ. Վարդգէս Էսկիպաշեան

ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադրութենէն ի վեր 37-րդ տարին ըլլալով է, որ երթը անխափանօրէն կը շարունակուի: Հայկական դպրոցներուն մէջ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերն ու մրցումները կը շարունակուին եւ կը նպաստեն հոն յաճախող հայ աշակերտներուն մարզական եւ ազգային ոգին բարձր պահելու: ԼԵՎԱՄ-ը հայ աշակերտներուն մէջ կ՛արթնցնէ սէրը` մարմնակրթութեան նկատմամբ եւ զանոնք կը համախմբէ հայկական մթնոլորտի մէջ: ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են օրինակելի անձեր,...

50 Տարի Առաջ ( 13 ապրիլ 1962 )

Կարեւոր Ժողով Սարպայի Պալատին Մէջ  Պէյրութի Բարեզարդման Աշխատանքները Պիտի Փութացուին Տարակարծութիւն Չկայ Վարչապետին Եւ Արտաքին Նախարարին Միջեւ Հանրապետութեան նախագահը երէկ առտու Սարպայի մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ էին Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի, մայրաքաղաքի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահ Ամին Պէյհում, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան եւ քաղաքապետութեան պատկանող բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Այս ժողովին նպատակն էր ճշդել մայրաքաղաքը հետաքրքրող կարգ մը ծրագիրներու իրագործման...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ո՞ւր Տեղադրել Մանուկին Մահճակալը

Մեր օրերուն ընդունուած սովորութիւն է, որ հիւանդանոցէն տուն բերուած մանուկը արդէն իսկ ունենայ իր առանձին սենեակը եւ հոն ալ հաստատուի առաջին իսկ օրէն: Սակայն շատ մը մանկաբուժներու կարծիքով, երեխան գոնէ մինչեւ 6 ամսու ըլլալը պէտք է քնանայ ծնողներուն սենեակը եւ մօտ գտնուի իր մօրը, քանի որ մայր-երեխայ կապը այս շրջանին շատ կարեւոր է երեխային հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման համար: Երեխային...

50 Տարի Առաջ ( 12 ապրիլ 1962 )

ՀՅ Դաշնակցութեան Հանգանակութիւնը Պոսթըն 29 Հազար Տոլարով Կը Մասնակցի Ձեռնարկին «Հայրենիք»-ի մէջ (10 ապրիլ) կը կարդանք. Կիրակի, 8 ապրիլի 1962, ՀՅԴ Մեծն Պոսթընի հանգանակային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Ուոթըրթաունի Ճունիըր հայ սքուլի սրահին մէջ, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յայտարարուած հանգանակային-հրապարակային ժողովը` ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ, եւ պսակուեցաւ փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքով մը. Համագումար` 29,210 տոլար: Կը նախագահէր մեր...

50 Տարի Առաջ ( 11 ապրիլ 1962 )

Ուխտի Օրը Անթիլիասի Մէջ Բազմահազար Հաւատացեալներ Երկիւղածութեամբ Հետեւեցան Սրբազան Արարողութեանց Եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջի Թափօրին Կիրակի, 8 ապրիլ 1962, կաթողիկոսարանի Ուխտի օրուան առթիւ, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններ: Առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ բազմահազար հաւատացեալներ շուտով լեցուցին մայր տաճարն ու շրջակայ բակերը: Արարողութեան, ներկայ եղան Զարեհ Ա. կաթողիկոս, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, միաբան հայրեր, Պէյրութի...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Մարիա Գարամանուկեանի (ծնեալ` Տեմիրճեան) մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անի Գալայճեան եւ զաւակունք (Վիթրոլ-Ֆրանսա) 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ ( 10 ապրիլ 1962 )

Հայ Կեանք Ամերիկահայ Մը Նախագահ Նիւ Եորքի Դեմոկրատական Կուսակցութեան 3 մարտ 1961 թուակիր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ լոյս տեսած է շուրջ երեք սիւնակ գրութիւն մը, որուն ցայտուն մասերը կու տանք ամփոփելով. 37-ամեայ փաստաբան Էտուըրտ Նազար Քոսթիկեան 2 մարտ 1962-ին նախագահ ընտրուեցաւ ամերիկեան դեմոկրատական կուսակցութեան Նիւ Եորքի ութերորդ շրջանի: Նիւ Եորքի կուսակալ Վակներ թեւ թիկունք հանդիսացաւ ընտրութեանը Նազար Քոսթիկեանի, որ այսպիսով...

Ո՞վ Կ՛Որոշէ Զատկուան Թուականը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սկզբնական օրերուն եկեղեցին Զատիկը կը տօնէր շաբթուան տարբեր օրերուն, մինչեւ Ք. ե. 325 թուականը: Այդ թուականին Նիկիոյ եկեղեցական ժողովը կը գումարուի, եւ այս ժողովին ընթացքին կ՛որոշուի,  որ Զատիկը պիտի տօնուի լիալուսինին յաջորդող առաջին կիրակին, գարնանային գիշերահաւասարին օրը կամ այդ օրէն ետք: Այս ձեւով Զատիկը կրնար տօնուիլ ամէնէն կանուխը մարտ 22-ին, մինչեւ, ամէնէն ուշը, ապրիլ 25-ին: *...

