Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հրապուրելու ձեր արժանիքը պիտի շեշտուի: Այս իրողութիւնը պիտի ունենայ իր դրական անդրադարձը` ընկերային ձեր յարաբերութեան վրայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Միասնական խորհրդակցութիւնը պիտի ունենայ արդիւնաւէտ ելք: Ձեր պատրաստակամութիւնը պիտի ջնջէ ուրիշներուն դժկամութիւնը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընկերովի աշխատանք մը կը ծրագրէք: Եթէ գործին կարեւոր մասը դուք ստանձնէք, ծրագիրը արագ ընթացք կ՛ունենայ եւ յաջողութեամբ...

Զատկուան Յարդարանք. Դիւրին Իրագործելի Յարդարանքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ս. Ծնունդին նման Զատիկն ալ շատ սպասուած ու սիրելի տօն է, նաեւ առիթ` տունը զարդարելու ոչ միայն նախշուն հաւկիթներով, այլ նաեւ զատկուան ծառով, զատկուան պսակով, ճուտիկներով, նապաստակներով եւ այլն... Այսօրուան էջով պիտի ներկայացնենք զատկուան յարդարանքի 8 հետաքրքրական գաղափարներ: Ասոնց իրականացումը յատուկ բացատրութեան չի կարօտիր, քանի որ նկարները բաւական խօսուն են: ԾԱՂԻԿՆԵՐ.- Զատիկը կը զուգադիպի գարնան եղանակին. հետեւաբար...

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1963)

Քանատայի Հայ Գաղութը 4000 Հայեր Կան Այսօր Քանատայի Մէջ Փարիզի «Հայաստան» թերթի սեփական թղթակիցը` Ե. Պէրպէրեան Քանատայէն կը գրէ.- Քանատայի ներկայ հայ գաղութը 4000-ը կ՛անցնի, որուն 1000-էն աւելին 1962-ի շրջանին եկած են, առաւելաբար` Եգիպտոսէն: Հայերը հաստատուած են Մոնրէալ, Թորոնթօ, Համիլթըն, Սենթ Քաթրին եւ աւելի քիչ թիւով` միւս քաղաքները: Քանատայի հայ գաղութը 1954-էն առաջ 4-էն 500-ի մօտ թիւ մը ունէր միայն:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր լեզուն կուղպ պահեցէք: Եթէ գաղտնիք մը ունիք, ձեզի պահեցէք, որովհետեւ ներկայիս յարմար չէ նման հարցեր արծարծելը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ձեր որոշածը ձեր գործընկերներուն հաւանութեան չարժանանայ, մի՛ մտահոգուիք, հարցը առէք իբրեւ «ամէն չարիքէ բարիք մը կը ծնի» իմաստութեան թելադրանքով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքը ոսկի է, բայց երբեմն ժամանակ տրամադրեցէք նաեւ...

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1963)

Հայկական Կեանք Պէյրութահայ Երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան Պոլսոյ Ռատիոկայանէն Պէյրութահայ երիտասարդ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան, որ վերջերս Պոլիս գացած էր շարք մը երգահանդէսներ տալու համար, վերադարձած է Պէյրութ` փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք: Պոլսահայ թերթերը մեծ գովեստով արտայայտուեցան հայ երգիչին մասին, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին` զգալի նուաճումներ արձանագրած է երգարուեստի կալուածին մէջ: Վաղը` չորեքշաբթի, 27 մարտ, Տիգրան Ժամկոչեանի երեք ձայնագրուած երգերը գիշերուան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յարգանքով եւ սիրալիր արտայայտութեամբ վարուեցէք ձեր գործակիցներուն հետ` վերակացու ըլլաք թէ գործընկեր: Օրը ունի իր պահանջը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր շուրջիններէն ամէն բան մի՛ պահանջէք, որքան` դուք ձեզմէ: Օրինակելի ըլլալը լաւագոյն դաստիարակութիւնն է շուրջիններուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մարզական փորձերը արդիւնաւէտ կ՛ըլլան, եթէ պահէք հետեւողականութիւնը: Ձեր ֆիզիքական բարելաւումը ապահովեցէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առանջ (25 Մարտ 1963)

