Այլազան

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1962)

Ազգային Կեանքը Քարանթինայի Մէջ Քարանթինայի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջանային միութեան կազմակերպած թատերական երեկոյթը տեղի ունեցաւ շաբաթ եւ կիրակի երեկոները, ժամը ճիշդ 8:30-ին, ստուար հասարակութեան մը ներկայութեան: Թատերգութեան սկսելէ առաջ միութեան ատենապետը` Եփրեմ Զեքեան ըրաւ հանդիսութեան բացման խօսքը եւ ըսաւ. «Շրջանաւարտից այս միութիւնը, որ տարիներ շարունակ շրջանիս մէջ իբրեւ երազ կը սաւառնէր, այսօր դարձած է իրականութիւն եւ ազգօգուտ գործունէութեան հակամէտ: Միութեան...

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Նուէրները Կը Խօսին Ձեր Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1 Ձեր մտերիմ ընկերուհիին Կաղանդի առիթով կը նուիրէք. ա.- «Այփէտ» մը: բ.- Ձեր շատ հաւնած մէկ գիրքը: գ.- Տուփ մը տուրմ: 2 Ձեր հակակրելի մէկ ազգականին Կաղանդի առիթով կը նուիրէք. ա.- Կաղանդի գեղօր մը, որուն վրայ բարեմաղթութիւն մը արձանագրուած է: բ.- Ձեր սիրած մէկ խտասալիկը` թող ինք ալ լսէ ու գնահատէ... 3 Ձեր տօնածառը` ա.- Շատ հսկայ...

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1962)

Խմբագրական «Բագին» Երկրորդ Տարուան Սեմին Տարի մը առաջ էր: Խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներու եւ գրողներու տարիներու երազը մարմին կը ստանար` շնորհիւ իրենց ստեղծագործ խանդավառութեան եւ յամառ ջանքերուն, այլ նաեւ` քաջալերանքին ու դրական կեցուածքին հին պահակագունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք ընդհանրականին մտահոգութիւնը կ՛ապրին եւ սրբազան պարտականութիւնն ունին ջահը փոխանցելու նորահաս սերունդին: «Բագին» հրապարակ կու գար իբրեւ ինքնաբուխ արտայայտութիւնը ազատ մտածողութեան եւ անով պայմանաւորուած...

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1962)

Գարեգին Վարդապետ Կը Խօսի Աթէնքի Համալսարանի Փրոֆեսէօրներուն Աթէնքէն կը գրեն մեզի.- Անթիլիասի դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իբրեւ դէտ մասնակցած էր Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովին, Եւրոպայէն վերադարձի իր ճամբուն վրայ, անցեալ չորեքշաբթի 12 նոյեմբերին, ժամանեց Աթէնք: Թեմակալ առաջնորդ Սահակ սրբազանին հետ հայր Սուրբը ուրբաթ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ պատարագին:...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Մատթէոս Պէրպէրեանի մահուան քառասունքին առիթով` Տէր եւ տիկին Ստեփան Տէր Պետրոսեան 200,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պարսումեան 100,000 լ. ո. Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո.  

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1962)

Հայկական Կեանք Հայ Երգահաններուն Յաջողութիւնը 8 Հայեր Շահած Են Մրցանակներ Վերջերս Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած համամիութենական երաժշտական տասնօրեայ մրցումին, որուն մասնակցած են 1200 սկսնակ եւ արհեստով երաժիշտներ, մեծ յաջողութիւն ունեցած են Հայաստանի ութ ներկայացուցիչները: Ութ հայ երգահաններն ալ շահած են զանազան մրցանակներ եւ վկայականներ: Ներկայացուած 12 համանուագային շարադրութեանց մէջ, Ա. մրցանակը շահած է Էտկար Յովհաննիսեան եւ Բ. մրցանակը` Կոնստանդին Օրբէլեան: Սենեկային...

Ինչպէս Ստանալ Կատարեալ Կաղանդի Ծառը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անգլիական մեծ խանութ մը այս մարտահրաւէրը նետած է Շեֆիլտի համալսարանէն ուսողութեան երկու ուսանողներու: Այս նշանաւոր խանութը իր յաճախորդներով մտահոգ` ուզած է գիտնալ, թէ անոնք որքա՛ն զարդարանք եւ ժապաւէն պէտք է գնեն կատարեալ Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար: 20 տարեկան Նիքոլ Ռայթըմ եւ Ալեքս Քրեկ քանի մը ժամ աշխատած են գտնելու համար ամէնէն գեղեցիկ  ձեւով զարդարուած ծառ...

