Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճորտըն Ռոմերօ, 15 Տարեկան, Դպրոցական, Լեռնագնաց

June 2, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 տարեկան Ճորտըն Ռոմերօ կրտսերագոյն լեռնագնացն է, որ բարձրացած է եօթը ցամաքամասերու ամէնէն բարձր գագաթները:

24 դեկտեմբեր 2011-ին Ճորտըն Ռոմերօ Կաղանդի շատ աղուոր նուէր մը ստացաւ. ան իր երազը իրականացուց: Ան մագլցեցաւ Անթարքթիքի ամէնէն բարձր լերան` Վինսընի գագաթը: Ասիկա վերջին գագաթն էր արկածախնդրութեան մը, որ ան սկսած էր վեց տարիներ առաջ:

7  Ցամաքամասերու 8 Գագաթները

Իր փոքր տարիքէն Ճորտըն շատ կը սիրէր լեռ մագլցիլ: Ան վաւերագրական ժապաւէններ դիտած է, եւ միշտ բազմաթիւ հարցումներ ուղղած է իր հօրը, որ փորձառու լեռնագնաց մըն է, եւ այս ամբողջովին խենթ նպատակը յղացած է. իւրաքանչիւր ցամաքամասի ամէնէն բարձր գագաթները մագլցիլ:

Այս երազը զայն տարած է աշխարհին չորս կողմերը: Երբ մենք հաշուենք անոր մագլցած լեռները, ցանկին մէջ կը տեսնենք 8 անուն: Ճորտըն կը բացատրէ, թէ գոյութիւն ունի վէճ մը Ովկիանիոյ ամէնէն բարձր գագաթին շուրջ: Կան երկու վայրեր. մէկը Ինտոնեզիոյ մէջ, միւսը` Աւստրալիոյ: Հետեւաբար ան մագլցած է այդ երկու գագաթները. այս ձեւով ոչ մէկ անորոշութիւն կը մնայ:

Բարձունքներու Երազ Մը

Ճորտընի համար Էվերեսթի 8848 մեթրերը մագլցիլը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր վայրկեաններէն մէկը եղած է: 13 տարեկանին ան դարձած է «աշխարհի տանիքը» հասնող ամէնէն փոքր անձը: Ինչպէս միշտ, անոր կ՛ընկերանային իր հայրը եւ խորթ մայրը: Այս ձեւով անոնք դարձած են նաեւ Էվերեսթի գագաթին միասին գտնուող առաջին ընտանիքը:

14 ժամ գիշերով բարձրանալէ ետք, Ճորտըն վերջապէս գագաթ հասած է արեւածագին: Հոնկէ ան կրնար տեսնել երկրագունդին կորութիւնը:

Նոր Էվերե՞սթ Մը

Ճորտըն ունի նաեւ իրականացնելիք ուրիշ երազներ: Իր ծննդավայր Միացեալ Նահանգներուն մէջ պատանիներուն մէկ երրորդը չափազանց գիրութենէ` սոնքութենէ կը տառապի: Հետեւաբար այդ պատանիները դուրս հանելու եւ շարժելու փափաքը տալու համար ան պիտի փորձէ մագլցիլ Միացեալ Նահանգներու 51 ամէնէն բարձր գագաթները: Արկածախնդրութիւնը կը շարունակուի…

 

Լաւ Լուրեր

Այն Սառցակոյտերը,
Որոնք Չեն Հալիր

Սառոյցի լեռներուն հալիլը փաստ մըն է, որ երկրագունդին ընդհանուր կլիման կը տաքնայ: Սակայն զարմանալիօրէն կարգ մը սառցակոյտեր կը տոկան:

Աշխարհի մէջ 2003 թուականէն 2010 թուականին միջեւ սառցակոտյերը եւ լեռներուն գագաթները ծածկող սառոյցի խաւերը «նիհարցած են» տարեկան մօտաւորապէս 150 միլիառ թոն: Անոնք կը հալին, որովհետեւ երկրագունդին վրայ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ:

Սակայն կարգ մը սառցակոյտեր կը տոկան: Ինչպէս, օրինակի համար, Կրինլանտի եւ Անթարքթիքի մէջ սակայն նաեւ` Կարակարումի սառցակոյտերը:

