Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 14 Յունիս 1962 )

Հետաքրքրական Ինքնաշարժներու Թիւը Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր ինքնաշարժներուն թիւը ահռելի կերպով շատցած է աշխարհի բոլոր կողմերը: 1939-ի եւ 1959-ի միջեւ Ֆրանսայի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը երկուկէս միլիոնէն բարձրացած է 5 միլիոն 650,000-ի: Ամերիկայի մէջ ինքնաշարժներու թիւը հասած է 70 միլիոն 500,000-ի: Նոյն չափով, սակայն, աւելցած են նաեւ ինքնաշարժային արկածներու պատճառով եղող ծախքերը: Օրինակի համար, Ամերիկայի մէջ ծախսուած է վեց միլիոն 200,000...

50 Տարի Առաջ ( 13 Յունիս 1962 )

Նոր Տօնակատարութեան Մը Առթիւ «Հայրը» Ի Պատուի Հայր եւ մայր առանձին հանգամանքներ են, սակայն երբե՛ք առանձին միաւորներ: Մէկը միւսին լրացուցիչն է, մէկը միւսը կը պայմանաւորէ: Կեանքի գոյութիւնը, կեանքի յարատեւութիւնը այս աշխարհին վրայ երկուքին լծակցութեամբ կ՛երաշխաւորուի, ինչպէս նաեւ` ընկերութեան առողջ հիմքերու կերտումը եւ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութիւնը: Սակայն, հինէն ի վեր, սովորութեան մէկ նուիրականացումով մայր դառնալը միշտ ալ նկատուած է սուրբ գործ, եւ...

50 Տարի Առաջ ( 12 Յունիս 1962 )

Մայիս 28-Ի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Կիպրոսի Մէջ   (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-Ի) Այս տարի եւս կիպրահայութիւնը փառաշուք հանդիսութեամբ մը նշեց հանրապետութեան 44-րդ տարեդարձը: Կիրակի, յունիս 3-ի առաւօտ Նիկոսիոյ մեծագոյն սրահը` «Փալլաս» լեցուած էր: Ուրախալի էր, որ հանդիսականներու մեծագոյն տոկոսը կը կազմէր մեր երիտասարդութիւնը: Հանդէսը բացուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»-ով, որ նուագուեցաւ Կիպրոսի ոստիկանութեան նուագախումբին կողմէ: Բացման խօսքը ըրաւ Հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Անանիա Մահտեսեան,...

50 Տարի Առաջ ( 11 Յունիս 1962 )

Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս 20 Հազարի Հասնող Ծովածաւալ Բազմութիւն Մը Իր Յարգանքն Ու Հաւատարմութիւնը Յայտնեց Նորին Վսեմութեան Անթիլիաս երէկ` կիրակի, 10 յունիս, տօնական օր մը եւս ապրեցաւ` արտակարգ խանդավառութեամբ: Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բոլոր թաղերէն, անվերջ շարանը ժողովուրդին, առտուան ժամը 7:00-էն սկսեալ, բռնած էր Անթիլիասի մայրավանքի ճամբան` երթալ ողջունելու համար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապը, որ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ...

Ուրկէ՞ Կու Գայ Աչքերուն Գոյնը

Մեր աչքերուն գոյնը կը բնորոշուի աչքի ծիածանին մէջ գտնուող մելանինին կողմէ: Որքան մեծ քանակով ան ներկայ ըլլայ, այնքան աչքին գոյնը մութ կ՛ըլլայ: Կապոյտ աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինը թեթեւ է: Սրճագոյն աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինին քանակը շատ է:   Ինչպէ՞ս Ծինը մարմնին վրայ «արձանագրուած» հրաման մըն է, որ մարմնին ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս գործել: Հայրը եւ մայրը իրենց ծիները...

