Այլազան

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1962)

Հայկազեան Քոլեճի Դասախօսութիւնները Սեւ Ու Ճերմակ Հայաստանը Հայկազեան քոլեճի հայկական ակումբը` օգտուելով հաստատութեան անկողմնակալ դիրքէն, ոչ գաղափարական եւ ոչ ալ դաւանական խտրութիւններ դնելու իր կեցուածքէն, որոշած էր դասախօսելու հրաւիրել քոլեճի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս Գաբրիէլ Ինճէճիքեանը` «Սեւ ու ճերմակ Հայաստանը իրականութեան լոյսին տակ»: Գ. Ինճէճիքեան վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ 16 օր մնացած հոն` քննական ու ընկերաբանական ակնոցով ուսումնասիրած ու տեսած...

Մեր Երեխաները Եւ Մենք. Ինչպիսի՞ Կօշիկ Եւ Գուլպայ Ընտրել Երեխաներուն Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կօշիկի Ընտրութիւն Երբ երեխան քալել սկսի, անոր անհրաժեշտ են յարմարաւէտ կօշիկներ: Երեխային ոտնաթաթը ունի որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք կ՛ենթադրեն յատուկ կօշիկներ: Երեխային ոտքը առջեւէն լայն է, իսկ ետեւի մասը` նեղ, բացի ատկէ, ոտնաթաթը փափուկ է` կռճիկային  վիճակի մէջ: Նեղ, անյարմար կօշիկը կրնայ ձեւափոխել երեխայի ոտնաթաթերուն իրական ձեւը` դառնալով հետագայ բարդութիւններու պատճառ: Կօշիկ գնելու ատեն պէտք է խորհրդակցիլ փորձառու...

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1962)

Պարիթոն-Երգիչ Տիգրան Ժամկոչեանի Յաջողութիւնը Լիբանանահայ երիտասարդ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան, Ա. մրցանակաւոր Պէյրութի պետական երաժշտանոցէն, 1962, սեպտեմբեր 25-ին, Ժընեւի մէջ մասնակցած է Միջազգային 18-րդ երաժշտական մրցումին: Ինը հեղինակաւոր երաժշտագէտներէ բաղկացած դատական կազմի մը հսկողութեամբ, մրցումին մասնակցող 36 երկիրներէ 327 սիրողական եւ արհեստավարժ երգիչներու զտումին վերջին 11 ընտրուած երգիչներէն մէկը կ՛ըլլայ Տիգրան Ժամկոչեան: Սեպտեմբեր 18-ին, Ժէօնէս Միւզիքալի հրաւէրով, Պիէնի Ֆարելի սրահին մէջ,...

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1962)

Խմբագրական Քուպայի Տագնապը Եւ Խրուշչեւի Դժուարութիւնները Քուպայի տագնապին հանդէպ Քրեմլինի բռնած դիրքը եւ վարչապետ Խրուշչեւի առաջարկած լուծումը անկասկած որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ համայնավար ճակատի երկիրներուն մէջ, ուր խրուշչեւեան քաղաքականութիւնը ջերմ համակիրներ եւ թունդ հակառակորդներ ունի: Անշուշտ կարելի չէ յստակ գաղափար մը կազմել այն վիճաբանութեանց մասին, որոնք տեղի ունեցան համայնավար ղեկավարներու միջեւ` Քուպայի հարցին առթիւ, Խրուշչեւի յեղակարծ տեղատուութենէն յետոյ: Բայց...

50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1962)

Հայ Կեանք Առաջին Անգամ Հայերը Գործածած Են Երկաթը Քրիստոսէ 1400 Տարի Առաջ Արձագանգը եղած էինք այն լուրին, թէ հայերը գտած են երկաթը առաջին անգամ եւ օգտագործած են զայն: Անգլիացի հռչակաւոր հնաբան Հորթըն Ձայլան էր, որ կը հաստատէր վերոյիշեալ իրողութիւնը: Ուրիշ կարեւոր աղբիւր մը եւս կը հաստատէր այդ պարագան: Արդարեւ, գերմանական նշանաւոր համայնագիտարանը «Տեր Նոյէ Պրոքհաուզ», իր  «թեքնիքի եւ բնական գիտութեանց...

