50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1962)
Շիրվանզադէն Ամմանի Բեմին Վրայ (Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Քանի մը ամիսէ ի վեր հայ կաթոլիկ համայնքը «Ադամեան» թատերախումբը կազմած ըլլալով, տենդագին աշխատանքի մէջ էր Շիրվանզադէի «Նամուսը» ներկայացնելու համար: Այս երկը հեղինակին ամէնէն ծանր գործերէն մին ըլլալով` բոլոր գիտցողները յաջողութեան մասին սկեպտիկ էին: Բայց թատրոնի եւ գեղարուեստի ծարաւի երիտասարդները առանց ազդուելու եւ յուսահատելու յառաջ տարին իրենց ճիգերը եւ կիրակի 2 դեկտեմբերին, «Ռեմպօ»...