50,000 Տոլարի Կտակ Մը ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Օգնութեան Միութեան Եւ Ճեմարանին Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր ու տարեց ամերիկահայ ազգային մը, յետմահու գործադրելի իր պաշտօնական կտակով, 50,000 տոլարի մօտ գումար մը յատկացուցած է ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայ օգնութեան միութեան, Համազգայինի Պէյրութի ճեմարանին եւ եկեղեցական հաստատութիւններու: Կտակին տէրը չ՛ուզեր հրապարակուած տեսնել իր անունը: Ծերունազարդ հայրենակից անձ...

Ալմա` Աշխարհի Ամէնէն Հզօր Հեռադէտը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք կը գտնուինք հարաւային Ամերիկա, Չիլիի անապատին մէջ: Աւելի քան 5000 մեթր բարձրութեան վրայ աստղագիտական անհաւատալի առարկայ մը քողազերծուեցաւ: Ան կը կոչուի Ալմա եւ աշխարհի ամէնէն հզօր հեռադէտն է: Ալմա իւրայատուկ առարկայ մըն է մեր մոլորակին վրայ: Ան ունի 66 ալեհաւաքներ (անթէններ), այսինքն 66 մեծ հեռադէտներ դէպի երկինք դարձուած, անջրպետին մէջ ուսումնասիրութիւններ ընելու համար: Անոր գաղտնի՞քը:...

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1963)

Հայաստան Բանջարեղէններու Մատակարարումը Հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն աւելցած է բանջարեղէնի մշակութեան յատկացուած հողերու տարածութիւնը եւ, 1958-ի բաղդատմամբ, բանջարեղէններուն մթերքները աւելցած են 13,000 թոնով, այսուհանդերձ, «քաղաքներուն եւ արդիւնաբերական կեդրոններուն բնակչութեան յաւելումին կապակցութեամբ այդ մթերքներուն պահանջը անբաւարար է»: Այս եզրակացութեան եկած են, վերջերս, Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն եւ նախարարներու խորհուրդը: Արդարեւ, գէշ կազմակերպուած է բանջարեղէններու գնումը սովխոզներէն եւ կոլտնտեսութիւններէն,...

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1963)

Տոմսեր Համերաշխութեան Գաղտնիքը «Գտնուեցաւ»... «Լայֆ» շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ հրատարակուած են մանրամասնութիւնները զգայացունց նոր գիւտի մը, որ սերտ կապ ունի մեզմէ ամէն մէկուն... գլխուն հետ. հետեւաբար անտարբեր կարելի չէ մնալ ու անցնիլ վրայէն... Ուրեմն, գիտնականներ հաստատած են, թէ մեր բնաւորութիւնը կամ նկարագիրը ուղղակի կապ ունի մեր ուղեղին հետ, եւ թէ` մեր թերութիւններուն եւ բոլոր տեսակի «չարեաց» աղբիւրը մեր գանկին մէջ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ե՞րբ Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Որոշ երեխաներ արդէն չորս-հինգ տարեկանին կրնան բոլորովին առանձին զբաղիլ որեւէ բանով` ծնողներու մշտական ուշադրութեան կարիքը չունենալով: Շատեր ալ նոյնիսկ 12 տարեկանին կը սարսափին մինակ մնալէ... Իսկ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է սկսիլ երեխային մէջ ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնաբաւութիւն դաստիարակել: Հոգեբաններու կարծիքով, շատ բան կախեալ է երեխային խառնուածքէն: Եթէ դուք չէք պատրաստուիր գրկելու եւ գուրգուրալու ձեր «հրաշք»-ին մինչեւ ամուսնութեան...

