Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1963)

March 12, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վեհափառի Յիշատակին
Հոգեհանգիստ – Սգահանդէս
Պաղտատի Մէջ

Իրաքի Ազգային թեմական խորհուրդին որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ, ամսոյս 3-ին, կիրակի առաւօտեան, Պաղտատի նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ-սգահանդէս, նորոգ վախճանեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի մահուան յիշատակին:

Նոյն օրը հոգեհանգիստ-սգահանդէսներ տեղի ունեցան նաեւ Իրաքի թաղական կեդրոններու, Մուսուլի, Քերքուքի եւ Պասրայի եկեղեցիներուն մէջ` ըստ Թեմական խորհուրդի շրջաբերական հրահանգին:

Եկեղեցին լեցուած էր սգակիրներու խուռն բազմութեամբ:

Եկեղեցւոյ կեդրոնը պատրաստուած էր սգաբեմը, վրան դրուած` վեհափառին մեծադիր լուսանկարը: Սգաբեմը զարդարուած էր աշտանակներով, խաչերով, աւետարանով, կաթողիկոսական գաւազանով, խոյր, վակաս եւ արտախուրակներով:

Յաւարտ Ս. պատարագին սգաբեմը շրջապատուեցաւ դպրաց դասի եւ ազգային վարժարանի սան-սանուհիներով` ձեռքերնին մոմ եւ ծաղկեփունջեր բռնած:

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` աւուր պատշաճի եկեղեցական աղօթքներով եւ երգեցողութեամբ:

Խօսեցաւ առաջնորդական տեղապահ Գեղամ Ա. քահանայ Փաշայեան` տալով կենսագրական ծանօթութիւններ եւ դրուատելով վախճանեալ հայրապետին արժանիքները:

Յուզիչ էր դպրաց դասի անդամ եւ Ազգային վարժարանի աշակերտուհիներ` Զապէլ Թեպերեանի եւ Արաքսի Կարապետեանի կողմէ զուգերգուած «Հողմն հարաւոյ» ողբը, որ լացուց բոլորը:

Հանդէսը տեւեց շուրջ ժամ մը, ժողովուրդը դառնօրէն զգաց վեհափառ հայրապետին անակնկալ մահը եւ մեկնեցաւ արցունքը աչքերուն:

Ծաղկեպսակներ բերուած էր Թեմական խորհուրդի, Ուսումնական խորհուրդի, Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան, Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ այլոց կողմէ:

Նորին Ս. օծութեան յիշատակը անջնջելի պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ:

ՍԳԱԿԻՐ

3-3-1962, Պաղտատ

 

Հայկական Կեանք

Տեղապահ Սրբազանի Եւ Հրանդ Եպիսկոպոսի
Հոգեշունչ
Քարոզները

Կիրակի, 10 մարտ, Մեծ պահոց եւ Անառակի երրորդ կիրակիին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը եւ բակը լեցուն էին ջերմեռանդ հաւատացեալներով: Կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն արքեպիսկոպոս հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ` բնաբան ունենալով Ղուկաս Աւետարանչի «Անառակ որդի»-ի առակը: Սրբազանին քարոզը պիտի տանք առանձին:

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր նաեւ Ս. Նշան մայր եկեղեցին, ուր նմանապէս եւ միեւնոյն բնաբանով հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան:

Արամ Խաչատրեան
Կախարդած
Է Ճափոնցիները

Աշխարհահռչակ երաժիշտ-յօրինող Արամ Խաչատրեան, որ ատենէ մը ի վեր շրջապտոյտ կը կատարէր Ճափոնի զանազան կեդրոններուն մէջ, կը հմայէ երաժշտական շրջանակները:

«Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները ունին երաժշտական փայլուն հմայք: Անոր երկրորդ համանուագը մեծ ստեղծագործութիւն մըն է` համակուած դէպի խաղաղութիւն խոր հաւատքով», կը գրէ «Ասահի» մեծանուն թերթը:

«Ես մինչեւ այսօր առիթը չէի ունեցեր նման կատարում մը լսելու», յայտարարած է ճափոնցի յայտնի երաժիշտ Կոսա Կու Եասաթան, Արամ Խաչատրեանի հեղինակած համերգներուն մասին:

«Չեմ կրնար յիշել այնպիսի համերգներ, որոնք այդքան փառահեղ ըլլան եւ այդքան ուրախացնեն ներկաները»:

Այս խօսքերը արտայայտութիւններն են ճափոնցի ականաւոր ղեկավար Կատիոյ Եամաթայի:

Շարլ Ազնաւուր
Դարձեալ
Սիրահար

«Ֆրանս Տիմանշ» իր վերջին թիւին մէջ կը գրէ.- Շարլ Ազնաւուր, որ հրաւէր ընդունած է Գերմանիոյ մէջ քանի մը երգահանդէս տալու, կ՛որոշէ քիչ մը գերմաներէն սորվիլ` աւելի լաւ արտասանելու համար իր երգերուն բառերը: Այս նպատակով ան նամակ  գրած է Միւնիխի գործակալութեան մը, խնդրելով, որ ուսուցիչ մը ղրկեն իրեն:

Շարլ Ազնաւուր իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ, որ ուսուցիչս երիտասարդուհի մը ըլլայ, նախընտրաբար գեղեցիկ աղջիկ մը»:

Գործակալութեան կողմէ բազմաթիւ լուսանկարներ կը ղրկուին Շարլ Ազնաւուրի, որ անոնցմէ կը զատէ Կրեթա անուն միւնիխցի երիտասարդուհին: Եւ ահա ան, ինչ որ պէտք էր պատահէր, պատահեցաւ: Ամէն գիշեր Շարլ Ազնաւուր եւ դեղնորակ գերմանուհին Փարիզի քապարէները կը շրջին: Անոնք իրարու սիրահարած ըլլալ կը թուին: Բայց Շարլ Ազնաւուր ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ գերմաներէնի մէջ: Շարլ Ազնաւուր ժամերը կ՛անցընէ Կրեթայի ականջին փսփսալով սիրոյ խօսքեր: Բայց` ֆրանսերէնով:

Նախորդը

«Եթէ Լիբանանցին Կամենայ` Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կը Կատարուին Եւ Լիբանանը Կը Բարգաւաճի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Այս Օրը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.