ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնաւ ուշ չէ ինքնաճանաչման համար նոր գիտելիքներու դիմելու: Կարեւոր է ինքզինք ճանչնալը: Այս կապակցութեամբ կ՛արժէ ուշադիր ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր կրնաք յանդուգն նախաձեռնութիւն մը կատարել ձեզի անծանօթ հարցի մը մասին որոշում տալով: Այս ալ անակնկալ յաջողութիւն մը կրնայ ըլլալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խնդրի մը շուրջ առանձին որոշում մի՛ տաք, հարցուցէք նաեւ ուրիշներու, որպէսզի կարենաք ինքնավստահութեամբ իրագործել ձեր որոշումը: Օրը կ՛օգնէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մտածելու եւ երազելու օր մըն է այս անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն նախաձեռնութեան մը ձեռնարկել եւ զայն իրագործելու ջանք չխնայել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարզանքը ձեզի համար եղած է շատ սիրելի զբաղում մը, բայց մի՛ չափազանցէք: Կրնաք ամէն օր քիչ մը հետեւիլ մարզաձեւի մը: Կը բաւէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարց մը աւարտած էք ձեր որոշումով եւ գործով: Այսուհանդերձ, նոր արտայայտութիւն մը պէտք է ունենաք` առանց յարձակունակ ըլլալու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արուեստագէտի յատուկ ձեր ծրագրին վերաբերեալ նոր որոշում մը պիտի տաք, ինչ որ լաւ արդիւնք պիտի տայ ձեր տնտեսութեան համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ապրած վայրին արտադրութիւնները գնեցէք, մանաւանդ` ուտելիքի տեսակէտով: Ջանացէք մնալ ժուժկալ եւ գնահատեցէք ընտիր արտադրութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընկերային յարաբերութիւնը կանոնաւորեցէք: Արտայայտեցէք ձեր սիրալիր կեցուածքը` բարեկամութեան զարգացումով: Խոնարհ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ապագան ձեզի կ՛երկարէ իր բազուկները` ձեզ պաշտպանելու: Մնացէք ինքնավստահ, առօրեայ ձեր կեանքով: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի հրաւիրուիք տօնական հանդիսութեան մը: Մի՛ մերժէք այս հրաւէրը, որովհետեւ ձեր ասպարէզին համար կարեւոր է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առօրեայէն փախուստ մը տալ կ՛ուզէք, ինչ որ անհրաժեշտ է կազդուրուելու եւ դադար մը տալու յոգնեցուցիչ գործունէութեան: Հանդարտ եղէք:
