Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1963)

January 3, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1963-Ին Պէյրութի Համար Պիտի
Ծախսուի 90 Միլիոն Լ. Ոսկի

Բազմաթիւ Կարեւոր Ծրագիրներ
Պիտի Իրագործուին Այս Դրամով

Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահ Ամին Պէյհում յայտարարեց, թէ շաբաթ, դեկտեմբեր 20-ին գումարած իր ժողովի ընթացքին, յանձնախումբը աւարտած է ուսումնասիրութիւնը 1963-ի քաղաքապետական պիւտճէին, որ կը բարձրանայ 49.300.000 լ. ոսկիի: Այս գումարին մէջ 32.500.000 լ. ոսկի մաս կը կազմէ սովորական պիւտճէին, իսկ 16.800.000 լ. ոսկի պիտի յատկացուի մայրաքաղաքի մեծ ծրագիրներուն իրագործման: Այս գումարին վրայ պէտք է աւելցնել 1962-էն մնացած 40.500.000 լ. ոսկի: Ուստի, քաղաքապետութիւնը 1963-ին պիտի ունենայ 90 միլիոն լ. ոսկի:

Պիւտճէի առաջին մասին մէջ նախատեսուած են հետեւեալ վարկերը.

1) Երկու միլիոն լ. ոսկի սովորական սեփականազրկումներու ծախսերուն համար: Քաղաքապետութիւնը մասնաւորաբար կ՛ուզէ ծուռ փողոցները շտկել:
2) 1.200.000 լ. ոսկի` փողոցներու արդիական լուսաւորման համար:
3) 800.000 լ. ոսկի` փողոցներու կուպրապատման համար:
4) Մէկ միլիոն լ. ոսկի փողոցներու մաքրութեան համար:
5) 400.00 լ. ոսկի Քարանթինայի, Պուրճ Ապի Հայտարի, Յիսուսեան հայրերու փողոցին, Ռըմէյլի եւ Սանաայի մէջ հանրային պարտէզներու շինութեան եւ Պէյրութի անտառի մէկ մասին յարդարման համար:
6) Կէս միլիոն լ. ոսկի նոր մայթերու, փողոցներու եւ կոյուղիներու շինութեան համար:
7) 100.000 լ. ոսկի կարգ մը հնութիւններու վերանորոգման համար:
8) 350.000 լ. ոսկի` քաղաքապետութեան վարչական եւ թեքնիք սպասարկութիւններու վերակազմութեան համար:

Պիւտճէի երկրորդ մասին մէջ, քուէյթեան փոխատուութենէն առնուած 16.800.000 լ. ոսկի կը նախատեսուի հետեւեալ աշխատանքներուն համար.

1) Երկու միլիոն լ. ոսկի կոյուղիներու, ստորերկրեայ անցքերու, ինքնաշարժներու կայաններու, նաւահանգիստը ելեկտրական գրասենեակին կապող կամուրջին, նոր քաղաքապետարանի մը շինութեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի նախկին դրամատունը Մինէթ էլ Հոսնի կապող կամուրջին ուսումնասիրութեան ծախսերուն համար:

Առեւտրական գօտին.- Պըշարա Խուրի փողոցը պիտի կապուի Թապարիսի եւ Քանթարիի: Այս գօտիին համար պիտի ծախսուի 9.800.000 լ. ոսկի:

2) Արդարութեան պալատի եւ Ֆրըն Շըպպէքի միացման ճամբուն համար պիտի ծախսուի 1.500.000 լ. ոսկի:

3) Հանրային պարտէզը պիտի միացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին: Այս ճամբուն համար պիտի ծախսուի 2.000.000 լ. ոսկի:

4) «Գոսթըպէլ»-ի առջեւէն, քորնիշը պիտի չփակուի եւ պիտի ծախսուի 1.500.000 լ. ոսկի:

Այս գումարներուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 1962-ի պիւտճէին մէջ նախատեսուած գումարները, որոնք փոխադրուած են 1963-ի պիւտճէին մէջ: Այս գումարները կը բարձրանան 40-ուկէս միլիոն լ. ոսկիի եւ պիտի յատկացուին կենսական ծրագիրներու, ինչպէս Պըշարա Խուրի պողոտային աւարտումը, մայրաքաղաքի Արեւելեան մուտքը, արդիական սպանդանոցներու շինութիւնը: Հետեւաբար, այս տարի պիտի ծախսուի 89.800.000 լ. ոսկի:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Հայրս Զբօսաշրջութեան Նպատակով Չէր Լքել Տիգրանակերտը…»

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։