Այլազան

50 Տարի Առաջ ( 29 Յունիս 1962 )

Խմբագրական Հաշուեփակ (Կրթական Տարեվերջի Առթիւ) Երկրորդական եւ ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսներ իրարու կը յաջորդեն խրախուսիչ թափով: Ամէն օր մամուլի սիւնակներուն մէջ կը կարդանք անունները հայ շրջանաւարտներու կամ պետական քննութեանց մէջ յաջողած հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու: Տարուէ տարի այս թիւը կ՛աւելնայ` կեանքի ասպարէզ նետելով հարիւրաւոր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ եւ արդիական դաստիարակութեամբ, կը բարձրացնեն մեր ժողովուրդի կրթական մակարդակը: Կ՛արժէ...

Նորաձեւութիւն. Արեւի Ակնոցներ

Ակնոց մը գնելէ առաջ նախ լաւապէս քննեցէք ձեր դէմքը եւ ճշդեցէք անոր ձեւը: Այսպէս, կան քառակուսի, եռանկիւն եւ կլոր դէմքեր: Ճշդելէ ետք ձերը, կարդացէք ստորեւ տրուած թելադրանքները եւ յետոյ մեկնեցէք ակնոցավաճառին խանութը: Ա.- Քառակուսի դէմք ունեցողները պէտք է կրեն քիչ թէ շատ կլոր շրջանակով ակնոցներ: Մասնաւորաբար պէտք է խուսափին քառակուսի շրջանակներէն: Բ.- Եռանկիւն դէմք ունեցողները պէտք է կրեն ձուաձեւ ակնոցներ:...

50 Տարի Առաջ ( 28 Յունիս 1962 )

Ազգային Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ Շրջանիս Համազգայինի մասնաճիւղը, իր ձեռնարկներուն մէջ միշտ նորութիւն բերելու հետամուտ, գովելի գաղափարն ունեցաւ արուեստի մնայուն օր մը նշանակել եւ անով ամրան եղանակի իր գործունէութեան փակումը կատարել` հասարակութեան հրամցնելով արուեստի զանազան մարզերէ կազմուած յայտագիր մը (երգ, պար, արտասանութիւն, ներկայացում):, Երեկոն կոչուեցաւ «Գողթան», որ ներկայ տարեշրջանի առաջին վեցամսեային կատարուած ձեռնարկներուն ութերորդը եւ վերջինն էր: Պիտի կրկնուի ամէն տարի:...

50 Տարի Առաջ ( 27 Յունիս 1962 )

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէսը Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 23 յունիս 1962, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, ճեմարանի շքեղ պարտէզին մէջ: Ընդարձակ բեմին ճակատը պարզուած էին լիբանանեան երկու դրօշակներ, որոնց ճիշդ մէջտեղը` մեր սիրելի եռագոյնը: Ճեմարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, քառաձայն եւ աշխուժ եռանդով երգեց լիբանանեան քայլերգը եւ Մ. Իշխանի հեղինակած Ճեմարանի քայլերգը, որոնք ունկնդրուեցան յոտնկայս:...

50 Տարի Առաջ ( 26 Յունիս 1962 )

Հայրենի Հողէն... Հոգեկան հայրենիքի մխիթարութիւնը դառն ճակատագիրը եղած է հայուն, բովանդակ ազգային պատմութեան ընթացքին: Մեր երգերը, գրականութիւնն ու առհասարակ մշակութային ստեղծագործութիւնները պատկառելի մասով եղած են տոչորուն, սրտակեղէք տենչանք, ձգտում` երազային հայրենիքին: Հայրենիքը մեզի եկած, մեր մէջ զօրացած է տառապանքով, ջարդով. յեղափոխական պայքարը դարձած է նաեւ ոգի, ապա` գիտակցութիւն եւ ապրում: Այս զօրաւոր  ապրումը` հայրենասիրութիւնը, շատ աւելի ամեհացած է յեղափոխութեան ժառանգ...

50 Տարի Առաջ ( 25 Յունիս 1962 )

Հայ Կեանք Հայկազեանի Շրջանաւարտները Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի երեկոյ: Շրջանաւարտ եղան եւ վկայական ստացան հետեւեալ հայ ուսանողուհիներն ու ուսանողները. Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացան. Ասանեթ Քրզենց, Յակոբ Կէօվճեհիզեան, Յակոբ Մախուլեան, Սեդրակ Թոփալեան: Սոֆոմորը կ՛աւարտեն. Անի Պալեան, Ալիս Տատրեան, Ալիս Տարագճեան, Մարի Տէր Պալեան, Թագուհի Ճերեճեան, Հելեն Տումանեան, Հռիփսիմէ Գափլանեան, Հայկանուշ Մարգարեան, Նելլի Թրփանճեան, Սեդա Թոգմագճեան, Ալիս...

