Այլազան

Սուտ Չի Խօսինք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բոլորին ծանօթ է Փինոքիոյին պատմութիւնը: Կապոյտ պարիկին շնորհիւ Ճէփէթոյին ստեղծած փայտէ խամաճիկը կը վերածուի պզտիկ տղու մը, պայմանով որ ան արժանի ըլլայ: Դժբախտաբար, Փինոքիօ որքան սուտ կը խօսէր, այնքան անոր քիթը կ՛երկարէր: Սպանիոյ Կրանատա համալսարանէն գիտնականներ փաստած են, որ ճիշդ է, թէ մեր քիթը չ՛երկարիր, երբ մենք սուտ կը խօսինք, սակայն ան կրնայ սուտ խօսելու նշաններ...

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1963)

Խմբագրական Մարաշի Աղէտը Վաղը կիրակի, 13 յունուար, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հանդէս` Մարաշի աղէտի 43-րդ տարեդարձին առթիւ, կազմակերպուած` Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ: Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի այլ քաղաքներէն իբրեւ տարագիր Լիբանան ապաստանած եւ այս ասպնջական երկրին մէջ տուն-տեղ ըլլալով, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ նախանձելի դիրքի հասած մեր մարաշցի հայրենակիցները, տարին մէկ օր, յունուարի ընթացքին, պատշաճ...

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1963)

Տոմս Մարդիկ Եւ Միջատները... Ամերիկացի հեղինակ մը գրած է գիրք մը` միջատասպան դեղերու դէմ, որոնք կը գործածուին թէ՛ մեր տուներուն եւ թէ՛ պարտէզներուն մէջ, նոյնիսկ` պահածոյ կամ ոչ-ուտելիքներու մէջ: Այդ դեղերը, կ՛ըսէ հեղինակը, վնասակար են մարդոց առողջութեան, թէեւ կը բնաջնջեն միջատները: Այս հարցին մէջ ալ մարդը կը գտնուի երկսայրի սուրի մը առջեւ: Եթէ սպաննէ միջատները դեղերով, կը վնասէ իր առողջութեան:...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

3 յունուար 2013-ի «Ազդակ»-ի թիւին մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ Նիժնի Նովկորոտի «Կամուրջ» թերթի խմբագիր Լիանա Զախարեանի կատարած «Հայրս զբօսաշրջութեան նպատակով չէր լքել Տիգրանակերտը...» խորագրեալ հարցազրոյցին լոյս ընծայման առիթով` Տէր եւ տիկին Արմէն Յարութիւնեան 100,000 լ. ո.

Հետաքրքրական. Հացերու Արքան` Լաւաշը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բուրաւէտ, համեղ եւ ախորժաբեր լաւաշը հայկական հացերու արքան կը համարուի: Հայաստանի մէջ լաւաշը գոյութիւն ունէր Ք.Ա. առաջին հազարամեակներուն: Արտաշատ քաղաքի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է այդ ժամանակաշրջանի յատուկ գետնափոր թոնիր: Լաւաշը նուրբ, երկար, մինչեւ 70 սմ ձուաձեւ հաց է, որ բնորոշ է հայերուն: Լաւաշ թխելը հայ կիներու մենաշնորհն է: Զայն կը թխեն մինչեւ 1,5 մեթր խորութեամբ եւ 80...

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1963)

Հայկական Ճարտարապետութիւն  Աղթամարի Տաճարը Հայկական ճարտարապետութեան այս գոհարը կը գտնուի Վանայ լիճին մէջ, Աղթամար կղզիին վրայ: Այս կղզին շատ հին ժամանակներէն ի վեր նկատուած էր պատերազմական անառիկ վայր եւ հետեւաբար` իշխաններու բնակավայր: Արծրունի Գագիկ թագաւորը 10-րդ դարուն ուշադրութիւն դարձուց այս կղզիին վրայ եւ բազմաթիւ շինութիւններով մեծ կարեւորութիւն ընծայեց անոր: Թովմա Արծրունի պատմագիրը մանրամասնօրէն գրած է Գագիկ Արծրունի թագաւորին շինարարութիւններուն մասին:...

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

Ս. Ծնունդի առիթով, իրենց ծնողներուն եւ եղբայրներուն` Խաչիկի, Երուանդի եւ Արմէն-Զարեհի յիշատակին` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեաններ 25,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1963)

Յունաստանի Փոլ Թագաւորը Գէորգ Ա.-ի Արքայական Կարգի Մեծ Շքանշանով Պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Պէյրութի Յունական Դեսպանը, Երէկ Անթիլիասի Վեհարանին Մէջ Շքանշանը Պաշտօնապէս Յանձնեց Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին Երէկ` երեքշաբթի, 8 յունուար 1963 երեկոյեան ժամը 7:00-ին Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ Լիբանանի յունական դեսպան Ա. Անթոնոփուլոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.-ի յանձնեց Գէորգ Ա.-ի Արքայական կարգի Մեծ ժապաւէնի շքանշանը` յանուն Յունաստանի...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սանան Գանտահարեանի ընդ Արէն Քերթեշեանի նշանախօսութեան առիթով` Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ալին Քեչեպաշեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (8 Յունուար 1963)

Ս. Ծննդեան Տօնը Լիբանանի Մէջ Ս. Ծնունդի տօնը այս տարի աննախընթաց շուքով եւ ջերմեռանդութեամբ տօնուեցաւ ամէնուրեք: Նպաստաւոր օդը առաւել եւս հնարաւորութիւն տուաւ տօնական օրերը լաւագոյն կերպով վայելելու: Շաբաթ, 5 յունուար, յետմիջօրէի Խթումի Ս. պատարագին բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներով: Յաւարտ Ս. պատարագի, բազմութիւններ, Ս. Ծնունդի քրիստոնէական խորհուրդին իմաստով ներշնչուած, Ս. հաղորդութիւն ստացան: Անհամար ընտանիքներ, մինչեւ ուշ գիշեր, Աստուածորդւոյն ծննդեան աւետիսը...