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1962)

Ներքին Կեանք Պէյրութ Մաքուր Քաղաք Մը Պիտի Ըլլայ Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի շաբաթ կէսօրէ ետք քննական պտոյտ մը կատարեց Պէյրութի կարգ մը փողոցներուն մէջ` անձնապէս տեղեակ ըլլալու համար Պէյրութի բնակչութեան պահանջներուն: Այսօր` երկուշաբթի, վարչապետ Քարամէ, ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ , Էմիլ Եաննի, ոստիկանութեան տնօրէն դեր-գնդապետ Սայիտ հասան եւ քաղաքապետութեան մաքրութեան սպասարկութեան պետը քննական պտոյտ մը պիտի կատարեն մայրաքաղաքին մէջ`...

Բնութիւնը 100 Առ 100 Յարգող Երկիրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պութանը պզտիկ թագաւորութիւն մըն է, որ կը գտնուի Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ: 2011 թուականին անոր անունը ճանչցուեցաւ, երբ ան դարձաւ աշխարհի այն երկիրը, ուր բնակիչները ամէնէն աւելի  ուրախ են: Ներկայիս Պութանը կ՛ուզէ դառնալ երկիր մը, որ միայն բնութիւնը յարգող միջոցներով երկրագործութիւն մը կը կիրարկէ: Երկրագործները կը մղուին քիմիական նիւթեր չգործածելու իրենց հունձքերը աճեցնելու համար: 46,500 քառ....

50 Տարի Առաջ ( 3 Նոյեմբեր 1962 )

Վաղուան Աշխարհը Ամերիկացիները Պիտի Երթեւեկեն Պտուտակաւոր Կառքերով Եւ Լոնտոնի Մէջ Պիտի Չանձրեւէ Ամէն տեղ գիտնականները անձնատուր եղած են աննախընթաց մրցակցութեան մը, այնպէս որ, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, թէ արդէն ապագային մէջ կ՛ապրինք մասամբ մը: Ամերիկացի եւ ռուս գիտնականներ կը պահանջեն, որ հիմակուընէ սկսի կեանքի եւ մարդկային գործունէութեան կարգ մը մարզերը ապագայ պայմաններուն յարմարցնելու քննութիւնը, որպէսզի 2000 թուականի մարդը 1962-ի մտածելակերպով...

50 Տարի Առաջ ( 2 Նոյեմբեր 1962 )

Հետաքրքրական Ծիծաղի Ակադեմիա Ֆրանսայի մէջ վերջերս հիմնուած է Ծիծաղի եւ կենդանի սրամտութեան (հիւմոր) ակադեմիա մը, որուն նպատակն է մարդոց սորվեցնել լիահագագ խնդալ` առօրեայ կեանքի հոգերն ու տաղտուկները մոռնալու համար: Ակադեմիայի նախագահն է Ֆրանսուա Քարատեք, իսկ պատուակալ անդամները` ժամանակակից ֆրանսական արուեստի եւ մտքի ականաւոր շատ մը դէմքեր: Ակադեմիային պատուակալ նախագահն է Ռընէ Քլեր, իսկ աջակիցները` Ֆրանսուազ Սական վիպագրուհին եւ Ռայմոն Քենօ...

Առողջապահական. Սնունդը Եւ Կեանքի Տարբեր Տարիքային Շրջանները

Կեանքի առաջին 20 տարիներու ընթացքին ընդունած սնունդը մարմինը կ՛օգտագործէ որպէս շինանիւթ: 25 տարեկանին վերջնականապէս կազմաւորուած կ՛ըլլան` կմախքը, մկանները եւ միւս օրկանները: 25 տարեկանէն ետք ընդունուած սնունդը կը ծառայէ պահպանելու արդէն կազմուած համակարգերուն բնականոն գործունէութիւնը: 50-ականներու սեմին պէտք է այլեւս սնանիլ ոչ թէ ախորժակը բաւարարելու, այլ օրկանիզմը վերակառուցելու համար: Անհրաժեշտ է այլեւս ուշադրութիւն դարձնել ուտելիքներու ճիշդ ընտրութեան եւ պատրաստութեան եղանակներուն, որպէսզի...