Կարակարումի լեռները կը գտնուին Փաքիստանի հիւսիսը: Հոն մենք կը գտնենք աշխարհի երկրորդ ամէնէն բարձր գագաթը, Ք. 2-ն:

Գիտնականները զարմացան, երբ այս ուսումնասիրութիւնը կատարեցին: Անոնք յստակ բացատրութիւն մը չունին, թէ ինչո՛ւ այս սառցակոյտերը ուրիշներէ աւելի տոկուն են: Անոնք կը մտածեն, որ պատճառը կրնայ ըլլալ շրջանի կլիման:

Ձմրան շատ կ՛անձրեւէ եւ կը ձիւնէ: Իսկ այս վերջին տարիներուն օդը աւելի զով եղած է ամրան:

Հետեւաբար սառցակոյտերը նուազ հալած են եւ պահած` ջուրի իրենց թանկագին պահեստը քիչ մը աւելի երկար ժամանակի համար:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Բնութեան մէջ պանանին կեղեւը 2 – 10 օրուան մէջ կը փճանայ:
  • Հարաւային բեւեռը աշխարհի ամէնէն քիչ արեւու լոյս ստացող վայրն է: Հոն 182 օր առանց արեւի կը մնան:
  • Իւրաքանչիւր 90 վայրկեան մեր արտադրած աղբը կրնայ լողալու աւազան մը լեցնել:
  • Լուսինին վրայ մէկ օրը հաւասար է երկրագունդին վրայ 27 օրի:
  • Արեւուն լոյսը երկրագունդ կը հասնի 8 վայրկեան եւ 17 երկվայրկեանէն:
  • Միջին դարերու ազնուականները կարապ կ՛ուտէին:
  • Արեւը այրող աստղ մըն է:
  • Միքէյ Մաուսը առաջին ոչ կենդանի արարածն էր, որ շարժապատկերի Օսքար մը ստացաւ:
  • Քացախի միջազգային փառատօնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ յունիս ամսուն, Հարաւային Տաքոթայի Ռոզլին քաղաքին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
  • Փիղի մը ուղեղը մարդկային ուղեղէն վեց անգամ աւելի մեծ է:
  • Մեր եղունգները 2,5 սմ երկայնք կ՛ունենան, եթէ մենք զանոնք չկտրենք մէկ տարուան ընթացքին:
  • Մեր եղունգները եւ մազերը նոյն նիւթէն կազմուած են:

 

Հարցում / Պատասխան

2) 1969 թուականին Նէյլ Արմսթրոնկ քանի՞ ժամ քալեց լուսինին վրայ:
1) Կատուն գիշերը մարդոցմէ քանի՞ անգամ աւելի լաւ կրնայ տեսնել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4) Քարի մօտաւորապէս քանի՞ կտորներ գործածուած են շինելու համար Եգիպտոսի Մեծ բուրգը:
3) Ո՞վ 14 ոսկի մետալ շահեցաւ լողի մրցումներուն, 2007 եւ 2008 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիթեռնիկի իրարու համապատասխանող երկու բաժիններ
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 64` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երկու կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւ կը համապատասխանէ անոր տակը գտնուող երկու շրջանակներու մէջի թիւերու գումարը:

 

 

Պատասխաններ

1) Վեց: Կատուին աչքերը լոյսը «ծծող» ցոլացնող բջիջներու աւելորդ խաւ մը ունին:
2) 25 ժամ: Յուլիս 20, 1969-ին, ամերիկացի աստղանաւորդ Նէյլ Արմսթրոնկ դարձաւ լուսինին վրայ ոտք դնող առաջին մարդ արարածը:
3) Մայքըլ Ֆելփս: 2004 թուականին Ֆելփս շահեցաւ վեց ոսկի եւ երկու պրոնզ մետալ, Աթէնքի մէջ, եւ ութ ոսկի մետալ` 2008-ին, Փեքինի մէջ:
4) 2,500,000 քարի կտոր: Քարի իւրաքանչիւր կտոր կը կշռէ մօտաւորապէս երկու թոն:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 2 յունիս 1962 )

Յաջորդը

«Իմ Ժապաւէններուս Մէջ Միշտ Վերադարձ Կայ», «Ազդակ»-ին Կ՛Ըսէ Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.