50 Տարի Առաջ ( 9 Յունիս 1962 )

Ազգ. Էհրամճեան Վարժարանին Տարեկան Ձեռնարկը Նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան, Նոր Ամանոսի Ազգ. Էհրամճեան վարժարանի տարեկան խրախճանքի երեկոն տեղի ունեցաւ շաբաթ, 2 յունիս, վարժարանին դալարագեղ եւ գեղազարդուած շրջափակին մէջ: Երեկոյթին հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնած էր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին վարչութիւնը: Թատերասէրները, գլխաւորութեամբ իրենց անզուգական դերուսոյցին, որեւէ ջանք չխնայեցին, որպէսզի Էհրամճեան վարժարանին տարեկան այս միակ ձեռնարկը պսակուի յաջողութեամբ: Քերմեսի խաղերէն անմիջապէս ետք, ժամը 9:00-ին...

50 Տարի Առաջ ( 8 Յունիս 1962 )

Խմբագրական  Վաստակաւոր Մը Եւ Իր Գործը  (Կ. Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը») Մեր իրականութեան մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք իրենց գրական անդրադարձով արժանի են անվերապահ գնահատանքի, առաւելաբար մեր մամուլի էջերէն, որոնք կոչուած են ընդգծելու հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ կատարուող ձեռնարկները, զանոնք դիտելով հայութեան ընդհանրական շահերուն անկիւնէն: Այսպիսի երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, երբ յետադարձ հետաքրքրութեամբ մը կը թղթատենք ծանօթ մտաւորական...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ռիթա Պոսնոյեանի մահուան առիթով` Սարգիս Արմէնեան 50,000 լ. ո. Նովա Չափարեանի մահուան առիթով` Սարգիս Արմէնեան 50,000 լ. ո.

Փորձ – Հարցարան. Ինչպիսի՞ Վիճող Մըն Էք

Զոյգերու միջեւ վէճերը անխուսափելի են. սակայն վէճ կայ շինիչ կը դառնայ, վէճ ալ կայ` քանդող... կարգ մը վէճեր կ՛աւարտին փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ զիջումներով, մինչ ուրիշներ` խզումներով: Ինչպիսի՞ վիճող մըն էք... իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք ձեր պատասխաններուն արդիւնքը: 1 Ձեր կողակիցին հետ մեծ վէճ մը ունեցաք. որո՞ւ կը պատմէք: ա.- Ձեր մօրը: բ.- Ձեր մտերիմ բարեկամուհիին:...

50 Տարի Առաջ ( 7 Յունիս 1962 )

Հայ Կեանք Համաժողովրդական Ուխտագնացութիւն Սողոմոն Թեհլիրեանի Շիրիմին Ազգային հերոս եւ հայ ժողովրդի վրիժառութեան խորհրդանշան Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ համաժողովրդական ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցած է Ֆրեզնոյի մէջ, ուր կը գտնուի հերոսին շիրիմը: Տեղւոյն հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ նախ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր պատարագ: Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուած է ուխտեալ հաւատացեալներով: Շատեր տեղի չգոյութեան պատճառով մնացած են դուրս, բակին մէջ: Պատարագիչ Վահրամ...

50 Տարի Առաջ ( 6 յունիս 1962 )

Շնորհակալութեան Պէտք Չունինք... Այս վերնագրին հեղինակն է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի արաբ ուսանողներէն Խալետ Թելլաուի` զաւակը Սուրիոյ Հոմս շրջանի երեսփոխան եւ յայտնի լրագրող Սայիտ Թելլաուիի: Ապրիլ 24-ի առթիւ Հայկազեանի հայ ուսանողներէն մէկը յօդուած մը ստորագրած էր դպրոցի ուսանողական «Սփեքթրա» անգլերէն ամսագրին մէջ` շնորհակալութիւն յայտնելով արաբ ասպնջական ժողովուրդին, որ տարագրութեան դառն օրերուն հոգածութիւն եւ պաշտպանութիւն ցոյց տուած էր հալածական հայ ժողովուրդին հանդէպ:...