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1963)

Սէուտ Թագաւորին Օդանաւը Ջախջախուած` Ալպեաններու Մէջ Կը Փոխադրէր 16 Հոգի ԵւՎեհապետին Պայուսակները Թագաւորը Ներկայիս Կը Գտնուի Նիս Երէկ ամբողջ օրը հեռագրական գործակալութիւնները տենդոտ գործունէութեան մը լծուած էին հաղորդելու համար Սէուտ թագաւորին անձնական օդանաւին պատահած արկածին մանրամասնութիւնները: Նախ Նիսէն հեռագրուեցաւ, որ Սէուտ թագաւոր երեքշաբթի գիշեր ժամը 9:30-ին ժամանած է եւ ընդունուած` շատ պարզ կերպով: Թագաւորին հետ օդանաւէն իջած են երեսուն հոգի,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ շքանշանով Սարգիս Պուտագեանի պարգեւատրման առիթով` Տիար Կարօ Քահքեճեան 100$ Ծաղիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Նեմշեհիրեան 200,000 լ. ո. Արշաւիր (Ժիրայր) Խիւտավերտեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պարսումեան 75,000 լ. ո. «Սանթըր Հարպոյեան»-ի շէնքերու վարչութիւն 100,000 լ. ո. Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո. Տիար Վիգէն Հաննէսեան 50,000 լ. ո. Տիար Յարութ Արսլանեան 50,000 լ....

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1963)

Հայ Կեանք Հայաստան Երեւանը Պէտք Է Բարեզարդուի Մայրաքաղաքին բարեզարդման խնդիրը օրակարգի վրայ ունեցած է, վերջերս, Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութիւնը: Ժողովականները, բոլորն ալ` ծանօթ գրագէտներ, կարգ մը դիտողութիւններ ըրած են: Արդիական քաղաքի մը պահանջները չի լրացներ, քաղաքին ճիշդ կեդրոնը դեռ կը գտնուին խարխուլ տնակներ, նեղ, անանցանելի փողոցներ: Մայրաքաղաքը աղքատ է մարզարաններով. միւս կողմէ` անկանոն ու անբաւարար է հանրային փոխադրութիւնը եւ վերջապէս,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Արշաւիր (Ժիրայր) Խիւտավերտեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Երուանդ Փամպուքեան 50,000 լ. ո. Մելքոն Յակոբեան 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Յակոբ Պըլտեան 20$

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1963)

Հայ Երգչուհիի Մը Յաջողութիւնը Փարիզի մէջ ներկայիս, Ֆրանսուազ Հարտիէն ետք ամէնէն աւելի կը խօսուի երիտասարդ աստղի մը մասին, որ արագ քայլերով կը յառաջանայ գագաթնակէտը տանող ճամբէն: Տասնութ տարեկան այս մանկամարդուհին  կը կոչուի Սիլվի Վարդան. պուլկարահայ է եւ ունի շատ գեղեցիկ ձայն մը: Թուիսթի եղանակներ կ՛երգէ ան եւ շատերու աչքին ըմբոստ երիտասարդութեան ներկայացուցիչն է. իր մասին գրութիւններ եւ նկարներ կ՛երեւին բազմաթիւ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի բացումին առիթով` Պօղոսեան ընտանիք 100,000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Նազարէթ Պարսումեան 100,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1963)

Հետաքրքրական Շրջուն Մատենադարան Դանիական կառավարութիւնը ժողովուրդին ընթերցասիրութեան գոհացում տալու համար «Ֆալք» անուն նաւը վերածած է շրջուն մատենադարանի, որ ձմրան ամիսներուն կ՛այցելէ երկրին հեռաւոր ու մեկուսացած կղզիները եւ ժողովուրդին գիրք կը բաժնէ կարդալու համար: Այս շրջուն մատենադարանը ձմրան ամիսներուն յաջորդաբար կ՛այցելէ` Պիրքհոլհ, Իյիորթ, Սքաֆօ եւ Քորսավն կղզիները, որոնք խիստ ցուրտին ու սառերուն պատճառով չեն կրնար հաղորդակցիլ երկրի մնացեալ մասին հետ: Մատենադարան...

Page 431 of 482 1 … 430 431 432 … 482