Այլազան

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1963)

Տոմսեր «Մածուն»-էն Մինչե՜ւ... «Օղի» Ամերիկեան թերթի մը թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ միակ մեծ մարդուն` Նասրէտտին Հոճայի ծննդեան 700-ամեակին առիթով հանդիսութիւններ կազմակերպուած են Ագշեհիրի մէջ, որ Հոճային ծննդավայրը կը նկատուի: Այս առթիւ, կը պատմուի դարձեալ իր սրամիտ առակներէն մին: Հոճան, օր մը, նստած կ՛ըլլայ լճի մը եզերքը` խոհուն ու մտածկոտ: Անցորդ մը կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը մտմտայ այդպէս, խորո՜ւնկ-խորունկ:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նոր հանդիպումներ պիտի ունենաք, հետեւանքը պիտի ըլլայ նոր եւ լաւ բարեկամութեան ստեղծում: Օրը ունի նորութիւններ գործի վերաբերեալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր աշխատանքը պէտք եղած չափով պիտի չարժեւորուի: Այս պարագային կարեւորութիւն մի՛ տաք, որովհետեւ թիւրիմացութեան մը պատճառով է այդ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այնքան սպասուած ճամբորդութիւն մը պիտի իրագործուի այս օրերուն: Կրնաք ինքնավստահութեամբ...

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1963)

ՀՄԸՄ-ական Ա. Գալայճեան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան ՀՄԸՄ-ական մարզիկ Ազատ Գալայճեան երէկ` կիրակի, երրորդ անգամ ըլլալով Լիբանանի ախոյեանի տիտղոսին տիրացաւ, շահելով Պէյրութ-Թրիփոլի-Պէյրութ եղանակի վերջին մրցումը: Գալայճեան այսպէսով հաստատեց մրցանիշ մը. երրորդ անգամ ըլլալով ազգային ախոյեան հանդիսացաւ, մինչ Կարօ Մուրատեան երկու անգամ կրցած էր ախոյեան ըլլալ: Վարդավառի Տօնը Լիբանանի Մէջ Երէկ, կիրակի, 21 յուլիս 1963, լիբանանահայութիւնը ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ եւ խոր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շարունակեցէք ձեր ծրագրած աշխատանքները` առանց նկատի ունենալու կողմնակի աննշան արգելքները: Միացէք ձեզ գնահատողներուն, ուրախացէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կասկածը հեռացուցէք ձեր միտքէն, դրական գործունէութիւն կրնաք ունենալ, երբ ձեր միտքը բարի մտածումներ ունի: Պարզ տրամադրութիւն արտայայտեցէք, որպէսզի պարտուին խորամանկները: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ տեսնէք, թէ ձեր աշխատանքին արդիւնքները այնքան ալ քաջալերական չեն, մի՛...

Պեթոնի Նման Տոկուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինչէ՞ շինուած են մեր տուները, ճամբաները, կամուրջները: Մեր ոտքերուն տակ գտնուող հանքային նիւթերէ: Ճամբաներ, կամուրջներ, մայթեր, շէնքեր, դպրոցներ... այս բոլորը շինելու համար մարդիկ կը գործածեն կրաղիւս, կիր, գաճ կամ շինութեան քարեր, ինչպէս` կրանիթ, խճաքար, կրահող... Այս նիւթերը ճանչցուած են իրենց տոկունութեամբ. անոնք կը գտնուին մեր ոտքերուն տակ, բնութեան մէջ: Անոնք կը կոչուին «հանքային նիւթեր»: Մարդիկ այս...

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1963)

Հայրապետական Կոնդակ Խորէն ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի եւ անհասանելի կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս եպիսկոպոսապետ եւ կաթողիկոս Ամենայն հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Լիբանանու տիրախնամ թեմին արժանաշնորհ քահանայից, պատկառելի Գաւառական եւ Քաղաքական ազգային ժողովոյ, պատուարժան թաղականութեանց Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցեաց, հոգաբարձութեանց ազգային վարժարանաց եւ համայն հաւատացեալ հարազատից մերոյ սիրոյ եւ հայրապետական ողջոյն ի մէնջ եւ օրհնութիւն յաջոյ սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բնաւ ուշ չէ ինքնաճանաչման համար նոր գիտելիքներու դիմելու: Կարեւոր է ինքզինք ճանչնալը: Այս կապակցութեամբ կ՛արժէ ուշադիր ըլլալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր կրնաք յանդուգն նախաձեռնութիւն մը կատարել ձեզի անծանօթ հարցի մը մասին որոշում տալով: Այս ալ անակնկալ յաջողութիւն մը կրնայ ըլլալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Խնդրի մը շուրջ առանձին որոշում մի՛ տաք, հարցուցէք...

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1963)

ՀՄԸՄ-ի «Սկաուտի Օր»-ուան Բանակում-Հանդէսը Առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպած էր բանակում-հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 յուլիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Լիբանանի գեղեցկագոյն ամարանոցներէն Պուա տը Պուլոնեըի սկիզբը գտնուող աջ կողմի փոքր անտառին մէջ, հովանաւորութեամբ Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրիի եւ նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի: Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Թրիփոլիի եւ Զահլէի 250-է աւելի սկաուտները,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքին: Օրը յարմար է ընդունելու հիւրեր, մանաւանդ որ շաբաթավերջ է արդէն եւ ուրախանալու առիթներ կան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր համբաւը պիտի տարածուի` իբրեւ ընկերասէրի եւ ծառայասէրի: Մնացէք ձեր տան մէջ, ժպտուն դիմաւորեցէք ձեր բարեկամները` շատոնց չտեսած: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր պարտականութիւնը կատարած էք: Ունիք գոհունակ անձի մը տրամադրութիւնը,...

