Այլազան

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ծաղիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Միշել եւ Շաքէ Խորոզեան 100,000 լ. ո. Միսաք Ասատուրեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Գոճայեան 30,000 լ. ո.

Քիմ Էնկին Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Կը Ծփայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քիմ Էնկ 11 տարեկան աղջնակ մըն է. ան կ՛ապրի Քամպոտիոյ մէջ, Ասիոյ երկիրներէն մէկը: Անոր գիւղին մէջ ամէն ինչ ջուրին վրայ կը գտնուի, տուներ, նպարավաճառի խանութներ, դպրոց... Քիմ Էնկ կ՛ապրի Քամփոնկ Լուոնկի մէջ, որ ընդարձակ լիճի մը վրայ ծփացող գիւղ մըն է: Հոն ամէն ինչ կը ծփայ. տուները, դպրոցը, խմելու ջուրի կայանը, պուտտայական տաճարը եւ նպարավաճառի...

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1963)

Վերադա՞րձ Դէպի Ստալինականութիւն... Խրուշչեւ Կ՛ազդարարէ Վերջ Տալ Գաղափարական Եւ Քաղաքական Ազատութեան Ձգտումներուն «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տեղեկատու սպասարկութեան համաձայն, վարչապետ Խրուշչեւ ազդարարած է խորհրդային բոլոր ժողովուրդներուն, թէ հարկ է սխալ չմեկնաբանել «ապաստալինականութիւնը»: «Ապաստալինականացում»-ը չի նշանակեր գաղափարաբանական եւ քաղաքական ազատութիւն: «Ապաստալինականացում»-ը պէտք չէ ենթադրել տայ, թէ` «թուլցած են կառավարական սանձերը»: Խորհրդային մամուլի, գրականութեան եւ մշակոյթի մարմիններէն եւ աշխատաւորներէն կը պահանջուի «անշեղ հաւատարմութիւն`...

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք Իրանի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւններ Կատարուեցան Սպահանի Համալսարանի Տեսուչին Խօսքերը Վեհափառի Մասին Պարսկաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուած են ի յիշատակ երանաշնորհ հայրապետ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի: Երեք թեմերու առաջնորդանիստ քաղաքներէն զատ, արարողութիւններ տեղի ունեցած են Բոլորանի, Ղազուինի, Մարսպայի, Սպահանի եւ այլ կեդրոններու մէջ: Սպահանի մէջ, Ս. Ամենափրկչեան վանքի մէջ, հոգեհանգստի ժամանակ, համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի տեսուչ տոքթ....

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ծաղիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Արա Քենտիրճեան 100$ Գէորգ Ապաճեան ընտանիք 50,000 լ. ո. Անթուան Քեհեայեանի (Սըր) մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Սալբի Քեհեայեան (Աթէնք) 50$

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խօսքեր, Որոնք Պէտք Չէ Ըսուին Երեխաներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իւրաքանչիւր մայր կը փափաքի, որ իր երեխան կատարեալ ըլլայ: Այդ պատճառով ալ ճիգ ու եռանդ չի խնայեր: Բայց դժբախտաբար երբեմն չի խնայեր նաեւ խօսքեր: Բարկացած, գրգռուած վիճակի մէջ մամաները կրնան ըսել այնպիսի խօսքեր, որոնք ապտակէ մը աւելի ցաւցնող կրնան ըլլալ երեխային համար: «Աս ի՛նչ թափթփած ես...» Շատերու նման դուք ալ կը կարծէք, որ ձեր երեխան երբեք պիտի...

