Այլազան

Հետաքրքրական

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սէ. Կենսանիւթը Կ՛0գնէ Հանճարեղ Երեխաներ Ծնելու Քոփենհակընի համալսարանի գիտականները հետազօտած են յղի կնոջ օրկանիզմը եւ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ կարգ մը նիւթերու տոկոսը կրնայ վատ անդրադարձ ունենալ երեխայի ուղեղի զարգացման վրայ: Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, Սէ. կենսանիւթը այն կարեւոր կենսանիւթն է, որ անհրաժեշտ է յղի կնոջ: Անոր պակասը կարելի չէ սրբագրել, նոյնիսկ եթէ ծնելէ ետք երեխային տրուի...

50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1962)

Երեւանի Մատենադարանին Հին Գանձերը Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող Երեւանի մատենադարանը ծանօթ է իր ձեռագիր գանձերով: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող 25,000 հայերէն ձեռագիրներէն տասը հազարէն աւելին կը գտնուի հոն:  Կաշեկազմ այդ մատեանները իրենց մարգարտաշար գիրերով հին օրերու լուռ ու կենդանի վկաներն են: Այնքան հոյակապ են, այնքան ինքնատիպ, որ մարդիկ, հրապուրուած անոնցմով, երբեմն, կարծես, կը մոռնան Մատենադարանի դարակներուն մէջ ի պահ դրուած...

50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանանեան Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Թրիփոլիի Մէջ Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 1962: Թրիփոլին` դրօշազարդուած, ժողովուրդը բացառիկ ցնծութեան մէջ: Յաջորդ օրը սիրելի Լիբանանին անկախութեան տարեդարձն է` շահուած իր արի զաւակներուն մեծ զոհողութեանց գնով, ու ատով իսկ` առաւել թանկագին, առաւե՛լ նուիրական: Տեղւոյս ՀՄԸՄ-ի եւ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը խորապէս գիտակից իրենց երկրորդ հայրենիքի անկախութեան արժէքին, տեսած էին մեծ պատրաստութիւն: Շրջանիս արծուիկները, սկաուտներն ու գայլիկները, Պուրճ Համուտի...

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1962)

Գուրգէն Մխիթարեան Դեռ չհաշտուած մեր սիրելի ընկերոջ` Արամ Սահակեանի մեզմէ անդարձ բաժանման գաղափարին հետ, երկուշաբթի առտու, երբ թերթը կը յանձնէինք մամուլին, Պոսթընէն տրուած հեռագիր մը կը գուժէր «Հայրենիք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Գուրգէն Մխիթարեանին մահը, որ տեղի ունեցած է կիրակի, 25 նոյեմբեր, Ուստըրի մէջ, Դաշնակցութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդէսին ճառախօսած պահուն: Ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր Դատին...

Մեր Մոլորակին 7 Միլիառ Բնակիչները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անոնք հարուստ են, աղքատ, առողջ, տկար... մարդիկ տարբեր ձեւով կ՛ապրին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Մենք երկրագունդը կը գրաւենք շատ անհաւասար կերպով, կարգ մը շրջաններ, ինչպէս Հնդկաստանը, շատ բնակուած է, մինչ ուրիշ երկիրներ, ինչպէս Աւստրալիան, գրեթէ պարապ են: Բնակչութիւն Եւ Հարստութիւն Մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող վայրերը ամէնէն հարուստ շրջանները չեն: Հնդկաստանը, որ ունի աւելի քան 1 միլիառ...

50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանան Երէկ Աննախընթաց Շուքով Տօնեց Անկախութեան Տարեդարձը Այս Տարի Տօնախմբութիւնը Ժողովրդային Կերպարանք Ստացաւ Եւ Շուկաները Փակուեցան Նախագահ Ֆուատ Շեհապ Հայրենաշունչ Պատգամ Մը Ուղղեց Լիբանանցի Ժողովուրդին Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, այս տարի բացառիկ շուքով ու արտակարգ խանդավառութեան մթնոլորտի մը մէջ տօնեց նոյեմբեր 22-ի անկախութեան տարեդարձը: Ոչ միայն պատկան սպասարկութիւնները օրերէ ի վեր պատրաստութիւններ կը տեսնէին` մասնաւոր փայլք մը տալու համար այս...

Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կ՛արժեւորէք Դուք Ձեզ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ի՞նչ կարծիք ունիք դուք ձեր մասին, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք դուք ձեզ. իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1 Յաճախ այն տպաւորութիւնը ունիք, որ մարդիկ ձեզ լուրջի չեն առներ: այո ոչ 2 Անտեղիօրէն կը կասկածիք ձեր կողակիցին հաւատարմութեան վրայ: այո ոչ 3 Յաճախ անտրամադիր վիճակի մէջ կ՛ըլլաք: այո ոչ 4 Մրցակցութեան մէջ մտնելէ կը վախնաք:...