Այլազան. 8 Հնար` Լուսանկարներուն Վրայ Սիրուն Երեւալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կը խուսափիք նկարուելէ` մտածելով, որ ֆոթոժենիք չէք եւ, հետեւաբար, տգեղ պիտի երեւիք... Ահաւասիկ քանի մը հնար` լուսանկարներուն վրայ սիրուն երեւալու համար: 1 Նախքան լուսանկարուիլը` հայելիի մը առջեւ մարզուեցէք:  Այո, մարմնի տարբեր դիրքեր, դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ, ժպիտ, խնդուք... նայեցէք` ո՛ր մէկը կը յարմարի ձեզի, եւ այդ դիրքն ու դէմքի արտայայտութիւնը ընդմիշտ որդեգրեցէ՛ք: 2 Ձեզ նկարողէն պահանջեցէք, որ շատ...

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1963)

Սիրոյ Եւ Կնոջ Մասին Պարոնեանէն Կարծիքներ - Առաւօտէն մինչեւ երեկոյ պատուհանին առջեւ նստող կիները պարտէզի մը առջեւ տնկուած ծառեր են, ամէն անցնող բան մը փրցնել կը փափաքի: - Սէրը մանուկ մըն է, որ խենթ է, կոյր է, փոփոխամիտ է, հաստատամիտ է, անաչառ է, խելօք է, անառակ է: Հրամմեցէք, պարոն մանկավարժներ, դաստիարակեցէք տեսնեմ այս մանուկը: - Խենթ սիրահարը միշտ թանձր մառախուղի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր փափաքին վերաբերեալ պէտք է որոշում մը տաք այն անձին հետ, որուն կապած էք ձեր կեանքը: Օրը վճռական է ձեր ապագային համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անկեղծութիւնը եւ յարձակունակութիւնը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Ասոնք տարբեր բաներ են: Ձեր միտքը արտայայտեցէք մեղմ եղանակով, քնքշութեամբ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքը կատարեցէք առանց դանդաղելու, արագացուցէք...

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1963)

Հայաստան Կրթական Վիճակը Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տայ «Սովետական Հայաստան»-ի յունիս 28-ի խմբագրականը: Այս տարուան ընթացքին գործադրութեան դրուած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան ծրագիրը: Դպրոցներուն, յատկապէս մէկէն ութերորդ դասարաններուն մէջ, զգալի կերպով շատցած է աշակերտներուն թիւը: Հանրակրթարաններու այս դասարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւն է 357.000. 29.000 աւելի, քան` նախորդ ուսումնական տարին: Պաշտօնական մարմինները որոշ աշխատանքներ տարած են աղքատ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յաջող գործունէութեան կարելիութիւն մը կը ձեւաւորուի ձեր դիմաց: Ձեզի կը մնայ օգտագործել, գործի անցնիլ` առանց դանդաղելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առեւտրական, կալուածային կամ այլ կարգի առուծախի բանակցութիւն մը պիտի կատարուի ի նպաստ ձեզի: Այս յաջողութիւնը նկատառելի է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Երբ կ՛աշխատիք կանոնաւոր ու կարգապահ, դասաւորուած ձեւով, արդիւնքը կ՛ըլլայ ապահով, արագ եւ...

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1963)

Մեր Քաղաքը Հինգ Հանրային Պարտէզներ Մէկ Տարիէն Պիտի Գեղեցկացնեն Պէյրութը Արուեստական Լիճեր, Արեւադարձային Ծառեր, Լուսաւոր Աղբիւրներ Ու Շատրուաններ Պէյրութցիք տարիներով երազած են հանրային պարտէզներ ունենալու մասին: Խնամուած ու դալարագեղ պարտէզներ, ուր երեխաներ կարենան խաղալ, եւ ուր չափահաս մը, ձանձրացած իր տասնչորս պատերը տեսնելէ, մանաւանդ` ամառ կէսօրէ ետք, հնարաւորութիւնը ունենայ թարմ օդ շնչելու` նկարչագեղ ծառերու շուքին տակ: Այս երազը ի վերջոյ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ կալուած մը գնելու պատրաստ էք կամ այլ կարգի առեւտուր պիտի կատարէք, օրը յարմար է, կրնաք բախտաւորուիլ լաւ ձեւով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ կը հետապնդէք ձեր նպատակին հասնելու միջոցները, շարունակեցէք, չէք զղջար: Ողջմիտ գործունէութիւնը կը գնահատուի անպայման: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ արուեստագէտ էք, օրը յաջող պիտի ընթանայ ստեղծագործութեան իմաստով: Ձեր աշխատանքը...

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1963)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտի Օրուան Աննախընթաց Տօնակատարութիւնը Երէկ` կիրակի, 14 յուլիս 1963, Պուա տը Պուլոնեը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական գեղատեսիլ բանակատեղիին մէջ աննախընթաց հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպած Սկաուտի օրուան բանակում-հանդէսը` նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի եւ ներկայութեամբ բազմահազար հանդիսականներու: Բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց սկաուտական այս ցնծատօնը, ուր ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, գայլիկներն ու արենուշները ցուցադրեցին իրենց արժանիքները` խանդավառ ծափեր խլելով: Հանդէսին...

Page 419 of 482 1 … 418 419 420 … 482