50 Տարի Առաջ ( 5 յունիս 1962 )

Խաղաղած Պատուանդանը... Բարեկամ մըն էր. մեկնած էր Հայաստան` ուխտաւոր Ս. Էջմիածնի ու Արարատի... Ողջերթի ուրախ արցունքներով ճամբած էինք զինք ու սպասած այնպէ՛ս, ինչպէս Նոյ սպասեց իր տապանին մէջ: Մեղրի մասին արտայայտուողներ չեն կրնար մեր բերանը քաղցրացնել. կրնար ուրախանալ ունեցողին համար: Հայրենիքէն նամակներ ստացած եմ, բայց առաջին անգամ ըլլալով հեռագիր մը կը ստանայի. - «Անհրաժեշտ է տեսնել հայրենիքը»: Երեւան: Հեռագրի ընթերցումէն...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Իրենց մօր եւ մեծ մօր` Ռիթա Պոսնոյեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Արամ Պոսնոյեան եւ զաւակունք, տէր եւ տիկին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ զաւակունք եւ տէր եւ տիկին Պերճ Մահսերեճեան եւ զաւակունք 500$

50 Տարի Առաջ ( 4 յունիս 1962 )

Ազգային Երկու Քոլեճներու Կառուցումը Պիտի Սկսի Շուտով Սրբազան Առաջնորդին Շահեկան Տեղեկութիւնները Անցնող դպրոցական տարին բախտաւոր եղաւ լիբանանահայութեան համար, խանդավառ այն երեւոյթով, որ կառուցուելիք երկու նոր քոլեճներով պիտի դիմաւորուի դպրոցական յաջորդ տարին: Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը Ս. Նշանի հողին վրայ եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ: Աննախընթաց երեւոյթ մը, արդարեւ, արձանագրելիք դրական իր հետեւանքներով,  մշակութային գետնի վրայ,...

Ճորտըն Ռոմերօ, 15 Տարեկան, Դպրոցական, Լեռնագնաց

15 տարեկան Ճորտըն Ռոմերօ կրտսերագոյն լեռնագնացն է, որ բարձրացած է եօթը ցամաքամասերու ամէնէն բարձր գագաթները: 24 դեկտեմբեր 2011-ին Ճորտըն Ռոմերօ Կաղանդի շատ աղուոր նուէր մը ստացաւ. ան իր երազը իրականացուց: Ան մագլցեցաւ Անթարքթիքի ամէնէն բարձր լերան` Վինսընի գագաթը: Ասիկա վերջին գագաթն էր արկածախնդրութեան մը, որ ան սկսած էր վեց տարիներ առաջ: 7  Ցամաքամասերու 8 Գագաթները Իր փոքր տարիքէն Ճորտըն շատ...

50 Տարի Առաջ ( 2 յունիս 1962 )

Տպաւորութիւններ Պէյրութը կեցած է մեծ ցամաքամասերու ճամբուն վրայ: Արեւելքի դուռը Պէյրութն է: Օդէն, ծովէն ու ցամաքէն: Պէյրութ կ՛ապրի արագ, եռուն եւ մոլեգին կեանք մը: Արեւելքն ու Արեւմուտքը կը հանդիպին այստեղ եւ տարօրինակ հակադրութիւններ կը ստեղծեն: Ոչ մէկ ընդհարում: Փիւնիկէն միշտ իրապաշտ է: Հին, իմաստուն Արեւելքը եւ մշակուած Եւրոպան: Միջերկրականի այս գոհարը նստած է ծովու եւ լեռներու սահմանին, բնական զմայլելի գեղեցկութեան...

50 Տարի Առաջ ( 1 յունիս 1962 )

Մամուլին Դերը Հայ Գրականութեան Մէջ Բ. Թաշեանի Դասախօսութիւնը Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ կազմակերպուած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 մայիս 1962, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Դասախօսն էր եգիպտահայ ծանօթ մտաւորական Բենիամին Թաշեան: Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, պատճաշ կերպով ներկայացնելէ ետք յարգելի դասախօսը, բեմ հրաւիրեց` տալու իր դասախօսութիւնը «Մամուլին դերը հայ գրականութեան մէջ» նիւթին շուրջ:...

Page 450 of 482 1 … 449 450 451 … 482