50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1962)

Տասը Տարիէն Սիրտ, Լեարդ Կամ Երիկամունք Պիտի Գնենք Հայ Բժիշկի Մը Տեսութիւնը Ուաշինկթըն նահանգի Բժշկական ընկերակցութիւնը իր համագումարն ունեցաւ վերջերս Սիէթըլի մէջ: Այլ գիտնականներու շարքին, նոյն համագումարին խօսելու հրաւիրուած էր օքլընտցի (Քալիֆորնիա) երիտասարդ հայ բժիշկ Ճան Ս. Նաճարեան, որ 550 բժիշկներու ներկայութեան իր զեկոյցին մէջ յայտարարեց, թէ տասը-տասնհինգ տարիէն կարելի պիտի ըլլայ երթալ մարդկային մարմնի գործարաններու պահեստ մը (պանքա) եւ...

50 Տարի Առաջ (21 Նոյեմբեր 1962)

Խմբագրական Երիտասարդ Լիբանանը (Անկախութեան 19-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Վաղը` հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր, բոլոր համայնքներու պատկանող լիբանանցիները սրտի անհուն հրճուանքով պիտի տօնեն Լիբանանի անկախութեան 19-րդ տարեդարձը: Պիտի տօնեն հպարտութեամբ, որովհետեւ անցնող 19 տարիներու ընթացքին իր զաւակներուն արիւնով ու քրտինքով, անհաշիւ զոհողութիւններով եւ անդադրում պայքարներով շահուած անկախութիւնը ամրապնդուեցաւ ու Լիբանան դարձաւ Արեւելքի սիրտը, գեղահասակ երիտասարդ, որ վստահութեամբ կը նայի ապագային: Փոքր երկիր մըն...

50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1962)

Քրիստոսի Ժամանակուան Պաղեստինեան Քաղաքները Պաղեստինի Քաշողականութիւնը Պաղեստինը, իբրեւ Սուրբ Երկիր, քրիստոնեայի մը համար արտակարգ քաշողականութիւն մը ունի. ոչ ոք, երբ յարմար առիթը ունենայ, կ՛անտեսէ զայն այցելել: Զարմանալի չէ, քանի որ հոն ապրած է հիմնադիրը կրօնի մը, որ աշխարհիս երեսը փոխած է եւ ներկայիս կը հաշուէ 1.100.000.000 քրիստոնեաներ: Ներկայիս Պաղեստինը մեզի ծանօթ է. կան շրջաններ, ուր գերարդիական զարգացում մը կայ. կան...

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1962)

Արամը Կը սիրէր այսպէս կոչուիլ, հաւանաբար` այն պաշտամունքին համար, որ ունէր հանդէպ այն միւս Արամին, որուն վիճակուեցաւ մայիսեան առաւօտ մը մարմին տալ ցեղին դարաւոր երազին: Փոքր տարիքէն որբ, անցած` կեանքի կրակէ ճամբաներէն, անձնական պատկառելի փորձառութեան մը պաշարով, հասած էր իրապաշտ հայեցողութեան մը, որուն դրոշմը կը դնէր հանրային ու կուսակցական բոլոր գործերուն վրայ: Հակառակ իր ծանրախոհ արտաքինին` մտերմօրէն զուարթամիտ մարդն էր...

Մրցանիշներու Անձրեւ Փաքիստանի Մէջ

Երիտասարդութեան յատուկ փառատօնի մը ընթացքին, փաքիստանցիները տարօրինակ մրցանիշներ կ՛արձանագրեն... Փաքիստանը ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ ձեռք չձգեց, սակայն անոր փոխարէն ան արժանացաւ աշխարհի ամէնէն շատ չափաթի հաց շինելու, ազգային քայլերգ երգողներու կամ պեխերով փոքրիկ փոխադրակառք մը քաշելու մրցանիշներուն: Այս բոլոր մրցանիշները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշներ, արձանագրուեցան երիտասարդութեան յատուկ փառատօնի մը ընթացքին, Փաքիստանի Լահորի շրջանին մէջ: Փառատօնին ներկայ էին նաեւ Կինէս մրցանիշներու...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք Օգնենք, Որպէսզի Սիրեն Իրենց Մահճակալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Նորածինի մը առաջին գիշերները դժուար թէ հեզասահ անցնին: Լաց, խուճապի մատնուած ծնողներ, լարուած մթնոլորտ... Ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի մանուկը առաջին իսկ օրերէն սիրէ իր մահճակալը, հանգիստ ու ապահով զգայ իր նոր բոյնին մէջ, եւ վերջ գտնեն  գիշերային մղձաւանջները: Ընտրեցէք Զինք «Ըկնկալող» Մահճակալ Մը Մանուկին մահճակալը պէտք է ըլլայ փոքրիկ, իր չափերուն համապատասխան: Մօր արգանդէն նոր դուրս եկած երեխան...

