Այլազան

Փորձ-Հարցարան. Կազմակերպուա՞ծ Էք, Թէ…

Ընդհանրապէս տան մէջ ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանա՞յ: Թէ՛ որպէս մայր եւ թէ՛ որպէս տանտիկին` հաւասարապէս կը կատարէ՞ք ձեր պարտականութիւնները, թէ՞ տուժող մը կայ վերջին հաշուով... Կը պատահի՞, որ ձեր գործերը ձեր գլուխէն վեր ըլլան եւ յուսահատութեան ու հոգեկան անկումի պահեր ապրիք... Պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք վերջնական արդիւնքը: 1 Ի՞նչ նշանակութիւն ունի ժամացոյցը ձեզի համար: ա.- Ձեռքի գեղեցիկ...

50 Տարի Առաջ ( 31 մայիս 1962 )

Ս. Յակոբ Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէսը Ս. Յակոբ ազգային բարձրագոյն նախակրթարանի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ 20 մայիս 1962, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ նախագահութեամբ թաղիս յարգուած ազգայիններէն, Վահան Ղորղորեանի: Ներկաներուն, որոնք ժամանակէն առաջ լեցուցած էին սրահը, հրամցուեցաւ կոկիկ եւ խնամուած յայտագիր մը Մանկապարտէզի պատասխանատու ուսուցչուհիները ճիգ չէին խնայած, որ հանդէսը ըլլայ հաճելի...

50 Տարի Առաջ ( 30 մայիս 1962 )

Մայիս 28-Ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ Հազարաւոր Բազմութիւններ Լսեցին Հյդաշնակցութեան Խօսքը Հայաստանի անկախութեան 44-րդ տարեդարձը փառահեղօրէն տօնուեցաւ երէկ` կիրակի, 27 մայիսին, Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան դաշտին վրայ, որ տօնական օրուան մը պաճուճանքով զարդարուած էր` ընդունելու համար բազմահազար ժողովուրդը, որ ժամանակէն շատ առաջ սկսած էր լեցնել զայն: Արդէն ամբողջ օրը Պուրճ Համուտի հայութիւնը ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: կազմակերպիչ յանձնախումբին կարգադրութեամբ, ՀՄԸՄ-ի...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

«Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահի հիմնադրութեան 2-րդ տարեդարձին առիթով` Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Քարլա Գըվրեան (Աւստրալիա) 500 ամ.

50 Տարի Առաջ ( 28 մայիս 1962 )

Խմբագրական Մայիս 28 Արտասահմանի ամբողջ տարածքին վրայ ազատատենչ հայ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը  տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու այն հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ սփիւռքի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն: Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր...

Պիտի Շարունակենք Մայիսեան Յաղթանակի Երթը

«Եթէ Կրնաս` Բարձրացիր... Եւ Քեզի Հետ Ուրիշներն` Եթէ Կրնաս Բարձրացո՛Ւր...» Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար սովորութիւն դարձած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը նշել Մայիսեան հանդիսաւոր եւ փառաշուք փառատօնով: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` իր սկաուտներով, մարզիկներով, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն  մասնակցած դպրոցական աշակերտներով ոտքի կը կանգնի բարձրագոռ յայտարարելու, որ պիտի ընթանայ իր նախնիներու գծած նուիրական ուղիով, պիտի շարունակէ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութիւնը` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի`...

50 Տարի Առաջ ( 25 մայիս 1962 )

Ազգային Երկու Քոլեճներու Կառուցումը Պիտի Սկսի Շուտով Սրբազան Առաջնորդին Շահեկան Տեղեկութիւնները Անցնող դպրոցական տարին բախտաւոր եղաւ լիբանանահայութեան համար, խանդավառ այն երեւոյթով, որ կառուցուելիք երկու նոր քոլեճներով պիտի դիմաւորուի դպրոցական յաջորդ տարին: Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը Ս. Նշանի հողին վրայ եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ: Աննախընթաց երեւոյթ մը, արդարեւ, արձանագրելիք դրական իր հետեւանքներով,  մշակութային գետնի վրայ,...

50 Տարի Առաջ ( 24 մայիս 1962 )

Ազգային Կեանքը Այնճարի Մէջ Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը Մայիս 18-ին մասնաւոր կարգադրութեամբ մը Այնճար այցելեց առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բ. Կռանեանի, պետական երեսփոխան Մ. Տէր Գալուստեանի, Այնճարի ազգային երեսփոխաններ Բիւզանդ Թիւթիւնճեանի եւ երկրաչափ Գէորգ Էմմիեանի: Հիւրերը ուղղուեցան ուղղակի ազգային «Յառաջ» վարժարանը եւ ընդունուեցան վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յարգելի հիւրերը այցելեցին դասարանները եւ քաջալերական խօսքեր...