Վեց Յունուար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեր օրացոյցին մէջ 6 յունուարը շատ կարեւոր թուական մըն է, որովհետեւ մենք կը տօնենք Ս. Ծնունդը: Աշխարհին շուրջ քրիստոնեաները նոյն օրը կը տօնեն նաեւ Յիսուսի մկրտութիւնը, մոգերուն ժամանումը... Հետաքրքրական Իսկ ժամանակի ընթացքին նաեւ ի՞նչ պատահած է 6 յունուարին: 1494-ին տեղի ունեցած է Նոր Աշխարհին մէջ առաջին պատարագը` Քրիստափոր Քոլոմպոսի ընկերակիցներուն կողմէ, Լա Իզապէլա (Տոմինիքեան Հանրապետութիւն) գիւղին...

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1963)

Խմբագրական Որո՞ւ Համար Կը Ղօղանջեն Զանգերը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները վաղը ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով պիտի տօնեն դարձեալ Աստուածորդւոյն ծնունդը: Աշխարհի գլխուն ծանրացող ահաւոր տագնապի այս օրերուն տառապակոծ մարդկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ մը ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ մարդու հոգին: Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ, իյնա՞լ յոռետեսութեան գիրկը, թէ՞ բոլոր փորձութիւններէն վեր, հասնիլ երազային բարձունքներու` որոնելու համար մարդ...

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1963)

Տոմսեր Ի՛նչ Պէտք Է Տալ Մարդուն Ամերիկեան եկեղեցիի մը մէջ, տօնական օրերու առթիւ, քարոզիչ մը խօսած է` բնաբան ունենալով, թէ` «Ի՛նչ պէտք է տալ մարդուն»: Զանազան կրօններու պատկանող բազմաթիւ հաւատացեալներ եկեղեցի փութացած են լսելու քարոզը եւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ առնելիք ունին եւ չի տրուիր իրենց: Քարոզիչը ըսած է` ի միջի այլոց. - Մարդիկ ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ իրենց նմաններուն...

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1963)

1963-Ին Պէյրութի Համար Պիտի Ծախսուի 90 Միլիոն Լ. Ոսկի Բազմաթիւ Կարեւոր Ծրագիրներ Պիտի Իրագործուին Այս Դրամով Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահ Ամին Պէյհում յայտարարեց, թէ շաբաթ, դեկտեմբեր 20-ին գումարած իր ժողովի ընթացքին, յանձնախումբը աւարտած է ուսումնասիրութիւնը 1963-ի քաղաքապետական պիւտճէին, որ կը բարձրանայ 49.300.000 լ. ոսկիի: Այս գումարին մէջ 32.500.000 լ. ոսկի մաս կը կազմէ սովորական պիւտճէին, իսկ 16.800.000 լ. ոսկի պիտի...

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1962)

Խմբագրական Բեղմնաւոր Տարին Ամանոր է նորէն: Իւրաքանչիւր անհատ, կազմակերպութիւն, ժողովուրդ հաշուի պիտի նստի ինքն իրեն հետ` միայն ի՛րը եղող գործի մը հաշուեփակը կատարելու, որպէսզի անցնող երեք հարիւր վաթսունհինգ օրերու գումարէն բխող դասերը տրամաբանական եզրակացութիւններու բերէ` ի խնդիր լաւագոյն գալիքի մը կերտումին: Եթէ փորձենք կատարել հաշուեփակը լիբանանահայ ազգային կեանքին, անժխտելիօրէն պիտի հաստատենք, թէ 1962-ի ընթացքին հիւրընկալ այս երկրին մէջ հայութիւնը շարունակած...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սինթիա Եսայեանի ընդ Հայկ Եսայեանի նշանախօսութեան առիթով` Գույումճեան ընտանիք (Ճափոն) եւ Գըվըրեան ընտանիք (Սիտնի) 500 ամ.

Կաղանդը Աշխարհին Շուրջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ - Կաղանդի շրջանին, Կաղանդ պապան շատ զբաղած կ՛ըլլայ: Ան կը դառնայ աշխարհին շուրջ, կ՛անցնի երկրէ երկիր` իւրաքանչիւր երկրի մէջ յարգելով անոր աւանդութիւնները: - Լաթվիոյ մէջ Կաղանդ պապան շատ աւելի գործ ունի: Ան Ծնունդի 12 օրերուն ամէն օր նուէր մը կու տայ` սկսելով Ծնունդի գիշերէն: - Ըստ յունական աւանդութեան, «քիլանցարոյները» չարաճճի թզուկներ են, որոնք դուրս կ՛ելլեն Ծննդեան...

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1962)

Տոմսեր Նորը` Հինն Է... Եթէ մարդ օրացոյցին չնայի իսկ, ճամբու վրայ` գունաւոր թուղթէ տոպրակներ կրող բազմութիւնը, բարեսիրութեան արձագանգ փնտռող զանգակներու ձայնը, եւ մեր բարեսիրական հաստատութեանց կոչերը կը յիշեցնեն, թէ դարձեալ մօտեցած են մեծ օրերը` քրիստոնէութեան ու ազգային կարիքի... Հաւաքական աշխուժութիւն, եռուզեռ կը տիրէ հրապարակի վրայ, ու ամէն մարդ պատրաստ է կարծէք բան մը գնելու: Այս օրերուն կարելի չէ Հեմինկուէյի հետ...

Page 436 of 482 1 … 435 436 437 … 482