50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանանահայ Գաղութին Մեծ Կորուստը Վեթերան Դաշնակցական Եւ Հանրային Գործիչ Ընկեր Արամ Սահակեան Երէկ Կէսօրէ Ետք Անակնկալօրէն Փակեց Իր Աչքերը, Պէյրութի Մէջ, Յետ Կարճատեւ Հիւանդութեան  Իր Մահը Խոր Սուգի Մատնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտանիքը Ի Սփիւռս Աշխարհի, Լիբանանահայ Ազգային Եւ Հանրային Կազմակերպութիւնները Եւ Իր Արժէքը Գնահատող Հայկական Բազմութիւնները Խոր յուզումով կը սգանք վաղաժամ մահը մեր շատ սիրելի ընկերներէն ընկեր Արամ Սահակեանի, որ...

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1962)

Հայկական Կեանք Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ Կիրակի, 11 նոյեմբեր 1962, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին  զանգակները, քանի մը ամսուան դադարէ ետք, կրկին հնչեցին իրենց օրհնաբեր ղօղանջիւնով: Վերանորոգուած, գեղեցիկ փայլ մը ստացած էր մայր տաճարը, արտաքին ու ներքին տեսքով: Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագին: Պատարագեց Զարեհ Ա. կաթողիկոս: Ս. պատարագը, տպաւորիչ երգեցողութեամբ, երգուեցաւ...

50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1962)

«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճի Շինութիւնը Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանը կոչ մը ուղղած է հայ ճարտարապետ-երկրաչափներուն` մասնակցելու Պուրճ Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի շէնքի նախագծի պատրաստութեան մրցումին: Այս առթիւ, շէնքի շինութեան, կատարուած աշխատանքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 1962, կէսօրէ առաջ, առաջնորդարանի մէջ տեսակցութիւն մը կ՛ունենանք լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ, Խորէն արք. Բարոյեանի հետ:...

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նոր Վարչութիւնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի մասնաճիւղի անդամական ընդհ. ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր 1962, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: Ներկայ էին մեծ թիւով անդամուհիներ: Օրակարգի գլխաւոր կէտերն էին` Պատգամաւորական ժողովի զեկուցում, նախորդ վարչութեան տարեկան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրի ընթերցում եւ նոր վարչութեան ընտրութիւն: Ներկաներու մեծամասնութեան ձայնով ընտրուեցան հետեւեալ անդամուհիները. Ալիս Յարութիւնեան, Բրաբիոն Բարունակեան, Լիլի Աթթարեան, Սիրուն Կիւրեղեան,...

Բնութիւնը Սիրող Ընտանիք Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անճելօ, Անճելա եւ անոնց երեք աղջիկները կ՛ապրին Սիկիլիոյ մէջ, Իտալիոյ հարաւը: Անոնք կը փորձեն կարելի եղածին չափ համերաշխ ապրիլ զիրենք շրջապատող բնութեան հետ: Իրենց երազներու տունը գտնելը դիւրին չէ եղած Անճելոյին եւ Անճելային համար: Անոնք ամբողջ Իտալիան շրջած են բազմաթիւ տարիներ` վերջապէս այդ վայրի բլուրի գագաթին հաստատուելէ առաջ: Այժմ անոնք հոն կ՛ապրին իրենց երեք աղջիկներուն հետ:...

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1962)

Հայ Կեանք Հայաստան Աւետիք Իսահակեանի Յիշատակին Քերթողին մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ Երեւանի պանթէոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր դամբանին վրայ հաստատուած որձաքարէ կիսանդրիին, գործ` քանդակագործ Ս. Բաղդասարեանի: Պատուանդանին վրայ փորագրուած են ուղտերու կարաւան մը եւ սիրահարած ուռենին` իբրեւ խորհրդանիշ Ա. Իսահակեանի քերթուածներուն պսակը նկատուող «Աբու Լալա Մահարի»-ի քերթողագրքին: Բացումին առթիւ աւուր պատշաճի խօսք առած են` Էդ. Թոփչեան, Ստ. Զօրեան, Արամ Ինճիկեան...

Page 439 of 482 1 … 438 439 440 … 482