Գիտութեան Համար Շինուած Քաղաք Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կեղծ քաղաք մը ամբողջովին պիտի շինուի Միացեալ Նահանգներու մէջ` հոն գիտական փորձեր կատարելու համար: Մօտաւորապէս 30 քառակուսի քմ «տարրալուծարան-քաղաք» մը պիտի սկսի բարձրանալ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքոյի անապատին մէջ: Ան օժտուած պիտի ըլլայ ճամբաներով, առեւտուրի կեդրոններով, հին ու նոր տուներով եւ շէնքերով: Այդ քաղաքին մէջ ամէն ինչ (ճամբաներէն մինչեւ շէնքերը, ուժանիւթի աղբիւրներէն անցնելով) պիտի շինուի առաւելագոյն...

50 Տարի Առաջ ( 23 Յունիս 1962 )

Խմբագրական Միջվարժարանային Գ. Մարզահանդէսը Վաղը` կիրակի, 24 յունիս, Մարզական աւանի ընդարձակ դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ միջվարժարանային Գ. մարզահանդէսը, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդին: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք այս մարզահանդէսին պիտի մասնակցին 12 ազգային վարժարաններէն եւ Ճեմարանէն 1500 երկսեռ աշակերտներ, որոնք բազմահազար ժողովուրդին պիտի ներկայացնեն իրենց...

«Պէտք Է, Որ Մեր Ներկայ Սերունդը ՀՄԸՄ-ի Բոցավառ Ջահը Լաւապէս Փոխանցէ Սերունդէ Սերունդ» Կ՛ըսէ Ստեփան Տէր Պետրոսեան

Ստեփան Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը աւելի քան երկու տարիէ ի վեր «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ՀՄԸՄ-ի յատուկ էջով լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին կեանքին, ինչպէս նաեւ կատարեց բազմաթիւ հարցազրոյցներ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանին մէջ ծառայած ու միութեան իրենց ներդրումը բերած շարք մը ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ, լսելով անոնց անցեալի ու ներկայի անհատական ու հաւաքական յաղթանակները, յուշերն ու...

50 Տարի Առաջ ( 22 Յունիս 1962 )

Իրանահայ Երիտասարդ Մը Ամերիկեան Քոնկրեսի Գնահատանքին Կ՛արժանանայ Իմիկ Աւագեան` Միջազգային Համբաւի Տէր Անդամալոյծ Գիւտարարը Իրանահայ դժբախտ երիտասարդի մը յուզիչ պատմութիւնը ներկայացուեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսին: Երիտասարդին տաղանդը գնահատուեցաւ անցեալ ամիս եւ անոր մատուցած ծառայութիւնները անցան Քոնկրեսի արձանագրութեանց մէջ: Նիւ Եորքի ծերակուտական Ճէյքըպ Ճեւիթ երեքշաբթիի Քոնկրեսի նիստին կարդաց կենսագրական գիծերը Իմիկ Աւագեանին, որ միանգամայն վկայութիւն մըն է Աւագեանի անսահման ուժին, որովհետեւ Աւագեան, ըլլալով...

Փորձ-Հարցարան. Մինչեւ Քանի՞ Տարեկան Կրնաք Ապրիլ

Հարվըրտէն երկու գիտնականներ պատրաստած են հարցարան մը, որուն հիմամբ խնդրոյ առարկայ անձը կրնայ քիչ թէ շատ ենթադրել, թէ քանի՛ տարի կրնայ ապրիլ: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 20 հարցումներուն, ապա գումարեցէք ձեր ժխտական եւ դրական պատասխանները: Օրինակ` - 45 + 30= - 15 ստացուած գումարը բաժնեցէք 5-ով եւ կը ստանաք - 3 պատասխանը: Ձեր պատասխանը (նուազով կամ առաւելով) կը գումարէք 88 տարիքին...

50 Տարի Առաջ ( 21 Յունիս 1962 )

Հայրերու Օրուան Տօնակատարութիւնը Չորեքշաբթի, 13 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան Ազգային վարժարանի Շրջ. միութեան կազմակերպած հայրերու օրուան տօնակատարութիւնը: Հայրերու օրուան պատշաճ տօնակատարութիւն մը չէր տեղի ունեցածը, ուր հօր մը արժէքն ու կատարած դերը փառաւորուէր` դաստիարակիչ եզրակացութիւններով, այլ` հայրերու եւ մայրերու մասին թեր ու դէմ արտայայտուող վիճաբանական տեսակ մը ասուլիս: Մայրերուն ունեցած առաւելութիւններու...

