Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 14 Օգոստոս 1962 )

August 14, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիտական Նորութիւններ

Գլխացաւի Գաղտնիքը Եւ Դարմանումը

Ամերիկացի բժիշկներ, գլխացաւի գաղտնիքը լուծելու համար, երկար քննութիւններ կատարելէ ետք, գտած են, որ ան հետեւանքն է «սերոթոնին» կոչուող քիմիական նիւթին, զոր կ՛արտադրէ մեր օրկանիզմը: Չէզոքացնելու համար զայն գտած են ուրիշ մարմին մը, որ ծանօթ է «մեթիսելկիա» անունով: Այս վերջնոյն շնորհիւ` գլխացաւէ տառապող շատ մը հիւանդներ բոլորովին բուժուած են:

Մայրերու Համար Վտանգաւոր Դեղ Մը

Կլասքոյի եւ Քեմպրիճի համալսարաններու բժշկական ճիւղի դասախօսներ վերջերս յայտարարած են, թէ քանի մը ամիսներու ընթացքին Անգլիոյ մէջ հինգ հարիւր այլակերպուած մանուկներ ծնած են, որովհետեւ անոնց մայրերը յղութեան շրջանին գործածած են թալիտոմիտ պարունակող հանդարտեցուցիչ դեղեր եւ մանաւանդ «Տիսթաւալ» անունով ծանօթ դեղը:

Փրոֆեսէօրները աւելցուցած են, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ այսպէս այլակերպուած հինգ հազար մանուկներ եւս պիտի ծնին եւ ասոնցմէ ութ հարիւրը` Անգլիոյ մէջ:

Այժմ բոլոր երկիրներու մէջ միջոցներ ձեռք առնուած են արգիլելու համար թալիտոմիտ պարունակող դեղերու վաճառումը եւ պատրաստութիւնը:

Արուեստական Երակներ

Ամերիկացի երկու բժիշկներ` Հուֆնակել եւ Քոնրատ, հնարած են տաքրոն կերպընկալ նիւթէ արուեստական երակներ, որոնք օժտուելով քիմիական կարգ մը նիւթերով` պիտի կրնան սքանչելի կերպով փոխարինել մարդոց յոգնած ու մաշած երակները եւ նոր առողջութիւն ու կեանք տալ մարդոց, որոնց կեանքը պիտի չկրնար աւելի երկար տեւել` երակները փճացած եւ արեան շրջանառութեան դրութիւնը խանգարուած ըլլալուն պատճառով:

Նիհարնալու Համար

Բոլոր գէրերուն երազն է առանց զրկանքի նիհարնալ:

Հոլանտայի մէջ ուսումնասիրած են ազդեցութիւնը կարգ մը դեղերու, որոնք գրեթէ թունաւոր չեն եւ մարդուն ու անասունին ախորժակը կը գոցեն: Միեւնոյն ատեն կ՛արագացնեն թթուածինի միջոցով ճարպերու այրումը եւ միզեցուցիչ են: Այս դեղերն են` քլորիտրաթներ, մեթիլով եւ ամինոփրոփանով եւ քլորֆենիլով միացած:

 

Հայ Կեանք

Պատմական Օրը Լոնտոնի Մէջ

Քենթըրպըրի Արքեպիսկոպոսը
Եւ
Կիպրոսի Նախկին Կառավարիչը Գովեստով
Արտայայտուած
Են Հայ Ժողովուրդի Մասին

Ինչպէս գրած էինք, յուլիս 22-ին Լոնտոնի մէջ տօնուած էր Մաշտոցի 1600-ամեակը: Եկեղեցական արարողութեանց ներկայ գտնուած են Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը, Յունաց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Կիպրոսի նախկին կառավարիչ սըր Հենրի Լուի եւ ուրիշ օտար հիւրեր:

Աննախընթաց բազմութիւն մը եկեղեցիէն ներս եւ դուրս լեցուած է: Պսակ եպս. Թումայեան անգլերէնով խօսած է Մաշտոցի կատարած նուաճումին մասին` տալով գիրերու գիւտին պատմականը եւ ներկայացնելով հայ գիրերուն դերը: Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը խօսք առնելով` գովեստով արտայայտուած է հայութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին:

Ապա, եկեղեցական արարողութիւններէն ետք հիւրերը մեծ շուքով առաջնորդուած են առաջնորդարան:

Երեկոյեան Քենզինկթըն փալասին մէջ տեղի ունեցած է պատուոյ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ տէր եւ տիկին Նուպար Կիւլպէնկեաններ, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը, յունաց եպիսկոպոսը, Քենզինկթընի եպիսկոպոսը հիացմունքով արտայայտուած են հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցիի մասին: Սըր Հենրի Լուի մօտ երեք քառորդ ժամ խօսած է հայ ժողովուրդին մասին եւ անդրադարձած է այն իրողութեան, թէ ինչպէ՞ս հայ ժողովուրդը 600 տարուան իր ստրկութենէն ետք կրցաւ պայքարիլ, կռուիլ եւ հիմնել իր ազատ եւ անկախ հայրենիքը` 1918 մայիս 28-ին:

Պի.Պի.Սի. ձայնասփիւռի կայանը իր ունկնդիրներուն հրամցուցած է եկեղեցական արարողութիւնները եւ արտասանուած խօսքերը:

Նախագահ Քուտսի Քեսապի Մէջ

Աւանդական Տհոլով Ու Զուռնայով
Մեծ
Ընդունելութեան Մը Արժանացած Է
Նախագահը
Եւ Հնչած Են Եկեղեցւոյ Զանգերը

Իր վերջին շրջապտոյտին ընթացքին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Քուտսի փափաք յայտնած էր հանգիստի օր մը անցընել Քեսապ ամարանոցին մէջ:

Ամսոյս 7-ին նախագահն ու բանակի ընդհ. հրամանատարը` Զահրէտտին Լաթաքիայէն ճամբայ ելած են Քեսապ երթալու համար: Ամբողջ ճամբու երկայնքին արտակարգ ցոյցերու եւ ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք, նախագահը կէսօրին հասած է Քեսապ` իր հետեւորդներով:

Քեսապի ամբողջ ժողովուրդը առտու կանուխէն, մեծով պզտիկով ոտքի էր արժանաւորապէս ընդունելու համար նախագահը: Աւանը ամբողջութեամբ զարդարուած էր սուրիական դրօշներով, նախագահին նկարներով եւ յաղթական կամարներով: Մուտքին ժողովուրդը ամէն կողմէ ծաղիկներ նետած է եւ հնչած են Քեսապի աւանդական տհոլն ու զուռնան եւ այսպէս ուրախութեան ցոյցերու եւ խանդավառութեան մէջ նախագահ Քուտսի եւ զօրավար Զահրէտտին առաջնորդուած են Քեսապ: Եկեղեցւոյ զանգերը հնչած են ի ցնծութիւն նախագահի ժամանումին:

Նախագահ Քուտսի եւ զօրավարը շատ գոհ մնացած են եւ օր մը մնալէ ետք Քեսապ, Լաթաքիոյ ճամբով անցած են Համա:

 

 

Նախորդը

Erkir Media Tv On Line

Յաջորդը

Ընկերային Հրատապ Հարցեր. Վարձակալական Սեւ Օրինագիծ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.