50 Տարի Առաջ ( 23 մայիս 2012 )

Խմբագրական Խոստովանութիւն Մը... Մեր այսօրուան թիւի երրորդ էջին մէջ, Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթէն առնելով, կը հրատարակենք յատկանշական լուր մը` «Իսլամացած հայերը քրիստոնեայ կը դառնան» խորագրին ներքեւ: Յիշեալ թերթին համաձայն, անցեալ յունուարէն ի վեր 192 իսլամներ կրօնափոխ եղած են: Նախապէս «Ալի անունը կրողը` Արա, Քեմալը` Նուպար եւ Ռուհիէն` Ռազմուհի անունը առած են»: Այս մանրամասնութիւնները տալէ ետք, «Ենի Սապահ» կը կատարէ յատկանշական...

50 Տարի Առաջ ( 22 մայիս 1962 )

Կեանքը Շթորայի Մէջ 18 մայիս, ուրբաթ ժամը 2:00-էն ետք Աղբալեան վարժարան այցելեցին Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան եւ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեան, Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, Յովհաննէս Պուրսալեան: Տաղանդ է հարկաւոր հասկնալու համար հոգեւոր արժէքները: Աղբալեան հոգեւոր արժէքները գնահատողներն են, որ երբեմն շատ հեռուներէն եւ մօտերէն այցելութեան կու գան հոս: Աշակերտուհի...

50 Տարի Առաջ ( 21 մայիս 1962 )

Զարեհ Ա. Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Մէջ Հայրապետական Հանդիսաւոր Պատարագ Երէկ, կիրակի, 20 մայիս 1962, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը` Զարեհ Ա. հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին: Առաւօտուն լիբանանահայ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս, քահանայ հայրեր, Ս. Նշանի թաղական խորհուրդի անդամներ, բարեպաշտ ազգայիններ, աւելի քան 30 ինքնաշարժներով գացին Անթիլիաս` Զարեհ Ա. կաթողիկոսը առաջնորդելու Ս. Նշան մայր եկեղեցի, որուն դրան...

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Արուեստը

Արուեստը թուաբանութեան նման է. երբեմն մենք այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաք, թէ ան բանի մը չի ծառայէր: Սակայն արուեստը ներկայ է մեր շուրջը ամէն տեղ. թէեւ երբեմն անիկա մեզի «աւելորդ» կրնայ թուիլ, մենք առանց անոր չենք կրնար ապրիլ: - Ի՞նչ է արուեստի գործ մը: Ի՞նչ նմանութիւն կայ Ժոքանտի (Մոնա Լիզա) գեղանկարին, հոլիվուտեան մեծ ժապաւէնի մը եւ Մոցարթէն համանուագի մը միջեւ... Արուեստի աշխարհը...

50 Տարի Առաջ ( 19 մայիս 1962 )

Խմբագրական Պատմութիւնը Պիտի Խօսի Քանի մը օր առաջ հրատարակեցինք «Փարիզէն Լիպերէն»-ի թղթակից Իվ Կանտոնի յօդուածը, որ կը կրէր «կենդանի եւ մեռած Պոլիսը» խորագիրը: Յօդուածագիրը, որ պարպուած կը թուի ըլլալ ժերար տը ներվալներու եւ փիեռ լոթիներու մեղքէն, թէեւ երբեմն կ՛ազդուի իր հայրենակիցներուն վիպապաշտութենէն, բայց աւելի իրատես աչքերով կը դիտէ այսօրուան Թուրքիան` յաճախ շատ յատկանշական ախտաճանաչումներ կատարելով: Իր քննութեան առարկան առաւելաբար եղած...

50 Տարի Առաջ ( 18 մայիս 1962 )

Հայկական Կեանք Գոհար Գասպարեան Տաղանդաւոր Երգչուհին Գահիրէէն Պէյրութ ժամանեց երէկ գիշեր եւ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ հռչակաւոր երգչուհի Գ. Գասպարեան: Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր» տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին մասին կը գրէ.- Գոհար Գասպարեան, իբրեւ օժտեալ արուեստագիտուհի, ծանօթ էր արդէն եգիպտահայութեան եւ լայնօրէն գնահատուած` հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ, տարիներ առաջ: Այսօր, տարիներ ետք, իր զոյգ երգահանդէսներով անգամ մը եւս ապացոյցը տուաւ իր...

«85-ամեայ Ազդակ-ը` Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական կամուրջ»

Այս տարի լրանում է Պէյրութում լոյս տեսնող հայկական «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադրման 85-ամեակը: Այս առիթով «Ուրբաթ« ակումբը կազմակերպում է մամուլի ասուլիս «85-ամեայ Ազդակ-ը` Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական կամուրջ» թեմայով: Բանախօսներն են ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանը եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանը: Ասուլիսի ընթացքում լրագրողները հնարաւորութիւն կ'ունենան ծանօթանալ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Ապրիլ 24-եան թեմայով վերջին «Ազդակ-բացառիկ»-ին: Ասուլիսը տեղի...

Page 451 of 482 1 … 450 451 452 … 482