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1963)

Տոմսեր Պատմութեան Վկայութիւններէն Կարելի՞ էր խուսափիլ Ա. Աշխարհամարտէն եւ պահպանել խաղաղութիւնը` 1914-1918: Այո՛, կը պատասխանէ պարոն Ֆոն Կիզըլ, որ Աւստրեւհունգար կայսրութեան դեսպանն էր Պելկրատի մէջ, 1914 յուլիսի ճակատագրական օրերուն: Էտմընտ Թէյլըր, որ խիստ հետաքրքրական հատոր մը հրատարակած է Եւրոպայի կայսերական գերդաստաններու անկումի պատճառներուն մասին, կը յիշատակէ ուշագրաւ հետեւեալ դէպքը: Սարայեւոյի զոյգ ոճիրները գործուած էին եւ Աւստրեւհունգարիա կը պատրաստուէր վերջնագիր տալու...

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1963)

Թատերական Կեանք «Ազատութեան Ջահակիրները» Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց յիշատակին նուիրուած հանդէս-ներկայացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 մարտ 1963-ին` բարձր նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր տէր Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, Հազմիէի սրահին մէջ: Ութ հարիւրի մօտ ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոսներուն, որոնք 451-ին ինկան Աւարայրի դաշտին վրայ` հայրենիքի եւ...

50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1963)

Վեհափառի Յիշատակին Հոգեհանգիստ - Սգահանդէս Պաղտատի Մէջ Իրաքի Ազգային թեմական խորհուրդին որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ, ամսոյս 3-ին, կիրակի առաւօտեան, Պաղտատի նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ-սգահանդէս, նորոգ վախճանեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի մահուան յիշատակին: Նոյն օրը հոգեհանգիստ-սգահանդէսներ տեղի ունեցան նաեւ Իրաքի թաղական կեդրոններու, Մուսուլի, Քերքուքի եւ Պասրայի եկեղեցիներուն մէջ` ըստ Թեմական խորհուրդի շրջաբերական հրահանգին: Եկեղեցին լեցուած էր սգակիրներու խուռն...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ծաղիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Արա Քենտիրճեան 100$ Յակոբ Լոշխաճեան 150,000 լ. ո. Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք Փոլ Տիւ Վէուի Թաղումը «Կիլիկիոյ Խաչելութիւնը» Պատմող Վերջին Ձայնն Ալ Մարեցաւ... Հայկական «Կիլիկիոյ խաչելութիւնը» պատմող վերջին ֆրանսացի ձայներէն մէկն ալ մարեցաւ` մահատուր լռութեամբ: Անցեալ շաբաթ օր Ն. Տ. Տիւ Պոն Սըքուր հիւանդանոցին մատրան մէջ կատարուեցաւ Փոլ տիւ Վէուի թաղմանական պատարագն ու արարողութիւնը: Ֆրանսացի անձնաւորութեանց կարգին, ներկայ էին կաթողիկէ հայոց թեմակալը` Կարապետ եպս. Ամատուին, հայ առաքելական առաջնորդարանի կողմէ Գիւտ...

Ամազոնի Անտառին Ծառերը Պիտի Հաշուըուին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պրազիլի կառավարութիւնը որոշած է թուագրել ամազոնեան անտառի ծառերը: Այս հսկայական աշխատանքը կարելիութիւնը պիտի տայ բնորոշելու աշխարհի ամէնէն հին անտառին առողջութիւնը: Դժբախտաբար ծառերով ծածկուած անոր տարածքը հետզհետէ կը նուազի, որովհետեւ երկրագործներն ու փայտահատները ծառերը կը կտրեն կամ կ՛այրեն` իբրեւ ածուխ զանոնք ծախելու համար: Ուսումնասիրութիւնները պիտի տեւեն նուազագոյնը չորս տարի, որովհետեւ այս ընդարձակ անտառին մէջ գոյութիւն ունին ո՛չ...

