50 Տարի Առաջ ( 10 Օգոստոս 1962 )
Ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեան Ոչ Եւս Է Խոր ցաւով կը հաղորդենք մահը հաւատաւոր դաշնակցական եւ հանրային բազմարդիւն գործիչ ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Սաքրէ Քէօր հիւանդանոցին մէջ, վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք: Յանձին ընկ. Գրիգոր Տէր Կարապետեանի, Լիբանանի մեր կազմակերպութիւնը կը կորսնցնէ լուռ եւ անձնուէր աշխատանքի օրինակելի ընկեր մը եւ Լիբանանի հայ...