50 Տարի Առաջ ( 1 Նոյեմբեր 1962 )

Ազգային Կեանքը Հատեթի Մէջ Հազմիէի բարձունքին թառած այս փոքր, սակայն բեղուն ածուն, վերջին շրջանին մանաւանդ, փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ իր ծրագրի գործադրութեան ուղիին վրայ: Անոնցմէ գլխաւորը` նորակազմ Ազգ. Զաւարեան վարժարանին հիմնադրութիւնն է, որ քանի մը տարիներէ ի վեր շրջանիս Օգնութեան խաչի վարչութեան խնամակալութեան ներքեւ, անպաշտօն եւ անուն հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, տեղացի հայ մատղաշ մանուկներուն կը ջամբէր մայրենի լեզուն եւ ազգային...

50 Տարի Առաջ ( 31 Հոկտեմբեր 1962 )

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրին Ետին Պատահական այցելու մը խորհրդային տիեզերանաւորդ Կերման Թիթովի տունը գնաց եւ սակայն տան մէջ գտաւ միայն փոքրիկ մանչուկ մը: - Ո՞ւր է հայրիկդ,- հարց տուաւ այցելուն: - Ո՜հ, հոս չէ, անջրպետի մէջ կը ճամբորդէ, երեք ժամէն պիտի վերադառնայ: - Ուրեմն, ո՞ւր է մամադ: - Գնում ընելու գնաց, վեց ժամէն պիտի վերադառնայ...                                          *** 2000 թուականին Փրակայի մէջ...

50 Տարի Առաջ ( 30 Հոկտեմբեր 1962 )

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին Խորհրդային պլոքի անդամ երկիրներէն մէկուն գործավարներու խորհուրդը ժողովի նստելով` ընթացիկ հարցեր կը քննէր: Երկրագործական գործավարը շատ էր ընկճուած: Հունձքերը շատ գէշ էին, թրաքթորները կոտրուած էին, հաւաքական ագարակներու մէջ մարդկային աշխատանքը շատ քիչ էր, կարճ խօսքով հազար տեսակ դժուարութիւններ կային: Գործավարին պաշտօնակիցներէն մէկը փորձեց զայն քաջալերել եւ ըսաւ. - Օ՛ն, ուրախացի՛ր, այս բոլոր դժուարութիւնները ժամանակաւոր են: Կասկած...

50 Տարի Առաջ ( 29 Հոկտեմբեր 1962 )

Խմբագրական Քուպայի Տագնապը Երկու օր ամբողջ, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի, մարդկութիւնը ապրեցաւ ընդհանուր պատերազմի մը մղձաւանջին ներքեւ: Աշխարհի մէկ ծագէն միւսը պատերազմի պաղ սարսուռը անցաւ բոլոր հոգիէն` մօտալուտ աղէտի մը նախատեսութեամբ: Նախորդ աշխարհամարտի նախօրեակը յիշեցնող ռազմաշունչ յայտարարութիւններու ժխորին մէջ, սակայն, լսուեցան աւելի մեղմ ձայներ, որոնք թախանձագին կը խնդրէին ժողովուրդներու ճակատագիրը վարող պատասխանատու ղեկավարներէն` վերջին խօսքը չտալ թնդանօթին, աւելի ճիշդը` ջերմակորիզային զէնքերուն:...

50 Տարի Առաջ ( 26 Հոկտեմբեր 1962 )

Տոմսեր Հայկական Անջրպետ Կէս քաղքենի եւ կէս բանուոր «հայաստանասէր» Չալին կը խօսէր` իր դաշնակցական ծանօթին` Արչիին հետ: - Արչի՛, ի՜նչ հրաշքի օրեր կ՛ապրինք: Վեր կը նայիս եւ արեւէն առաջ խորհրդային աստղանաւորդ կը տեսնես: - Չա՛լի, Խորհրդային Հայաստան ապրող մէկ ազգականէս նամակ առի, ձեռք մը հագուստ կ՛ուզէ: Կ՛ըսէ, որ տեղական ապրանքները հագուելիք բաներ չեն: - Խորհրդային մեծ գիտնական մը ըսեր է,...

Page 440 of 482 1 … 439 440 441 … 482