50 Տարի Առաջ ( 7 ապրիլ 1962 )

Հայկազեան Քոլեճի Դասախօսութիւնները Հայկազեան քոլեճին վերջին դասախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, Ն. Փալանճեան Ճեմարանի եւ Անթիլիասի դպրեվանքին ուսուցիչներէն: Նիւթ ընտրած էր «Հայ ճարտարապետութիւնը», նիւթ մը, որ առնուազն մէկ քանի դասախօսութեանց կը կարօտի: Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Հրաչ Տասնապետեան յանձն առաւ մէկ դասախօսութեամբ տալ ընդհանուր պատկերը հայ ճարտարապետութեան, որ մեր մտքի ու ստեղծագործութեան արտայայտիչներէն մին է: Յարգելի դասախօսը նախ խօսեցաւ մեր ճարտարապետութիւնը...

50 Տարի Առաջ ( 6 ապրիլ 1962 )

Ս. Նշանի Տիկնանց Միութեան Միջինքի Հաւաքոյթը Չորեքշաբթի, 28 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Նշանի Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած միջինքի հաւաքոյթը` Խորէն քհնյ. Աճեմեանի նախագահութեան տակ: Ընտրեալ բազմութիւն մը փութացած էր Ս. Նշանի մանկապարտէզի սրահը ժամանակէն առաջ: Կոկիկ յայտագիր մը ի գործ դրուեցաւ: Բացումը կատարեց Ռոզա Գահվեճեան, յետոյ խօսք առաւ տէր հայրը եւ հակիրճ կերպով վեր առնելով կանացի...

Տօներ-Սովորութիւններ. Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Զատիկ բառը վերջնականապէս ստուգաբանուած չէ, շատերու կարծիքով, անիկա կը նշանակէ զատում, բաժանում, հեռացում մեղքերէ եւ վերադարձ` դէպի Աստուած: Շարժական այս տօնը թէ՛ Հին եւ թէ նոր կտակարաններուն մէջ կը համարուի մեր մեծագոյն տօներէն մէկը: Անիկա կապուած է ազատագրութեան եւ փրկագործութեան զոյգ խորհուրդներուն հետ: Զատկական սովորութիւնները երկրէ երկիր Հայոց մէջ Զատիկը ունէր իր ծիսական ծառը, իր առանձնայատուկ տիկնիկները, կերակուրները եւ ծիսական...

50 Տարի Առաջ ( 5 ապրիլ 1962 )

Հայ Կեանք Լոս Անճելըսի Ձեռնարկին Բացառիկ Յաջողութիւնը 10,500 Տոլար Կը Հանգանակուի Տեղւոյն Վրայ Լոս Անճելըսէն կը գրեն «Հայրենիք»-ին. Անցեալ կիրակի, մարտ 25-ին, տեղւոյս Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հրապարակային ճաշկերոյթ հանդէսը: Հաւաքոյթին ներկայ եղան աւելի քան 500 հոգի, որոնց կարգին` ազգային ծանօթ դէմքեր եւ պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք յանուն իրենց կազմակերպութեանց` մեծ գումարներով մասնակցեցան...

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ մի՛ յոգնիք, հեւքոտ աշխատանք մի՛ կատարէք, ձեր եռանդէն քիչ մըն ալ վաղուան համար պահեցէք: Խոհեմ եղէք: Օրը լաւ է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը սիրով յորդուն է: Ձեր աչքերը չորս կողմ դարձուցէք տեսնելու համար ձեր վրայ սեւեռուած աչքերը: Օրը ունի գեղեցիկ ժամեր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դժուար է մխիթարել ձեզի մօտիկ անձ...

50 Տարի Առաջ ( 4 ապրիլ 1962 )

Հայ Կեանք Հայ Մտքի Սերմեր Օտար Հողի Վրայ  Փրոֆ. Վիգէն Սասունիի Գիտական Հետազօտութիւնները Քալիֆորնիա հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի մէջ (27 մարտ) կը կարդանք.- Տոքթ. Վիգէն Սասունի, որ վարիչն է Ուէսթ Վըրճինիայի համալսարանի ատամնաբուժական բաժնին, հրաւիրուած էր մարտ 14-16 , երեք լրիւ օրերու դասախօսութեանց շարքով մը, ներկայացնելու գանկաչափութեան` «ՍԻՖԱԼՈՄԻԹՐԻ» մէջ կատարած իր հետազօտութեանց վերջին արդիւնքները` վկայեալ ատամնաբուժներու ժողովի մը, Լոս Անճելըսի...

50 Տարի Առաջ ( 3 ապրիլ 1962 )

Տեղական Լուրեր Լիբանան Կ՛Օժտուի Թելեքս Դրութեամբ Մեծ Վաճառականները Մեծապէս Պիտի Օգտուին Իրենց Գործառնութեանց Մէջ Երկու շաբաթէն` ապրիլ 15-ին, պիտի կատարուի բացումը Թելեքսի սպասարկութեան: Այսպիսով, Լիբանան պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի միակ երկիրը, որ օժտուած պիտի ըլլայ նման դրութեամբ մը: «Լ՛Օրիան»-ի աշխատակից Լիւսիէն Ժորժ ընկերակցութեամբ Փոսթ-հեռագրական նախարար Ռընէ Մուաուատի, հեռաձայն եւ նամակատան ընդհանուր տնօրէններ Անթուան Շեմալիի եւ Ժորժ Շիտիաքի, պտտած է թելեքսի...

Page 454 of 482 1 … 453 454 455 … 482