50 Տարի Առաջ ( 20 Յունիս 1962 )

Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիա Յաւիտենական եւ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, որ երկաթեայ ձեռք մը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն է Թուրքիան կառավարելու համար: Երկու տարիէ ի վեր պատահած դէպքերը աշխարհի այդ յետամնաց երկրին մէջ` անգամ մը եւս եկան հաստատելու այս ճշմարտութիւնը: Երբ տասներկու տարի առաջ վերջ գտաւ Աթաթիւրքի հիմնած Հալք կուսակցութեան մենատիրութիւնը, ազատ աշխարհը, մասնաւորապէս ամերիկացիները այն միամիտ հաւատքն ունէին, որ թուրքերը 28...

50 Տարի Առաջ ( 19 Յունիս 1962 )

Թրիփոլիի Եկեղեցիին Օծման Առիթով Մեր յունիս 11 եւ 12 թիւերուն մէջ ներկայացուցինք Թրիփոլիի եկեղեցիին օծման հանդիսութեանց նկարագրութիւնը: Ստորեւ կու տանք այդ առիթով Կորիւն Քէշիշեանին արտասանած ճառը: Կորիւն Քէշիշեան մասնաւոր առաքելութեամբ Լիզպոնէն եկած էր սոյն հանդիսութեանց` ներկայացնելու համար Գէորգ Եսայեանը եւ Ռոպէր Կիւլպէնկեանը, որոնք վարիչներն են «Գ. Կիւլպէնկան» հիմնարկութեան հայկական բաժնին.- Վեհափառ տէր, սրբազան հայր, գերապատիւ հայր սուրբ, արժանապատիւ հայրեր յարգելի...

Տուրմը Պիտի Անհետանա՞յ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սեւ, ճերմակ, կաթով կաղինով կամ նուշով` տուրմը թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ալ  մեծերուն նախասիրած ուտելիքներէն մէկն է: Սակայն, դժբախտաբար, այս շատ ցանկացուած ուտելիքը կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուի: Այս վտանգին գլխաւոր պատճառը անոր մէջ գտնուող գլխաւոր բաղադրութեան նիւթն է` քաքաոյի հատիկը: Ապիճանի մէջ, Փղոսկրեայ Ափունք, մասնագէտներ յայտարարեցին, թէ քաքաոյի արտադրութիւնը վտանգի ենթարկուած է: Եւ իբրեւ հետեւանք` տուրմը...

50 Տարի Առաջ ( 16 Յունիս 1962 )

Խմբագրական Վկայութիւն Մը Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր, որոնց կարգին նաեւ` «Ազդակ» (15 յունիս), արտատպեցին «Քեթըլիք Տայճեսթ»-ի մէջ ծանօթ լրագրող Ուիլիըմ Պ. Էլլիսի կողմէ ստորագրուած յօդուած մը` «Մերձաւոր Արեւելքի իմաստուն մարդը» խորագրով: Նոյն յօդուածէն հատուածներ տրուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հեռատեսիլի կայանին կողմէ` սեփականութիւնը դառնալով համայն լիբանանցի ժողովուրդին: Անշուշտ լիբանանցիք «Քեթըլիք Տայճեսթ»-ի հեղինակաւոր վկայութեան չէին սպասած` իրենց սիրելի նախագահին` զօրավար Ֆուատ...

50 Տարի Առաջ ( 15 Յունիս 1962 )

Փօլ Կիրակոսեան Տաղանդաւոր Նկարիչը Երեքշաբթի, 10 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Լ՛Օրիան»-ի, ցուցադրութեան գեղեցիկ սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի նկարներու ցուցահանդէսին: Արուեստագէտ հասարակութիւն մը` հայ, տեղացի եւ օտար, ինչպէս նաեւ` լրագրողներ, ներկայ եղան բացման հանդիսութեան եւ իրենց անվերապահ գնահատանքն ու սքանչացումը յայտնեցին երիտասարդ նկարիչին: Ցուցադրութեան դրուած էին մէկը միւսէն յաջող եւ արժէքաւոր 30 նկարներ: Քանի մը...

Փորձ-Հարցարան. Որպէս Ծնողք Ի՞նչպէս Կը Վարուիք Ձեր Զաւակին Հետ

1 Ձեր զաւակը դպրոցէն կը կախակայուի, իր մէկ յանցանքին պատճառով: ա.- Անմիջապէս դպրոց կը ներկայանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք: բ.- Զայն կը կանչէք եւ կ՛ուզէք իրմէ լսել պատճառը: գ.- Ասոնց մանրամասնութիւնները լսելու` անկէ խոստում կ՛առնէք, որ ուրիշ անգամ չկրկնէ: 2 Մինչեւ օրս պահած էք ա.- Ձեր զաւկին բժշկական տետրակը: բ.- Ձեր զաւկին առաջին բանաստեղծութիւնը: գ.- Ձեր զաւկին կաթի ակռան: 3...

Page 449 of 482 1 … 448 449 450 … 482