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1962)

Խմբագրական Արամ Սահակեան (Մահուան Քառասունքին Առթիւ) Քառասուն օր առաջ ընդհանուր սուգի եւ խոր վշտի մէջ հողին յանձնեցինք ընկ. Արամ Սահակեանի անշունչ մարմինը, որ անժամանակ կը բաժնուէր մեզմէ` ետին ձգելով անմոռանալի յիշատակը մարդու մը, որ խոր գիտակցութեամբը հանրային մարդու կոչումին, լրիւ կատրած էր իր դերը` քառասուն տարի շարունակ ծառայելով հայ ժողովուրդին: Արամ Սահակեան եղաւ հարազատ ներկայացուցիչը իր սերունդին, որ տարօրէն դժնդակ...

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1962)

Թրքական Հեքիաթ Իբր Թէ Հայացած Թրքուհի Մը 50 Տարի Վերջ Գտած Է Իր Ծնողքը Պոլսոյ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ հետեւեալ հեքիաթը.- Կին մը, որ ասկէ յիսուն տարի առաջ հինգ տարեկան եղած ատեն Ֆրանսա առեւանգուած էր, երէկ առաւօտ իր ամուսնին եւ փեսային հետ երկիր վերադարձաւ: Բայց նկատելով, որ ներկայիս Ռեբեկա Տօնիկեան անունը կրող այդ կինը ոչ մէկ երկրի անցագիր ունի,...

Տօնածառի Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, որ երկար ճամբայ կտրած է մինչեւ մեզի հասնիլը: Գերմանիոյ կը վերագրուի տօնածառի  զարդարման աւանդութեան սկիզբը (16-րդ  դար), երբ հաւատաւոր քրիստոնեաները զարդարուած ծառեր կը բերեն իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով եւ նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ: Անգլիոյ Վիքթորիա...

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1962)

Ըսողը Մենք Չենք  «Գետնախնձորը Թափեցին Աղբանոց» «Փրաւտա»-ի նոյեմբեր 26-ի թիւին մէջ թերթին Հայաստանի թղթակիցը Գ. Առաքելեան կը գրէ. «Ատեն մը Հայաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը եւ Երեւանի «պտղաբանջար»-ը գետնախնձոր բերել տուած էին Մոլտաւիայէն, Պաշկիրէն, Տամպովէն, Լիպեցկէն: Այս գետնախնձորները այնքան ալ հաճելի տեսք չունէին: Բնականաբար քաղաքին բնակիչները չգնեցին բերուած գետնախնձորը: Իսկ գետնախնձորով լեցուն բեռնատար շոգեկառքերը կը շարունակէին գալ, հակառակ անոր որ պահելու համար...

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1962)

Հայ Քահանայ Մը Ատանայի Եւ Սիսի Մէջ Սսեցի Մեծահարուստ Թուրք Մը Կը Հիւրասիրէ Քահանան Եւ Երախտագիտութեամբ Կը Յիշէ Միսաք Ազիրեանի Անունը Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ Շաւարշ Պալըմեան երկար յօդուածաշարքով մը կը գրէ իր Պոլսէն Ատանա եւ Ատանայէն Սիս ճամբորդութիւնը` Անաւարզայի բերդաքաղաքը տեսնելու համար: Հայ քահանան կը նկարագրէ նախ Ատանան, որ, կ՛ըսէ, Անատոլուի գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է: Նոր Ատանայի մասին Պալըմեան...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սմբատ Գումրուեանի մահուան Ա. տարելիցին  առիթով` Գումրուեան ընտանիք 100$ Արժոնիկ Սարգիս Ճէրէճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Կարպիս Նազարեան 50,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1962)

Տոմսեր Խրիմեան Հայրիկի Դասը Յօդուածագիր մը` Ե. Սիմքէշեան կ՛ոգեկոչէ Խրիմեան Հայրիկի յիշատակը եւ կը յիշէ անոր հռչակաւոր ճառը` Պոլսոյ պատրիարքական աթոռէն իր հրաժարման առթիւ: Անկեղծութեան բացառիկ օրինակ մըն է ճառը, որ ժամանակին այնքան յուզումով լսուեցաւ, եւ նոյնիսկ այսօր ալ կարելի է կարդալ` առանց անտարբեր մնալու: Հայրիկ կ՛ըսէ, ի միջի այլոց. «Անկեղծաբար խօսելով` ես կը ճանաչէի զիս. պատրիարքութեան բարձր աթոռին վայելուչ...

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1962)

Լ. Շանթի Եւ Ն. Աղբալեանի Յուշարձաններուն Բացման Արժանավայել Շքեղ Հանդէսը Երէկ` կիրակի, 16 դեկտեմբեր 1962, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ն. Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի յուշարձաններու բացման շքեղ հանդէսը, արժանավայել կերպով, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի: Հանդէսը կազմակերպուած էր Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Կեդր. վարչութեան եւ Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի Շրջանային միութեան կողմէ: Ճեմարանականներ, Համազգայինի անդամներ...

Նոր Տարուան Մաղթանքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է: Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ: Գտնուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ` Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ...

Page 437 of 482 1 … 436 437 438 … 482