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1963)

Հայ Կեանք Երկու Հայ Քոյրեր 40 Տարի Վերջ Իրար Կը Գտնեն Հարաւային Ֆրանսայի Առլ քաղաքի օրաթերթը կը հաղորդէ հետեւեալ լուրը.- Անցեալ շաբաթ Առլ կայարանը հասաւ Նիս-Սթրազպուրկ շոգեկառքը: Ուղեւորներ կ՛իջնեն վար ու կ՛ուղղուին դէպի ելք: Այս ճամբորդներուն մէջ կը նշմարենք կին մը, որ զգալի վարանումով կը նայէր ճամբորդներուն, կարծէք` մէկը կը փնտռէր: Եղաւ վերջապէս յուզիչ հանդիպումը երկու քոյրերու` իրարմէ քառասուն տարի...

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք Քրիստոսի Կեանքը Հայազգի Դերասան Մը Առաքեալի Դերը Կը Խաղայ Քրիստոսի կեանքը շարժանկարի վրայ պիտի ներկայացուի` արտադրիչ Ճորճ Սթիվընզի կողմէ: Հայազգի դերասան Տէյվիտ Հետիսըն Քրիստոսի առաքեալներէն մէկուն դերը կը կատարէ: Քրիստոսի դերը ստանձնած է շուէտացի դերասան Մաքս Վոն Սիտով: Ցարդ 26 շարժանկարներ պատրաստուած են Քրիստոսի կեանքին շուրջ: «Մուսա Լերան 40 Օրերը» Շարժանկարի Պիտի Վերածուի՞ Տարիներէ ի վեր շարժանկարի ընկերութիւնները...

Մարտ 8-ը` Կնոջ Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վաղը` մարտ 8-ը, Կնոջ միջազգային օրն է: Առաջին անգամ այս օրը նշուած է 1909-ի փետրուար 28-ին, հետագային անիկա փոխադրուած է մարտ 8-ին: 1909-էն ի վեր, ամէն տարի Կնոջ միջազգային օրը բնաբան մը կ՛որդեգրէ. այս տարուանը հետեւեալն է` «Խոստումը խոստում է. ժամանակն է գործի լծուելու` վերջ տալու համար կնոջ հանդէպ գործադրուող վայրագութեանց»: Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը...

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1963)

Վ. Համբարձումեան Պատուոյ Անդամ Աւստրալիոյ Համալսարանի Աւստրալիոյ պետական համալսարանի տնօրէն խորհուրդը իր գումարած վերջին նիստի ընթացքին որոշեց համալսարանի պատուակալ անդամութեան վկայական շնորհել անուանի աստղագէտ եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանին: Համալսարանի պատուակալ անդամի վկայականը Վիքթոր Համբարձումեանին պիտի յանձնուի Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Միջազգային աստղագէտներու համաժողովի ընթացքին: Ամերիկացի Երաժիշտները Կը Գնահատեն Հայերու Գործերը Ամերիկացի երաժշտական քննադատ Ն. Սլոնիմըսքի բարձր գնահատեց...

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1963)

Պալըմեան Քահանան Տիգրանակերտի Մէջ Բռուշ Մայրիկին Թաղումը Սիրելի ընթերցողներ երբ ըսեմ, թէ տունս, հարազատներս եւ մտերիմներս ու բարեկամներս մոռցայ, զիս մի՛ մեղադրէք... Հոս գաւառի հայութեան ջերմեռանդութիւնը եւ հոգեւոր կարիքներու պահանջը զիս ակամայ կը պարտադրեն ձեզ մոռնալ: Հոս ունիմ հազարաւոր զաւակներ, որոնց ինծի հանդէպ ցոյց տուած համակրանքն ու փարումը ամէն ինչ մոռցնել կու տայ ինծի: Ամէն օր մէկու մը տունը ճաշի...

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1963)

Կաթողիկոսական Տեղապահ Խորէն Արք. Երէկ Առտու Այցելեց Նախագահ Շեհապի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Երէկ, 4 մարտ 1963, երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն արք., ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Հայոց առաջնորդ Տաճատ արք.-ի, Թեհրանի հայոց թեմին առաջնորդ Արտակ արք.ի Յունաստանի Հայոց առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի եւ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի եւ...

Page 432 of 482 1 … 431 432 433 … 482